Պաքու հանրային կապերու ընկերութիւն մը կը վարձէ 4,7 միլիոն տոլարով՝ կլիմայի վեհաժողովէն առաջ  Ազրպէյճանի դիմագիծը մաքրելու համար

Պաքու հանրային կապերու ընկերութիւն մը կը վարձէ 4,7 միլիոն տոլարով՝ կլիմայի վեհաժողովէն առաջ Ազրպէյճանի դիմագիծը մաքրելու համար

Յարութ Սասունեան

www.TheCaliforniaCourier.com

Ազրպէյճանի բռնապետական ​​եւ փտած կառավարութիւնը 4,7 միլիոն տոլար կը վճարէ ամերիկեան հանրային կապերու (PR) ընկերութեան մը, որպէսզի բիւրեղացնէ իր արատաւոր դիմագիծը մինչեւ այս նոյեմբերին՝ Պաքուի մէջ կայանալիք ՔՈՓ-29 հեղինակաւոր միջազգային համաժողովը։

Ըստ Նիք Քլեւլենտ Սթաութի, որ ResponsibleStatecraft.org-ին մէջ գրած է՝ «Ինչպէ՛ս Ազրպէյճանը «խաղաղութիւն կը լուայ անոր դիմագիծը COP29-էն առաջ. Պաքուն նոյեմբերին պիտի հիւրընկալէ կլիմայական վեհաժողովը՝ բարձր գումարներով հանրային կապերու ընկերութեան որոշ օգնութեամբ» վերնագիրով յօդուած մը, փետրուարին Ազրպէյճան վարձեց ամերիկեան «Թենէօ սթրաթեժի» հանրութեան հետ կապերու ընկերութիւնը, որպէսզի «պատերազմող նաւթային պետութիւնը նմանի Մայր Թերեզայի»։

Իր չափազանց բարձր վարձատրութիւնը ստանալու համար «Թենէօ»-ն 500 անգամ կապ հաստատած է 88 համաշխարհային լրատուամիջոցներու մէջ գործող 144 լրագրողներու հետ՝ քարոզելու Ազրպէյճանի ՔՈՓ-29 օրակարգը… Ընդամէնը մէկ օրուան ընթացքին այդ ընկերութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի 5 աստղանի պանդոկի մը մէջ ընթրիքի հրաւիրած է երեք լրագրողներ մամլոյ ժողովի մը ընթացքին: Յաջորդ օրն իսկ անոնցմէ մէկը Փաքիստանի մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ գովաբանեց Ազրպէյճանի կողմէ տարածաշրջանին մէջ նոր հաստատուած վերահսկողութիւնը։ Քանի մը շաբաթ ետք ալ նոյն լրագրողը «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարեց՝ նշելով, որ Ազրպէյճան՝ «Բախտաւոր է նախագահ Իլհամ Ալիեւի նման առաջնորդ ունենալուն համար»։

Ազրպէյճանցի պաշտօնեան յայտարարեց, որ իր երկիրը վարձած է «Թենէօ»-ն «ՔՈՓ-29-ի վերաբերող հաղորդակցութեան գործառնութիւն ստեղծելու համար, ներառեալ՝ պատմութեան զարգացումը, սկզբնական բովանդակութեան մշակումը, հաղորդակցութեան եւ ներգրաւուածութեան քարոզարշաւի ծրագրաւորումը, խնդիրներու կառավարումը, կազմակերպչական զարգացումը, լրատուամիջոցներու հետ կապերու հաստատման կարողականութիւնը եւ լրատուամիջոցներու մարզումը»: Նիք Քլեւլենտ Սթաութ կը տեղեկագրէ, որ՝ «Թենէօ»-ի նուազագոյնը հինգ ղեկավարներ Պաքուի մէջ միշտ գետնի վրայ են եւ ցարդ 350.000 տոլար ծախսած են օդանաւային տոմսերուն եւ պանդոկներուն համար»:

Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ անամօթաբար յայտարարեց «ՔՈՓ-29 զինադադար»-ի մասին, որ կը նշանակէ, թէ Ազրպէյճան կոչ կ՛ուղղէ աշխարհի բոլոր պատերազմող կողմերուն՝ նոյեմբերեան համաժողովին ատեն զինադադար հաստատելու։ Նման ստապատիր յայտարարութիւն կը կատարուի երկրէ մը, որուն ղեկավարը բազմիցս Հայաստան ներխուժելու սպառնալիքներ ուղղած է։ Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ Աստուածաշունչի խրատը. «Բժի՛շկ, բժշկէ քու անձդ»:

Նիք Քլեւլենտ Սթաութ կը գրէ. «Ազրպէյճան հռչակաւոր դարձած է նաւթային իր հարստութիւնը օտար պաշտօնեաներու, օրէնսդիրներու եւ լրագրողներու առջեւ ցուցադրելով՝ նուէրներով, անվճար թռիչքներով եւ շքեղ պանդոկներով, որոնք կը կոչուին «խաւիարային դիւանագիտութիւն»: RS-ի (Responsible Statecraft) համաձայն, Հասանելիութեան ազատութեան մասին բանաձեւի պահանջի ծիրին մէջ շրջուն ուղեւորութեամբ մը Մէյն նահանգի օրենսդիրները մայիսին ինն օր անցուցին Ազրպէյճանի մէջ՝ թռիչքներով, սնունդով եւ կացարանով, որոնց ծախսերը հոգաց Ազրպէյճանի Սփիւռքին հետ գործող աշխատանքի պետական ​​կոմիտէն: Միեւնոյն գործակալութիւնն է, որ հիւրընկալած էր (Նիւ Եորքի քաղաքապետ Էրիք) Էտըմզին օգնականները։ Ուղեւորութեան մէկ մասը կը նեռարէր երկօրեայ ուսուցում Լեռնային Ղարաբաղին մէջ՝ «բռնագրաւումէն ազատագրուելէ ետք նոր զարգացման» մասին: «Կը կարծեմ, թէ պէտք է գտնեմ անցագիրս: Շատ խանդավառ եմ,» հրաւէրին ի պատասխան գրած է նահանգի ներկայացուցիչ Ճիլ Տիւսըն։ Յունիսին Ուաշինկթընի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատունը նոյնիսկ վարձեց նախկին պատգամաւոր Քրիս Սթիուըրթը (Ռ-Եութա)՝ Քոնկրեսի պատուիրակութեան Ազրպէյճան այցելութիւնը համակարգելու համար»:

Աւելի՛ն. Նիք Քլեւլենտ Սթաութ կը մատնանշէ, որ Ազրպէյճան վարձած է հանրային  կապերու այլ ընկերութիւն մըն ալ՝ «The Friedlander Group», որ կը վայելէ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հոգածութիւնը, (եւ որ) Ուաշինկթընի մէջ՝ Քոնկրեսէն ներս, յառաջատար է: RS-ի կողմէ ստացուած ելեկտրոնային նամակը ցոյց կու տայ, որ ընկերութիւնը սեպտեմբեր 23-ին նամակ ուղարկած է Քոնկրեսի անդամներուն՝ խնդրելով չստորագրել Քոնկրեսի այն նամակը, որ կոչ կ՛ուղղէ Պաքուին՝ ՔՈՓ-29-էն առաջ ազատ արձակելու հայ բանտարկեալները: Ընկերութեան գործադիր տնօրեն Էզրա Ֆրիտլենտըր Քոնկրեսի անդամներուն գրած է. «Մենք Ազրպէյճանին կը պարտինք՝ գովասանք, ներողութիւն եւ օգնութեան ձեռք»:

Վերադառնալով «Թենէօ» ընկերութեան՝ Նիք Քլեւլենտ Սթաութ կը տեղեկագրէ. «Երբ Ազրպէյճան յուլիսին 300 օտար լրագրողներ տեղափոխեց նոր իր վերահսկողութեան տակ անցած Լեռնային Ղարաբաղ՝ լրատուական համաժողովի համար, «Թենէօ»-ն հանդիպումներ կատարեց եւ կազմակերպեց սուղ ընթրիքներ, որոնց ընթացքին քննարկուեցաւ Ազրպէյճանի մէջ կայանալիք ՔՈՓ-29-ի ղեկավար մարմինին հետ հարցազրոյցներ կատարելու նիւթը»:

RS-ի թղթակիցը կը գրէ, որ՝ «Թենէօ»-ի հետ հանդիպումէն երեք օր ետք հնդկական ազդեցիկ «Տը Հինտու» թերթը հրապարակած է յօդուած մը՝ «Կլիմայի համաժողովը նոյեմբերին՝ ընդգծելու «խաղաղութիւնը» եւ «զինադադարը» խորագիրով: Ընկերութիւնը նաեւ «դիւրութիւններ ընծայեց «Նիւ Եորք Թայմզ»-ին, որուն հրապարակած յօդուածը ներկայացուցած է (Մուխթար) Պապայեւը (ՔՈՓ-ի նախագահ) Ազրպէյճանի մէջ, որ մասամբ հիմնուած էր Լեռնային Ղարաբաղ կատարած այցելութեան վրայ»:

«Թենէօ»-ն 17 հոգիէ բաղկացած խումբի մը յանձնած էր ազրպէյճանամէտ հանրային կապեր ստեղծելու պարտականութիւնը։ Ազրպէյճանի պաշտօնատարները շատ գոհ են այն քարոզչութենէն, զոր այդ ընկերութիւնը կը կատարէ իրենց երկրին համար։ Պապայեւ ազրպէյճանական պատկերասփիւռի ընկերութեան մը ըսաւ, որ՝ «Ազրպէյճանի մասին միջազգային ընկալումները փոխելու կառավարութեան լրատուական ռազմավարութիւնը յաջող պատմութիւն է, ներառեալ անոր «տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումը»՝ նկատի ունենալով անոր յարձակումը Լեռնային Ղարաբաղի վրայ։ Առանց «Թենէօ»-ի անունը նշելու, ան բարձր գնահատեց նոր լրատուական խումբը՝ «բաղկացած լուրջ մասնագէտներէ»… Այս արհեստավարժ խումբին տարած աշխատանքին շնորհիւ՝ այս տարի չկայ շաբաթ մը, որ մենք տեղեկատուութիւն չտրամադրենք եւ յայտարարութիւններ չկատարենք միջազգային լրատուամիջոցներուն… Հիմա բոլորն ալ կը հասկնան եւ կը տեսնեն մեր երկրին հզօրութիւնը»։

Ամէնէն դժբախտ իրականութիւնը այն է, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն է, որ արտօնեց Ազրպէյճանին հիւրընկալել այս համաժողովը՝ Հայաստանի վեթոն վերցնելով՝ 32 հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման դիմաց ազատ արձակելով 2023 թուականին Հայաստանի սահման ներթափանցած եւ անմեղ հայ աշխատաւոր մը սպաննած երկու ազրպէյճանցի մարդասպաններ։

Թէեւ ես կ՛ողջունեմ 32 հայ գերիներու վերադարձը, բայց կը կարծեմ, թէ Փաշինեան պէտք էր սակարկէր Ազրպէյճանի կողմէ Պաքուի մէջ անօրինաբար պահուող բոլոր հայ ռազմագերիներու եւ արցախեան ութ քաղաքական պատանդներու ազատ արձակման համար։ Նախագահ Ալիեւ այնքան տարուած է Ազրպէյճանի մէջ ՄԱԿ-ի հեղինակաւոր համաժողով կայացնելով, որ պիտի համաձայնէր նման համապարփակ գործարքի մը։

Եթէ​​Փաշինեան նման գործարք մը կատարած ըլլար, այսօր աշխարհի հայերն եւ հայութեան նկատմամբ համակրանք ունեցող ոչ հայեր կարիք չէին ունենար այսքան աշխատելու՝ ճնշելու Ազրպէյճանը, որպէսզի մինչեւ նոյեմբերի համաժողովը ազատ արձակէ բոլոր հայ  բանտարկեալները։

Share