Նկարահանում՝ երկրորդ անգամ։ Ֆիլմերու նկարահանման ժամանակ յաճախ օգտագործուող այս արտայայտութիւնը անմիջապէս միտքս եկաւ, երբ երկու շաբաթ առաջ մամուլը սկսաւ յամառօրէն շրջանառել դաշնակցական Դաւիթ Իշխանեանի անունը, իբրեւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահի թեկնածու, զոր կը պաշտպանեն Արցախի նախորդ նախագահները։
Եւ՝ բնական է, հետեւեցաւ հարցումը․ ինչո՞ւ։
Արդարեւ, հայկական ժողովրդավարութեան չափանիշներով Արցախի խորհրդարանին մէջ երեք աթոռ գրաւած Դաշնակցութեան ներկայացուցիչին թեկնածութիւնը ինչո՞ւ պէտք է առաջ քաշէին մարդիկ, որոնք անցած տասնամեակներուն երկրի իշխանութեան գագաթ բարձրացած էին։ Հարցո՛ւմ է։
Կայ սակայն նախապատմութիւն, զոր կարելի չէ մտահան ընել. նկարահանում երկրորդ անգամն ալ անոր կը վերաբերի։ Ատրպէյճանէն անկախացող Արցախի Գերագոյն խորհուրդի անդրանիկ նախագահ՝ դարձեալ դաշնակցական Արթուր Մկրտչեանի կարճատեւ՝ մօտ չորս ամսուան պատարագումն էր ատիկա, զոր անցած տասնամեակներու վերիվայրումներու խորապատկերին ժամանակակիցները մոռցած են, իսկ նորերը անտեղեակ։
Այսպէս՝ Ատրպէյճանէն անկախացող Արցախի անդրանիկ Գերագոյն խորհուրդը՝ խորհրդարանի մեծամասնութիւնը Դաշնակցութեան անդամներէն եւ համակիրներէն կազմուած էր։ 1991-ի Դեկտեմբերի 10-ին կայացած հանրաքուէով հայրենի այս թանկ երկրամասն ընտրեց անկախութեան ուղին, հակառակ արդէն մօտեցող պատերազմի արհաւիրքին։ Ամիս մը չանցած՝ 1992-ի Յունուարի սկիզբ, ընտրուեցաւ նորակազմ հանրապետութեան առաջին խորհրդարանի անդրանիկ նախագահը՝ 33-ամեայ գործիչ Արթուր Մկրտչեանը, հակառակ Երեւանի իշխանութիւններու եւ տեղական իր շօշափուկներու կամքին։
Արցախի ազատագրութեան խորանին պատարագուած այս երիտասարդ գործիչը 97 օր միայն վարեց երկրի իշխանութիւնը ալեկոծ ծովուն վրայ։ Եւ… իր տան մէջ հրազէնային փամփուշտով մահացած գտնուեցաւ 1992-ի Ապրիլի 14-ին։ Ողբերգական այս դէպքը, որուն իսկութեան շուրջ՝ ժամանակի ոգիին համահունչ, սպառիչ պատասխան մինչ օրս չկայ՝ դիտաւորեալ սպանութի՞ւն թէ դժբախտ արկած, անհաշիւ են պատճառները, որոնք առաջին վարկածին՝ սպանութեան հաւանականութիւնը կը մեծցնեն։ Սակայն պահը չէ խորանալու այս ողբերգութեան մէջ, զի աւելի քան 30 տարի ետք անհատական ողբերգութիւնը հաւաքականի վերածուած է՝ Արցախ ի՛նք համաշխարհային տեռորի թիրախն է։
Եւ ահա՝ Արցախի մէջ խորհրդարանական մեծամասնութիւն ունեցող քաղաքական ուժը առաջադրեց եւ ընտրեց… դաշնակցական այլ գործիչ մը՝ Դաւիթ Իշխանեանը։ Հետաքրքրական զուգահեռներ կան առաջին եւ վերջին ընտրութիւններուն միջեւ. Արցախ 1992-ի Յունուարին կը դիմէր դէպի անյայտը։ Այսօր նոյնպէս կը դիմագրաւէ անյայտը։ Աւելի քան 31 տարի առաջ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը կուսակից կամ համակիր էր ընտրեալին, այսօր 33 պատգամաւոր ունեցող խորհրդարանին մէջ երեք կուսակից ունի ընտրեալը, սակայն կայ «այլախոհ» մեծամասնութիւն մը, որ զինք յարմար գտաւ ներկայ պայմաններուն մէջ։ Եւ ամենակարեւորը՝ երկու պարագաներուն մէջ ալ ենթակաները՝ Արթուր Մկրտչեան եւ Դաւիթ Իշխանեան գիտակցաբար, բաց աչքերով, կամովին ստանձնեցին ծանր պատասխանատւութիւնը։
