Բագրատունի այցելեց արտաքին գործոց նախարար Պու Հապիպի

Բագրատունի այցելեց արտաքին գործոց նախարար Պու Հապիպի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանային վերջին իրադարձութիւնները, յատկապէս Կազայի պատերազմին լոյսին տակ, Լիբանանի հետ կապուած զանազան պետութեանց կեցուածքները, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութեանց առնչութեամբ հնգեակի աշխատանքները:

Բագրատունի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարին հետ արծարծեց նաեւ յառաջիկայ նոյեմբերին Պաքուի մէջ գումարուելիք ՔՈՓ29 բնապահպանութեան վեհաժողովին Լիբանանի մասնակցութեան հարցը` նշելով, որ միջազգային ընտանիքը փոխանակ ցեղասպանութիւն գործած պետութեան դէմ պատմամիջոցներու դիմելու, զայն կը պատուէ նման համագումարներու ներկայութեամբ:

Share