Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդը հանդիպում ունեցաւ հայէպահայ միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ

Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդը հանդիպում ունեցաւ հայէպահայ միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ

«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ երէկ յետմիջօրէի ժամը 1:00-ին, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան եւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան հանդիպում ունեցան հալէպահայ կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ ազգային իշխանութեան մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ:

Հանդիպումին ընթացքին սրբազան հայրը պարզեց ներկայ վիճակը` յայտնելով, որ քաղաքը իրենց վերահսկողութեան տակ առած ներկայ ընդդիմադիր ուժերը յայտնած են, որ փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ դրական վերաբերմունք պիտի ցուցաբերեն եւ որեւէ ձեւով պիտի չմիջամտեն համայնքներու ներքին դրուածքին, կեանքին, ընդհակառակը` ազատութիւն պիտի տան անոնց` իրենց կեանքը վարելու, իրենց կրօնական եւ այլ արարողութիւններն ու ձեռնարկները կազմակերպելու, ինչպէս նաեւ իրենց մշակութային իւրայատկութիւնը պահելու:

Ուստի սրբազան հայրը յորդորեց խուճապի չմատնուիլ եւ զուսպ մնալ:

Մակար սրբազան, նկատի ունենալով մեր ժողովուրդի զաւակներուն ներկայ օրերուն դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւնները, ըսաւ, որ Արամ Ա. կաթողիկոսին թելադրութեամբ եւ տնօրինումով հալէպահայ բոլոր ընտանիքներուն նիւթական օժանդակութիւն սկսաւ տրամադրուիլ հանգրուանաբար, գէթ այս շրջանի դժուարութիւններուն յաղթահարման նպաստելու:

Սրբազան հայրը հաստատեց, որ բոլորս ձեռք-ձեռքի տալով, իրար նեցուկ կանգնելով, իրար օգնելով պիտի կարենանք յաղթահարել ներկայ դժուարութիւնները:

Այնուհետեւ խօսք առաւ թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան:

Րէիսեան յայտնեց, որ Ազգային առաջնորդարանը իր կարելիութիւններու առաւելագոյն օգտագործումով պատրաստ է ծառայելու մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն անխտիր: Ան դիտել տուաւ, որ «Գանձասար»-ի եւ Բերիոյ հայոց թեմի դիմատետրի էջերով ժողովուրդին տրամադրուեցան հեռաձայնի թիւեր, որպէսզի օգնութեան կարիք ունեցողները դիմեն մեզի:

«Մեզի համար էականը մեր համայնքի անվտանգութիւնն է, եւ այդ նպատակին համար պատրաստ ենք մեր կարելին չխնայելու», յայտնեց Րէիսեան:

Ապա դիտել տուաւ, որ Հալէպէն դուրս եկած եւ Սուրիոյ այլ նահանգներ հաստատուած հայ ընտանիքներուն գծով Ազգային վարչութիւնը կապ հաստատած է տեղւոյն պատասխանատու մարմիններուն հետ եւ թելադրած օգտակար դառնալ անոնց:

Րէիսեան յորդորեց զսպուածութեամբ հետեւիլ երկրի զարգացումներուն` յայտնելով, որ քաղաքի մէջ տիրող դժուարութիւնները բնականաբար մէկ օրէն միւսը պիտի չլուծուին, ուստի պէտք է համբերել:

Եզրափակելով Րէիսեան ըսաւ. «Մենք մէկ նպատակ ունինք` երաշխաւորել մեր գաղութի անվտանգութիւնը եւ գոյատեւումը: Հալէպը ծանօթ է իբրեւ պատմական գաղութ: Մենք զայն պատմութեան գիրկը պիտի չնետենք: Մենք հո՛ս ենք, կողք-կողքի ու ձեռք-ձեռքի տալով մեր դժուարութիւնները միասնաբար պիտի յաղթահարենք: Համայնքը լուծարելու ոչ մէկ տրամադրութիւն կայ: Կարելի եղած ծառայութիւնները մեր սահմաններուն մէջ պիտի մատուցենք ժողովուրդին եւ թիկունք կանգնինք անոր, իսկ եթէ մեկնիլ փափաքողներ կան` ազատ են իրենց ընտրութեան մէջ»:

Աւարտին ներկաները հարցումներ ուղղեցին առաջնորդ սրբազան հօր եւ Ժիրայր Րէիսեանին:

Share