Եթէ տարբեր պարագաներու մէջ ըլլայինք, կ’արժէր քննել այս մարդկային տեսակի որակները։ Բայց ունինք մտավախութիւններ, զորս ներկայացնելը առաջնահերթ է։
Բնական է, ինչպէս առաջին անգամ, այնպէս ալ այս վերջինի պարագային, զիրենք առաջնորդողը ԿԵԱՆՔԻ ԳՆՈՎ յանձնառութիւնն է Հայաստանի հանդէպ (Արցախը ո՛չ միայն Հայաստան է, այլեւ՝ ապացուցուած է՝ Հայաստանի ողնաշարը, ինչպէս Սասունը)։ Իսկ դաշնակցական կոփող գաղափարն է՝ «Հայաստան ամէն բանէ վեր» նշանաբանը։ Ի միջի այլոց՝ ամէն քրիստոնեայ չէ որ յանձնառու է Քրիստոսի խաչով Գողգոթայ բարձրանալու…
Արցախ աշխարհը խաչմերուկի առջեւ է, աւելի ճիշդ՝ անդունդի եզրին, ինչպէս երեսունմէկ տարի առաջ։
Ինչ ելք կ’ունենայ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը յարգել տալու պայքարը, ոչ ոք կրնայ նախատեսել։ Առաջինին՝ Արթուր Մկրտչեանի ողբերգութիւնը տիրող եւ դժբախտաբար գոյատեւող՝ իշխանաւորի մոդելին իր չհամապատասխանելն էր։ Իշխանաւոր՝ որ անձնական բարօրութեան եւ աթոռին կրնայ զոհել Հայրենիքի եւ Ազգի ապագան։ Այս զոյգ ժառանգուած արժէքները՝ Հայրենիք եւ Ազգ չսակարկող տեսակը պահանջուած չէ՝ ո՛չ ներքնապէս, ո՛չ ալ արտաքին խաղացողներէ։ Մարդիկ՝ ներսը թէ դուրսը, չեն ուզեր գործ ունենալ գաղափարական մարդու հետ, անկոտրում մարդ՝ որ պատրաստ է գերագոյն զոհաբերութեան, յանուն իր դաւանած գաղափարին։ Դաւիթ Իշխանեան եւս՝ դատելով իր անցած ճանապարհէն, կը պատկանի նոյն տեսակին։ Հետեւաբար, պայմաններու դրական զարգացումը նոյնքան ծանր հետեւանք կրնայ ունենալ, որքան բացասականը։ Օրհասական վիճակի հանգուցալուծումէն ետք, նոյնքան հեշտ է զինք առնուազն պաշտօնանկ ընել ու վերադարձնել զիջուած դիրքեր։ Աստուած մի արասցէ՝ հակառակ պարագային… Հարկ չկայ նկարագրելու, դժուար չէ պատկերացնելը։
Եւ՝ բարեբախտաբար, Հայաստան եւ Հայ ազգը, այսօր պատեհութիւն կը ստանան երեսունմէկ տարի ետք անգամ մը եւս իշխանաւորի ա՛յս մոդելը ճանչնալու, որ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՀԻՄՔԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԿԵՐՏԵԼՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱՐՁՐ ԿԸ ԴԱՍԷ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՊԱՏԵՀԱՊԱՇՏՈՒԹԵՆԷՆ։ Եւ՝ գիտա՛կցաբար։
Գիտա՛կցաբար, Հայրենիքի ազատութեան եւ բարգաւաճման խորանին հերթական անգամ պատարագուելու պատրաստակամութեամբ։ Այլընտրանքը՝ հեշտ է, քամու հոսանքէն քշուիլ։ Դժուարը՝ ոչ միայն դիմագրաւելն է քամու հոսանքը, այլ աշխատիլ՝ այդ հոսանքը ծառայեցնել գերագոյն նպատակին՝ երկրի ու ժողովուրդի փրկութեան, անշրջելի դարձնել պետականութեան կայացումը։
