Ատրպէյճան «Ղարաբաղեան» Նժոյգ  Մը Նուիրած Է Անգլիոյ Թագուհիին: Յստակ Կաշառք․․․

Ատրպէյճան «Ղարաբաղեան» Նժոյգ Մը Նուիրած Է Անգլիոյ Թագուհիին: Յստակ Կաշառք․․․

Յարութ Սասունեան

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

www.TheCaliforniaCourier.com

Ատրպէյճանի Ձիավարժութեան ընկերակցութեան նախագահ Էլչին Կուլիեւի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 16 Մայիսին Անգլիոյ թագուհիին նուիրած է «ղարաբաղեան հազուագիւտ նժոյգ»՝ «Շոհրաթ» (փառք) անունով, իբրեւ նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ «ընծայ»։

Ատրպէյճան հրաւիրուած էր ելոյթ ունենալու Նորին Մեծութեան գահակալման Փլաթինէ յոբելեանի տօնակատարութիւններուն։ 12-15 Մայիսին, Ուինծըրի թագաւորական ձիերու հանդիսութեան, մասնակցողներու շարքին էին ատրպէյճանական հեծելազօրային ջոկատը եւ սահմանապահ ծառայութեան պարային համոյթը՝ ազգային տարազով, որոնք կատարեցին «Հրոյ երկիր» խորագիրը կրող  յայտագիրը: 2012-էն ի վեր Ատրպէյճան կը մասնակցի այս հանդիսութեան:

96-ամեայ Էլիզապեթ երկրորդ թագուհին, շարժողականութեան  խնդիրներու պատճառով ձեռնափայտը ձեռքին, սպասած է Ուինծըրի ամրոցի բակը, որպէսզի անձամբ ընդունի Ատրպէյճանի «նուէրը»: Միապետը, որ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին սիրած է ձիեր, ըսած  է, որ այդ «շատ սիրալիր, շատ առատաձեռն» վարմունք էր: Վերջերս աճուրդի մը մէջ նման ձի մը ծախուած է 17 հազար տոլարով: Թագուհիին նուիրած են նաեւ ձիերու երկու քանդակներ, զորս պատրաստած էր ատրպէյճանցի քանդակագործ Ֆայիք Հաճիեւ։ Հետաքրքրական է, որ Խորհրդային Միութեան Կոմկուսի առաջին քարտուղար՝ Նիքիթա Խրուշչով, 1956-ին, Մեծն Բրիտանիա կատարած այցի ընթացքին ան եւս Էլիզապեթ  երկրորդ  թագուհիին նուիրած էր «ղարաբաղեան նժոյգ»՝ «Զաման» անունով։

Չթաքցնելով թագուհիին ընծայուած ատրպէյճանական «նուէր»ի քարոզչական արժէքը՝ Ատրպէյճանի պետական սահմանային ծառայութեան մամուլի կեդրոնը, պատմական փաստերու ակնյայտ խեղաթիւրմամբ, բացայայտ յայտարարած է, որ Մեծն Բրիտանիոյ ձիերու հանդէսը «չափազանց կարեւոր բեմ դարձած  է ատրպէյճանական հնագոյն եւ եզակի մշակոյթը ծանուցելու համար»։

Այսուամենայնիւ, ատրպէյճանական քարոզչութիւնը հակառակ արդիւնքի յանգեցաւ, երբ «Գաղտնազերծուած Մեծն Բրիտանիա» կայքի գլխաւոր լրագրող Ֆիլ Միլըր քննադատական խիստ յօդուած մը գրեց՝  «Բարկացնող է, որ  թագուհին  «առատաձեռն»  նուէր  կը ստանայ  բռնապետէն» վերնագրով:  Յօդուածը  կը սկսի այսպէս. «Մինչ  թագուհին  կը  նշէ  Փլաթինէ իր  յոբելեանը,  կը բախի յորդորներու՝ վերադարձնելու այն նժոյգը, որ վերջերս ստացած է բռնապետական վարչակարգէն․ երրորդ  բռնակալութիւնը, որմէ ան այսպիսի նուէր մը ընդունած է»:

Միլըր կը յայտնէ՝ «Հանրապետութիւն խումբը, որ կը փափաքի ջնջել միապետութիւնը եւ զայն փոխարինել ընտրուած պետութեան ղեկավարով, քննադատած է թագուհին՝ «մտերիմ յարաբերութիւններու համար, ուր ան ձիեր կը ստանայ բռնապետութիւններէ»: Հանրապետութիւն խումբի խօսնակ Կրեհըմ Սմիթ ըսած է «Գաղտնազերծուած Մեծն Բրիտանիոյ». «Բրիտանական պետութեան ղեկավարին համար այնքան ալ լաւ բան չէ նման յարաբերութիւններ ունենալ այն մարդոց հետ, որոնք շատ կասկածելի ձեռքբերումներ ունին իրենց պաշտօնին բերումով եւ կը ճնշեն իրենց սեփական ժողովուրդը։ Կը կարծեմ, որ տհաճ բան է այս, բան մը, որ ուրիշ պետութեան մը ղեկավարը ինքնիրեն թոյլ պիտի չտար ընել: Ես կը զարմանամ, որ կառավարութիւնը խորհուրդ չէ տուած անոր՝ մերժելու այսպիսի նուէրներ, բայց կ՛ենթադրեմ, որ պատճառը այն է, ինչով որ ան մեծապէս  գրաւուած  է՝ ձիարշաւը։ Կը կարծեմ՝ լաւագոյն բանը, որ ան կրնար ընել՝ նուէրները վերադարձնելն էր եւ խնդրելը, որ հետագային այլեւս նման բան չառաջարկեն իրեն»:

