Բագրատունի. «Կը շարունակենք մեր պայքարը…»

Բագրատունի. «Կը շարունակենք մեր պայքարը…»

Բագրատունի. «Կը Շարունակենք Մեր Պայքարը, Որ Յանուն Աշխարհի Վրայ Մարդուն Գոյութեան Է Եւ Յանուն Արդարութեան Իրականացման»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի 23 ապրիլին Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակի ոգեկոչման ընթացքին «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին պատասխանելով լրագրողին այն հարցումին, թէ արդեօք Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը բաւարա՞ր է, յայտնեց.

«Ճանաչումը բաւարար չէ: Այսօր Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակի ոգեկոչումը կը կատարենք 6 մայիսի նահատակներուն յուշարձանին առջեւ: Մենք այսօր կ՛ապրինք Կազայէն Լիբանան, Սուրիա, Իրաք եւ երկու տարի առաջ մինչեւ Լեռնային Ղարաբաղ երկարող ցեղասպանութիւններու ժամանակաշրջանին մէջ: Եթէ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան ոճրագործը պատժուած ըլլար, թերեւս այլ ցեղասպանութիւններ չէինք տեսներ:

«Աշխարհի լռութեան առջեւ, երբ ոճիրին նկատմամբ լռութիւնն ու զայն հերքելը անոր մեղսակցութեամբ է, այո՛, կը պահանջենք, որ Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ եւ Լեռնալիբանանի բնակչութեան մէկ երրորդին մահուան պատճառ դարձած սովի հեղինակ Թուրքիան ճանչնայ, ներում հայցէ, սակայն նաեւ փոխհատուցում եւ իրաւունքներու վերականգնում կատարէ:

«Այսօր մենք կը շարունակենք մեր պայքարը, որ յանուն աշխարհի վրայ մարդուն գոյութեան է եւ յանուն արդարութեան իրականացման, որովհետեւ հիմնարար արժէքները մարդն ու արդարութիւնն են, եւ ոչ թէ պետութիւններու շահերը, քարիւղն ու կազը»:

Share