Ասատ միամտօրէն կը վստահէր Էրտողանին, մինչեւ որ թիկունքէն դաշունահարուեցաւ

Ասատ միամտօրէն կը վստահէր Էրտողանին, մինչեւ որ թիկունքէն դաշունահարուեցաւ

Յարութ Սասունեան

www.TheCaliforniaCourier.com

Երկար տարիներ, մինչեւ 2011 թուականի սուրիական քաղաքացիական պատերազմը, Սուրիան եւ Թուրքիան կը վայելէին շատ սերտ յարաբերութիւններ: Փոխադարձ այցելութիւններու շարքին նախագահ Պաշշար Ասատ 2004 թուականին պատմական այցելութիւն տուաւ Անգարա՝ ըլլալով Սուրիոյ առաջին նախագահը, որ Թուրքիա կ՛այցելէ։ Այնուհետեւ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան այցելեց Դամասկոս` ստորագրելու ազատ առեւտուրի համաձայնագիրը: 2007 թուականին Էրտողան եւ Ասատ մասնակցեցան Հալէպի միջազգային մարզադաշտի բացման արարողութեան: Առեւտուրը կը ծաղկէր՝ վիզային դրութեան բացակայութեան բերումով: 2008 թուականին Էրտողան կնոջը հետ հիւրընկալեց սուրիացի առաջին զոյգը` թրքական Պոտրում առողջարանային քաղաքին մէջ հանգստանալու համար: 2009 թուականին երկու երկիրները միացեալ զօրավարժութիւններ կատարեցին իրենց ընդհանուր սահմանի երկայնքով: Ինծի ըսին, որ նախագահ Ասատ իր «թուրք դաշնակիցը» գոհացնելու համար, նոյնիսկ արգելած էր Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող գիրքերու վաճառքը Սուրիոյ գրախանութներուն մէջ:

2008 թուականին, մինչ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները բարեկամական էին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս Դամասկոսի մէջ հանդիպում ունեցաւ նախագահ Ասատին հետ: Կաթողիկոսը աւելի ուշ ինծի տեղեկացուց, որ նախագահ Ասատ իրեն ըսած է, թէ հայերը մեծ սխալ կը գործեն` հակաթուրք իրենց կեցուածքներով եւ մնայուն կերպով Հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսելով: Ասատ յայտնած է, որ հայերը պէտք է մոռնան անցեալը եւ լաւ յարաբերութիւններ հաստատեն Թուրքիոյ հետ, զոր Ասատ նկարագրած է իբրեւ հզօր եւ կարեւոր երկիր: Ան դիտել տուած է, որ Հայաստանի տնտեսութիւնը մեծ օգուտ պիտի քաղէ Թուրքիոյ հետ առեւտուրէն:

Իբրեւ ժառանգորդ Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածներու եւ ամբողջ կեանք մը ջատագովը հանդիսացած այդ հաւաքական սպանդի նահատակներուն

արդարութեան համար, ես շատ նեղացայ՝ լսելով նախագահ Ասատի սարսափելի խորհուրդը Արամ Ա. կաթողիկոսին: Այս զրոյցը ի մտի ունենալով, երբ 2009 թուականի յունիսի սկիզբը առիթ ունեցայ այցելելու Դամասկոս, խնդրեցի նախագահ Ասատի հետ մտերմութիւն ունեցող հայ ընկերոջմէ մը` ինծի համար հանդիպում կազմակերպել նախագահին հետ։

Դամասկոս հասնելէս ետք ընկերս հեռաձայնեց նախագահական պալատ` հանդիպումը հաստատելու համար: Նախագահի աշխատակազմի ղեկավարը ընկերոջս ըսաւ, որ առանձին երթայ պալատ` խօսելու այդ հանդիպումին մասին: Մէկ ժամ ետք ընկերս վերադարձաւ պալատէն եւ վհատած ձայնով ըսաւ, որ հանդիպումը պիտի չկայանայ, որովհետեւ աշխատակազմի ղեկավարը «Կուկըլ»-ի մէջ փնտռած է անունս, եւ ի յայտ ելած է,  որ ես հարիւրաւոր քննադատական յօդուածներ գրած եմ Թուրքիոյ հասցէին եւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Ուստի ան ընկերոջս յայտնած է, որ ինծի նման հակաթուրք գաղափարներու տէր մարդու մը հանդիպումը կարելի չէ նախագահ Ասատի հետ՝ նկատի ունենալով Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ բարեկամական յարաբերութիւնները:

Բնականաբար, ես շատ յուսախաբ էի: Նախագահ Ասատի հետ հանդիպում ունենալու դրդապատճառս այն էր, որ անոր ըսէի, թէ ոչ միայն հայերուն տուած իր խորհուրդը սխալ էր, այլ նաեւ ինք անձամբ մեծ սխալ կը գործէր՝ վստահելով նախագահ Էրտողանին: Ես կ՛ուզէի ըսել նախագահ Ասատին, որ հայերը շատ լաւ գիտեն թուրք ղեկավարներուն նենգ բնաւորութիւնը` նկատի ունենալով Հայոց ցեղասպանութիւնը, որմէ տառապած է հայ ժողովուրդը: Կ՛ուզէի նաեւ նախազգուշացնել նախագահ Ասատը, որ պիտի գայ այն օրը, երբ իր «լաւ ընկեր» Էրտողանը պիտի դաւաճանէ իրեն եւ թիկունքէն պիտի դաշունահարէ:

2009 թուականին չէի կրնար գիտնալ, որ երկու տարի ետք Սուրիոյ մէջ մեծ քաղաքացիական պատերազմ ծայր պիտի առնէ՝ Էրտողանի լիակատար աջակցութեամբ: Ես վստահ չէի, որ նոյնիսկ եթէ կարելիութիւն ունենայի հանդիպում ունենալ նախագահ Ասատին հետ եւ զգուշացնէի զայն, ան պիտի լսէր ինծի։ Բայց անկախ այս բոլորէն, ես կ՛ուզէի անոր ըսել իմ մտածածս։

Հետագային լսեցի, որ նախագահ Ասատ իրեն հետ հանդիպում ունեցած այլ հայերու եւս ըսած է, որ անոնք պէտք է բարեկամ ըլլան թուրքերուն եւ Թուրքիոյ հետ: Ասատ մասնաւորաբար քննադատած էր հայերը՝ ապրիլ 24-ին Թուրքիոյ դրօշը այրելնուն համար:

Դամասկոս կատարած իմ այցելութենէս ետք նախագահ Ասատ այցելեց Հայաստան 17-18 յունիս 2009-ին եւ նախագահ Սերժ Սարգսեանին առաջարկեց միջնորդ ըլլալ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ` երկու երկիրներուն հետ Սուրիոյ ունեցած «սերտ յարաբերութիւններու» լոյսին տակ: Այնուամենայնիւ, Ասատ արարողակարգային այցելութիւն չկատարեց Երեւանի մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր, ինչ որ կ՛ընեն բոլոր օտարերկրեայ ղեկավարները` յարգանքի տուրք մատուցելու եւ ծաղկեպսակ զետեղելու համար: Ասիկա այլ օրինակ մըն է նախագահ Ասատի` Թուրքիան չվրդովեցնելու չափազանց զգայունութեան: Ասատ նաեւ բացատրած էր, որ՝ Թուրքիոյ նկատմամբ տածած յարգանքէն մեկնելով, Սուրիան չի կրնար ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Նախորդ շաբաթ նախկին պատգամաւոր եւ 2009 թուականին նախագահ Սարգսեանի մամլոյ քարտուղար Սամուէլ Ֆարմանեան «Դիմատետր»-ի վրայ կատարած գրառումով դիտել տուաւ, որ երբ նախագահ Ասատ ոգեւորուած խօսած է Էրտողանի հետ իր «հոյակապ յարաբերութիւններուն» մասին, նախագահ Սարգսեան պատասխանած է. «Դուք թուրքերը լաւ չէք ճանչնար։ Պիտի գայ օրը, եւ մենք արդիւնքէն պիտի դատենք»: Ասիկա նման է այն ուղերձին, զոր ես կ՛ուզէի Դամասկոսի մէջ փոխանցել նախագահ Ասատին։

Աւելի հետաքրքրական է, որ 2014 թուականի մարտին, Սուրիոյ վրայ Թուրքիոյ կողմէ կազմակերպուած տարիներ շարունակուող յարձակումներէ ետք, երբ Ֆարմանեանի գլխաւորած խորհրդարանական պատուիրակութիւնը Սուրիա կը գտնուէր եւ հանդիպում ունեցաւ նախագահ Ասատին հետ, ան խնդրած էր Ֆարմանեանին՝ նախագահ Սարգսեանին փոխանցել հետեւեալ ուղերձը. «Ես շատ լաւ կը յիշեմ մեր երեւանեան առանձնազրոյցը (նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ)»: Այնուհետեւ Ասատ աւելցուցած էր․ «Նախագահ Սարգսեանը ճիշդ էր. մենք թուրքերը լաւ չէինք ճանչնար»:

2014 թուականին Սուրիա մեկնած խորհրդարանական պատուիրակութեան այլ անդամ մը` Նայիրա Կարապետեանը, հաստատած է նախագահին մասին Ֆարմանեանի հաղորդման ճշգրտութիւնը: Ասատ խոստովանած է, որ սխալած է՝ վստահելով Էրտողանին:

Անշուշտ, 2014-ին շատ ուշ էր նախագահ Ասատի համար գիտակցելու, որ պէտք չէ վստահէր Էրտողանին: Այդ մեծ սխալը անոր վերջնական տապալման հիմնական պատճառներէն մէկն էր:

Share