Միլըր աւելցուցած է. «Ալիեւներու ընտանեկան ցանցը մեծապէս կը մեղադրուի պետական միջոցներու իւրացման եւ Լոնտոնի մէջ աւելի քան 500 միլիոն տոլարի սեփականութիւն ձեռք բերելու մէջ, որոնցմէ մէկը ծախուած է թագուհիին ունեցած կալուածին՝ 82 միլիոն տոլար արժողութեամբ գործարքով»։

Միլըր մեջբերած է վտարանդի ատրպէյճանցի լրագրող Արզու Կէյպուլաեւան. «Նախագահ Իլհամ Ալիեւ  յայտնի է ոչ միայն իր  մենատիրական ղեկավարութեամբ, այլեւ ան յաջողութեամբ կրցած է փճացնել կառավարման ամբողջ համակարգը՝ կամակատարները,  սակաւապետերը (oligarchs) եւ ընտանիքի անդամները տեղաւորելով ղեկավար բարձրագոյն պաշտօններու վրայ»։

2 Յունիսին, Բրիտանական Համագործակցութեան բոլոր չորս երկիրներու՝ Աւստրալիոյ, Գանատայի, Նոր Զելանտայի եւ Միացեալ Թագաւորութեան Հայ Դատի յանձնախումբերը միացեալ յայտարարութիւն տարածած են՝ «Ձերդ մեծութի՛ւն, զգուշացէք ընծաներ բերող բռնապետերէ» վերնագրով: Հայ Դատի յանձնախումբերը ըսած են, որ Ատրպէյճան կը փորձէ

«ճամբայ բանալ՝ մաքրելու  համար  իր սարսափելի հեղինակութիւնը մարդկային իրաւունքներու ոլորտէն ներս»։ Հայ Դատի յանձնախումբերը նուէրը կոչած են «Ատրպէյճանի  մենատիրական  վարչակարգի՝ իր թերութիւնները դրական լոյսի տակ ներկայացնելու լկտի վերջին փորձերէն մէկը»: Միացեալ յայտարարութեան մէջ նաեւ կ՛ընդգծուի, որ «իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններ հետեւողականօրէն բացայայտած են Ատրպէյճանի կողմէ խաւիարային դիւանագիտութեան օգտագործումը՝ կաշառակերային շարք մը գայթակղութիւններու մէջ, ուր պարզուած է, որ անոնք կը վճարեն՝ միջազգային հանրութեան շրջանակի մէջ իրենց երկրի հեղինակութիւնը բարձրացնելու համար»:

Հայ Դատի չորս յանձնախումբերը  յիշեցուցած են, որ «2012ին, նախագահ Ալիեւ դարձած է Կազմակերպուած յանցաւորութեան եւ կաշառակերութեան դէմ պայքարի տարուան մարդ մրցանակի անդրանիկ յաղթողը, որ կը շնորհուի Կազմակերպուած յանցաւորութեան եւ կաշառակերութեան հաղորդման նախագիծի (OCCRP) կողմէ»: Հայ Դատի յանձնախումբերը ահազանգած են թագուհիին, որ «Freedom House-ը Ատրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւունքներու վիճակը ամփոփած է հետեւեալ ձեւով. «Ատրպէյճանի մենատիրական  վարչակարգի բերումով, իշխանութիւնը 2003էն ի վեր կը շարունակէ կեդրոնացած ըլլալ նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ անոր մեծ ընտանիքին ձեռքը»: Կաշառակերութիւնը համատարած բնոյթ կը կրէ, իսկ քաղաքական պաշտօնական ընդդիմութիւնը թուլցած է տարիներու հալածանքներու պատճառով: Վերջին տարիներուն իշխանութիւնները մեծ ճնշում գործադրած են քաղաքացիական ազատութիւններու դէմ՝ չնչին տեղ մը ձգելով ազատ արտայայտուելու կամ աշխուժութեան համար»:

Մեծն Բրիտանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Անեթ Մոսկոֆեան յայտարարած է. «Մենք  կասկած իսկ չունինք, որ նուէրը դիտաւորեալ եւ նպատակաուղղուած գործողութիւն է ատրպէյճանական վարչակարգին կողմէ՝ փառաբանելու իր ռազմական յանցագործութիւնները եւ հոգեբանական վնաս պատճառելու համար հայերուն՝ Համագործակցութեան երկիրներուն, ինչպէս նաեւ Արցախի մէջ՝ իրենց նախնիներուն հայրենիքը, ուր անոնք կանգնած են գոյատեւման վտանգի առաջ եւ ականատես եղած, որ իրենց նախնիներու հայրենիքէն որոշ հատուածներ բռնագրաւուած եւ ցեղային զտման ենթարկուած են, օտար բռնապետութեան կողմէ»:

Գանատայի մէջ, Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Սեւակ Պէլեան աւելցուցած է. «Մենք վստահ ենք, որ վերոնշեալին մասին լիովին տեղեկացուած ըլլալէ ետք Նորին Մեծութիւնը, պէտք է իրաւացիօրէն վերատեսութեան ենթարկէ այս «նուէր»ը ընդունելու հարցը եւ մերժէ Ատրպէյճանի բացայայտ ու ստոր խաւիարային դիւանագիտութիւնը»:

Քիչ հաւանական է, որ թագուհին վերադարձնէ Ատրպէյճանի նուիրած նժոյգը, այնքան ատեն, որ բրիտանական հանրութիւնը ճնշում չէ գործադրած իր կառավարութեան վրայ՝ ըսելով, որ այս «նուէր»ը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ գռեհիկ  կաշառք՝ արդարացնելու համար Ալիեւի վարչակազմին յանցագործութիւնները Ատրպէյճանի, ինչպէս նաեւ Արցախի ու Հայաստանի ժողովուրդներու դէմ:

Հայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Share