Պաքու Մեծամօրի հիւլէական կայանի հարցով դիմած է հիւլէական ուժանիւթի վեհաժողովի համանախագահներուն

Պաքու Մեծամօրի հիւլէական կայանի հարցով դիմած է հիւլէական ուժանիւթի վեհաժողովի համանախագահներուն

Ազրպէյճանի քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները Հայաստանի Մեծամօրի հիւլէական կայանի հարցով բաց նամակ ուղարկած են Պրիւքսելի մէջ 21 մարտին սկսած Հիւլէական ուժանիւթի անդրանիկ վեհաժողովի համանախագահներ` Պելճիքայի վարչապետ Ալեքսանտր տէ Քրուային եւ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ընդհանուր տնօրէն Ռաֆայէլ Կրոսիին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Ըստ ազրպէյճանական կողմին, անոնք վեհաժողովի ղեկավարութեան կոչ ուղղած են ուշադրութիւն դարձնելու, ինչպէս իրենք բնորոշած են, «խանգարումի վիճակի մէջ գտնուող հիւլէականէն սպառնացող համաշխարհային վտանգին» եւ Հայաստանի կառավարութեան առջեւ բարձրացնելու հիւլէական կայանի գործունէութիւնը անյապաղ դադրեցնելու հարցը:

«Մեծամօրի հիւլէական կայանը, որ 1976 թուականին կառուցուած է 9,5 պալանոց երկրաշարժային գօտիին մէջ, կ՛աշխատի հին ճարտարագիտութիւններով եւ նախատեսուած է 8 պալի համար: Անիկա հիւլէական մեծ վտանգ կը ներկայացնէ Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ ամբողջ շրջանին համար», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Հայաստան բազմիցս յայտարարած է, որ աշխուժօրէն կը համագործակցի Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետ հիւլէական անվտանգութեան ապահովման հարցին շուրջ` կատարելով իր բոլոր պարտաւորութիւնները: Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 21 մայիսին Հիւլէական ուժանիւթի անդրանիկ վեհաժողովի ընթացքին ատիկա վերահաստատեց` տեղեկացնելով, որ Հայաստանը հիւլէական կայանի շահագործման ժամկէտը 2026-էն մինչեւ 2036 կ՛երկարաձգէ:

Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ընդհանուր տնօրէնը 2022-ի վերջաւորութեան այցելած էր Երեւան: Կրոսսին Փաշինեանի հետ հանդիպումի ընթացքին քննարկած էր հիւլէական կայանի անվտանգութեան մակարդակի բարձրացման ուղղութեամբ աշխատանքները, գոհունակութեամբ խօսած հիւլէական կայանին մէջ բարեփոխումներուն մասին:

Share