Թեհրան կը հաստատէ` Պաքուն պաշտօնական բողոք ներկայացուցած է

Թեհրան կը հաստատէ` Պաքուն պաշտօնական բողոք ներկայացուցած է

Թեհրան հաստատած է ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու այն տեղեկութիւնը, թէ 1 դեկտեմբերին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն հրաւիրուած էր Պաքուի մէջ Իրանի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար սէյիտ Ճաֆարի Աղայէ Մարիանը, որուն պաշտօնական բողոքագիր յանձնուած էր: Այս մասին կը հաղորդէ «Առ.Պի.Սի.»-ն:

Բողոքագիրին պատճառը Ազրպէյճանի եւ այդ երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հասցէին վիրաւորական յայտարարութիւններն էին, որոնք կատարուած էին 29 դեկտեմբեր 2024-ին Արտապիլի մէջ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի ներկայացուցիչ այաթոլլա սէյիտ Հասան Ամելիի մասնակցութեամբ ձեռնարկի ընթացքին: Ձեռնարկը պատկերասփռուած էր Իրանի պատկերասփիւռի կայաններէն մէկէն:

Ազրպէյճանը խիստ բողոք յայտնած է Իրանին միջադէպին դէմ, «նաեւ դժգոհութիւն արտայայտուած է վերջերս Իրանի բնակչութեան մէջ հակաազրպէյճանական տրամադրութիւններու ակնյայտ բորբոքման առնչութեամբ», կը նշուէր հաղորդագրութեան մէջ:

Պաքուն նաեւ դժգոհութիւն յայտնած է, թէ «վերջին շրջանին Իրանի բնակիչներուն մօտ հակաազրպէյճանական տրամադրութիւններ բորբոքուած են»:

Իրանեան կողմը հաստատած է լուրը: Իրանի արտաքին գործոց նախարարի օգնական եւ նախարարութեան եւրասիական ուղղութեան ղեկավար Մոճթապա Տեմիրչիլուն ըսած է. «Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի բողոքը կ՛առնչուէր մեր քաղաքներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած արարողութեան ժամանակ չմտածուած եւ անտեղի յայտարարութիւններուն: Նման յայտարարութիւնները ոչ մէկ հասարակաց բան ունին Իրանի կառավարութեան պաշտօնական դիրքորոշման հետ»:

Share