Ազրպէյճան Կրակ Բացած Է Երասխի Մէջ Կառուցուող Մետաղագործական Գործարանի Ուղղութեամբ

Ազրպէյճան Կրակ Բացած Է Երասխի Մէջ Կառուցուող Մետաղագործական Գործարանի Ուղղութեամբ

Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները 19 յունիսի ժամը 13:25-ին տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքերէ կրակ բացած են Երասխի մէջ օտարերկրեայ ներդրումներու միջոցով կառուցուող մետաղագործական գործարանի ուղղութեամբ:

«Արմէնփրես»-ը այս մասին կը տեղեկանայ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութենէն:

Յիշեցնենք, որ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերը 12 յունիսին եւս կրակ բացած էին գործարանին ուղղութեամբ,  այդ պատճառով ալ վիրաւորուած էին գործարանի շինարարութեան մէջ աշխատող Հնդկաստանի 2 քաղաքացիներ:

Share