Մեր գնահատումով՝ պաշտօնական Երեւանն անմասն չէ այս կարգադրութենէն, ինչպէս անմասն չէր Արթուր Մկրտչեանի ճակատագրէն։ Բոլոր հնարաւոր տարբերակներուն մէջ սակայն, կայ տարբերակ մը, որուն կ’ուզենք հաւատալ, թէեւ անհաւատալի է։ ՎԵՐՋԻՆ ԵՐԵՍՈՒՆ ԵՒ ԱՒԵԼԻ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒՆ ԵՐԿՐԻ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ ՏՆՕՐԻՆԱԾ «ԽՈՐՈՒՆԿ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ» ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՄՈԶՈՒՄԸ՝ ՈՐ ՊԱՏՄԱԿԱՆՕՐԷՆ ՉԻ՛Ք ՓՐԿՈՒԹԻՒՆ։ ՊԷՏՔ Է ԸՆԹԱՑՔԸ ՓՈԽԵԼ ԵՒ ՀԱԿՈՏՆԵԱՅԻՆ ՅԱՆՁՆԵԼ ՂԵԿԸ։
Կ’ուզենք հաւատալ, որ անհաւատալիօրէն յանգած են այն եզրակացութեան, որ անկախացումէն ասդին իրենց ղեկավարած Հայաստանի ընթացքը անելի առջեւ է, զոր պէտք է ճեղքել։ Դարձեալ, կը նշանակէ, որ պայմանականօրէն «Խորունկ պետութիւն» կոչուածն ընդունած է ԻՐ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՁԱԽՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ։
Եւ, եթէ իրաւ է մեր հաւատքը, կը նշանակէ որ առկայ է նոր դարագլուխ բանալու վճռականութիւն մը եւ կը յուսանք, 180 աստիճանով շրջած է այն տրամադրութիւնները, որոնք երեսունմէկ տարի առաջ, Արթուր Մկրտչեանին ֆիզիքապէս ոչնչացումէն առաջ բարոյապէս սպաննելու մղած էր զիրենք։
Խնդիրը՝ ինչպէս դրաւ Իշխանեան Արցախի խորհրդարանին առջեւ, ՀԱՅԵՑԱԿԱՐԳԱՅԻՆ Է, չի վերաբերիր անհատի կամ անուններու։ ՈՐԱԿԻ՛ կ’առնչուի։ Եւ այդ որակը, հայ իրականութեան մէջ, ոչ միայն անհատական, այլեւ կազմակերպուած եւ աւանդուած, բարեբախտաբար պահպանուած է Դաշնակցութեան մէջ։ Մեր արդի դժբախտութիւնն այն է, որ այս նո՛յն ՀԱԶՈՒԱԳԻՒՏ որակը ոտնակոխուած է, տրորուած, որ ցեխաջուրի մէջ կը թաթախուի ամէն օր։ Այնուամենայնիւ՝ ՊԱՀԱՆՋՈՒԱԾ Է, երբ անելի առջեւ յիշուի անմահ երգը՝ «Երբ չի մնում ելք ու ճար»…
Եւ վերջապէս, մեր սպասումը Դաւիթ Իշխանեանէն իր բարձր պատասխանատւութեան դիրքէն.
ԸԼԼԱԼ ԱՌԱՒԵԼԱԳՈՅՆՍ ՍԿԶԲՈՒՆՔԱՅԻՆ ԵՒ ԱՆԶԻՋՈՂ, ՈՉ ՄԻԱՅՆ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ ՆԵՏՈՂ ԱՐՏԱՔԻՆ ՈՒԺԵՐՈՒ ՀԱՆԴԷՊ, ԱՅԼԵՒ ՆԵՐՊԵՏԱԿԱՆ ՎԵՐԱԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ։ Պարտութիւններու պատճառը ներքին վիճակն է։ Թշնամին միշտ կայ ու կը սպառնայ։ Մինչ պետութեան հզօրացման անվերջանալի ընթացքը կը սանձէ թշնամիին։ Գիտական, արդիւնաբերական, տնտեսական, ռազմական, ընկերային, առողջապահական, քաղաքաշինական, ակադեմական, ժողովրդագրական եւ այլ հզօրութիւններու հանրագումարն է պետութեան հզօրացումը։
Շատ պահանջներ դրինք, կը գիտակցինք, բայց հազար մղոն ճամբան առաջին քայլով կը սկսին։
Վերջապէս՝ պաշտօնական Երեւանէն կը պահանջենք՝ իր իսկ փրկութեան համար, անկեղծ եւ բոլորանուէր աջակցութիւն։ Արցախի մէջ գործի դրուած այս մոդելը, որ յաջողելու մեծ կարելիութիւն ունի, կրնայ փրկել Հայաստանի Հանրապետութիւնն ալ։
Չմոռնանք՝ ԱՐՑԱԽ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԵՆՍՈՒՆԱԿ ՈՂՆԱՇԱՐՆ Է, ԶՈՐ ՊԷՏՔ Է ԱՄՈՒՐ ՊԱՀԵԼ։
«Յուսաբեր»ի ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ
9 Օգոստոս 2023