«Այնտեղ Ըլլալ»-ը («Being There») ծագումով լեհ Ժերզի Քոզինսքիի (1933-1991) մէկ լուրջ – երգիծական նորավէպն է, հրատարակուած 1971-ին, որ քանի մը տարի ետք սպիտակ պաստառ բարձրացաւ իբրեւ եօթներորդ արուեստի գործ մը. բեմադրիչն էր Հոլիվուտի եզակի դէմքերէն՝ Հալ Աշպի(1929-1988)։
Նիւթը ներկայ օրերը հայելող կացութիւն մըն է։ Չափէն աւելի պարզամիտ, կարելի է ըսել՝ մանկամիտ հողամշակ մը անորոշ ժամանակէ ի վեր դարձած է մեծահարուստ «լորտ»-ի մը պարտիզպանը։ Դէպքերու թաւալքը ցոյց կու տայ, որ ան բառին ամբողջական իմաստով աշխարհէն կտրուած կեանք մը ապրած է, մինչեւ այն օրը, երբ գործատէրը կը մեռնի եւ ինք անգործ մնալով՝ փողոց կ’իյնայ եւ արկած մը կ’ունենայ, կը վայելէ իր դարմանումը հոգացող պետական ազդու մարդու մը կնոջ խնամքը: Դիպուկ եւ սուր երգիծանք բուրող դէպքերու բերումով, ան այնքան մը կը տպաւորէ իր շրջապատը, որ մինչեւ իսկ կը նկատուի… Ա․Մ․Ն․-ի նախագահական ընտրութիւններու լուրջ թեկնածու։
Պարզունակ, թերամիտի տպաւորութիւն ձգող հերոսին՝ Չենսի Կարտինըր անունով պարտիզպանին դերը սքանչելի հարազատութեամբ մարմնաւորած է «Փինք Փնթըր» շարքով հռչակ շահած Փիթըր Սելըրզը, իսկ հոգատար կնոջ տիպարը՝ Այլ տաղանդաւոր մը՝ Շիրլի Մաքլէյն։
«Այնտեղ Ըլլալ»-ը հետաքրքրութեամբ կարելի է ըմբոշխնել որեւէ ատեն, կարդալով կամ դիտելով։ Անժամանցելի արժէքներու շարքին է:
«Այնտեղ Ըլլալ»-ը յիշեցինք, հետեւելով Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան երկու թեկնածուներուն՝ Ճօ Պայտընի եւ Տանըլտ Թրամփի պատկերասփռուած բանավէճին: Այո՛, դժբախտաբար ԱՅՆՏԵՂ ԷԻՆ երկու թեկնածուները, սակայն կարծէք թէ այլ աշխարհի մը բնակիչներ էին: Յաւելեալ մատնանշումներ ընելը անտեղի է եւ պիտի ըլլայ մելանի մսխում:
Շատեր ի սկզբանէ որոշած էին չհետեւիլ այս դէմ առ դէմ վիճաբանութեան, ուրիշներ հազիւ քանի մը վայրկեան հետեւեցան եւ անդրադարձան, որ բացայայտօրէն սարքովի հարց-պատասխաններով անհեթեթի թատրոն մը կը ներկայացուի, «ձայն բարբառոյ յանապատի» մը, որուն արդիւնքն ու եզրակացութիւնը անդնդախոր մտահոգութիւններու դուռ կը բանայ։ Սկսելու համար՝ մրցակիցներէն մէկը արժանի՞ է քուէի…
Հակառակ իր դէմ կատարուած ու փաստարկուած՝ բազմաթիւ նիւթաբարոյական ամբաստանութիւններուն եւ աւարտած դատավարութիւններուն, որոնց շարքին՝ յատկապէս 6 Յունուար 2021-ին, «Քեփիթըլ Հիլ»-ի (ամերիկեան ազգային ժողովի շէնքը) վրայ իր համակիրներուն վայրագ ու արիւնալի յարձակումը՝ հանրապետական Թրամփ կը յամառի վերստին ստանձնել Սպիտակ Տան բանալիները, որ չորս տարի առաջ փոխանցուած է դեմոկրատական Պայտընի։ Ըստ բաւականին արդարացի են անոր յիշողութեան մասին կասկածները: Ուրեմն, հարց կը ծագի, թէ ան արդեօք կը յիշէ՞, որ ինք գրեթէ չորս տարի առաջ կրցած էր պարտութեան մատնել իր ներկայ մրցակիցը։ Անցեալ շաբթուան վիճաբանական երեկոն ցոյց տուաւ, թէ նոյնիսկ ան չի յիշեր Ռընէ Տեքարթի մէկ իմաստուն խօսքը՝ «Կը մտածեմ, ուրեմն ես եմ (կամ գոյութիւն ունիմ, հոս եմ)» («I think therefore I am»):
Եւ որպէսզի խեղկատակութիւնը քիչ մը աւելի՛ կատարեալ ըլլայ, Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն դատարանը հրապարակ կու գայ Թրամփի «մասնակի անձեռնմխելիութեան» վարկածով մը, որ կը խայտառակէ ամերիկեան արդարադատութեան էութիւնը: Սա բոլորովին այլ էջ է եւ կը յուշէ, որ այս դատարանին անդամներուն մեծ մասը… Թրամփի համակիր են, այսինքն անաչառ ու արդարամիտ չեն: Իսկ տեղ մը զանգեր կը հնչե՞ն Հայաստանի մէջ…
Ոեւէ իրատես ամերիկացիի, նաեւ ամերիկահայերուս համար դժուար է «կուլ տալ եւ մարսել» այսպիսի ողբերգական իրավիճակ։ Այդ մասին կարելի է երկար խորհրդածել, մեկնաբանել եւ ախտաճանաչումներ կատարել: Սակայն անցնինք մեզի համար աւելի՛ շահեկանին, անդնդախոր մտահոգութիւն պատճառող իրականութիւններու, որոնք կլանած են Հայաստանը:
Անշուշտ ամերիկեան հողի վրայ եղածը կարելի չէ ուղղակի բաղդատել Հայաստանի ներկայ ներքաղաքական իրավիճակին, որ կը յիշեցնէ արուեստի աշխարհէն ուրիշ արտայայտութիւն մը. 70-ականներու անգլիական ռոք երաժշտութեան հռչակաւոր տիտաններէն՝ «Genesis»-ի մէկ հանրածանօթ ալպոմին խորագիրն էր «Selling England by the pound» (իմաստը՝ Անգլիան ծախու հանուած է շատ աժան, մաս առ մաս…): Երեւանի ներկայ իշխանութիւնները ծախու հանած են Հայաստանը, մաս-մաս կը ծախեն, փոխարէնը ոչինչ ստանալով, ու կը յոխորտան, թէ նուաճումներ կ’ընեն, ճիշդ այն տրամաբանութեամբ, որ… Ալիեւինն ու Էրտողանինն է։
Ուիլիըմ Սարոյեանի ակնոցով, կեանքը կատակերգութիւն է, իսկ Անաթոլ Ֆրանսի եւ ուրիշներու աչքին՝ կեանքը ողբերգութիւն է…:
«Being There»-ի աւարտին, համեստ պարտիզպանի դերը ստանձնած Չենսի Կարտնըր/Փիթըր Սելըրզը, որ կը նկատուի նախագահական ընտրութիւններուն լուրջ թեկնածու մը, կը քալէ դէպի լճակ մը, եւ ակնթարթ մը ետք, կարծէք թէ վերածուած է Յիսուսի, որ կը քալէ ջուրին վրայ։ Ինքն ալ կը զարմանայ, երբ իր ձեռքի հովանոցը կը մխրճէ ջուրին մէջ…։ Ան չէ նկատած, թէ ջրամոյն ցանկապատի մը վրայէն կը քալէ․․․։
Այս իրականութիւններուն դիմաց, Ուաշինկթընէն մինչեւ Երեւան՝ տեղին է հարցադրել. ըլլա՞լ այնտեղ: Ներկայ վիճակով՝ ո՛չ, երբե՛ք:
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական