«Հայութեան համար Արցախը մահու եւ կենաց խնդիր է». ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

«Հայութեան համար Արցախը մահու եւ կենաց խնդիր է». ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

«Հայութեան համար Արցախը մահու եւ կենաց խնդիր է: Այսօր աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է այդ համահայկական օրակարգ կազմել եւ իսկական համախոհութիւն ստեղծել, որպէսզի զարգանայ հայրենիքի իսկական փրկութեան շարժումը»:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

ՀՅԴ «Ս. Թէհլիրեան» կոմիտէութեան կազմակերպութեամբ, կիրակի, 8 օգոստոս 2022-ին, կէսօրուան ժամը 1:00-ին Թորոնթոյի «հայ Կեդրոն»-ին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայրենիքը՝ Այսօր» հրապարակային հանրահաւաքը, ուր զեկուցեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկ. Յակոբ ՏԷր Խաչատուրեանը:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Տաթեւ Պէպէճեանը, որ ամփոփ կէտերով ներկացացուց հանրահաւաքին նպատակը, ապա հրաւիրեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, որ իր խօսքի ուղղէ:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը ողջունելէ ետք ներկաները, մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեան հրաւիրեց յարգելու համար վերջին օրերու հերոս նահատակներուն, ինչպէս նաեւ Արցախեան բոլոր պատերազմներու զոհուածներուն յիշատակը:
Ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան իր խօսքին սկիզբը ակնարկելով տիրող դժուար կացութեան, ըսաւ, որ չենք կրնար յուսահատիլ, որովհետեւ որպէս Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն մեր պարտականութիւնն է մեր ընկերներուն, համակիրներուն եւ երիտասարդներուն հետ միասին գտնել լուծումներ, գտնել կացութիւնները յեղաշրջելու եւ մեր ժողովուրդին յոյս ներշնչելու հիմնական աղբիւրներ:

Ան նշեց, որ այս օրերուն Արցախ նոր ճնշումներու տակ է, ուր յստակ ժողովրդային ակնկալութիւններ կան, թէ՛ ՀՅԴ-էն, թէ՛ առհասարակ հայ աշխարհէն իր սփիւռքով ու հայրենիքով, որ Արցախը չմեկուսանայ, ապա ըսաւ «Մեր ամբողջ կարողականութիւնը դրած ենք ու պիտի շարունակենք դնել ի սպաս Արցախի դատին. միջազգային մակարդակի վրայ քաղաքական յարաբերութիւններն են, տեղւոյն վրայ ընկերատնտեսական խնդիրներու լուծումներն են, բնակավայրերու շինութիւնն է, աքսորեալ ժողովուրդի մէկ հատուածի հողին կառչելու համար տարուելիք աշխատանքներն են, գլխաւորաբար հայութեան միութեան ճամբով հիմնական ծրագիրներու որդեգրումն է եւ մանաւանդ մեր պայքարն է մեր թշնամիներուն դէմ՝ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանիշ որոնք գրկախառնուած արդէն իսկ անցած են գրոհի ու Հայաստանի եւ Արցախի տկար վիճակը օգտագործելուվ կը միտին կորզել առաւելագոյն զիջումներ»:

Ընկ. Յակոբ ՏԷր խաչատուրեան անդրադարձաւ ճնշումներու նորագոյն երեսին, որ կը վերաբերի Լաջինի միջանցքին՝ Բերձորի եւ Աղաւնոյի շրջանին եւ ըսաւ. «Մեզի համար անընդունելի երեւոյթ է, որ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները, եւ թէ՛ Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները հարկ եղած բծախնդրութիւնը եւ ընդիմութիւնը ցոյց չտուին, հակառակ անոր որ մեզի ալ խոստոմ տրուած էր մանաւանդ Արցախի իշխանութիւններուն կողմէ, որ Լաչինի նոր ճանապարհը, անցքը, որ կը կառուցուի, անպայմանօրէն նկատի պիտի ունենայ այդ միջանցքին մէջ եւ չորս կողմը ապրող հայութեան ճակատագիրը»:

Բիւրոյի ներկայացուցչը շեշտեց, որ հիմնական առաջնահերթութիւնը անվտանգութեան խնդիրներն են: Առանց Արցախի չկայ Հայաստան, Արցախը Հայ դատի հասկացողութեան առաջին կարեւորագոյն հանգրուանն է, հետեւաբար ամէն տեսակի պայքար պէտք է մղել, որպէսզի Արցախի ժողովուրդը ամուր կառչած մնայ իր հողին, Արցախը ծաղկի եւ գոյատեւէ հասնելու համար հայութեան հիմնական նպատակին, որն է միաւորուիլ մայր հայրենիքին հետ: «Այս առումով ալ չափազանց կարեւոր է, որ Արցախ զգայ, որ ինք մասնիկն է համայն հայութեան, չզգայ անտեսուած եւ ասոր համար ալ մեր ֆիզիքական ներկայութիւնը, մեր հոգածութիւնը Արցախի նկատմամբ պէտք է դրսեւորենք ամէն օր թէ՛ քաղաքական, թէ՛ անվտանգութեան եւ թէ՛ մեր յարարբերութիւններու առումով Իրանի Հանրապետութեան հետ, Ռուսիոյ հետ, տարածաշրջանի այլ ուժերու հետ, միջազգային ուժերու հետ, որպէսզի ըստ այնմ նշուի, որ հայութեան համար Արցախը մահու եւ կենաց խնդիր է»:

Ընկ. Յակոբ ՏԷր Խաչատուրեան ընդհանուր պատկեր մը տուաւ վերջին տասնամեակին հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական իրադարձութիւններուն, արեւմուտքի դիրքորշման, Ռուսիոյ քաղաքական շահերուն, Հայ ռուսական յարաբերութիւններու վատթարացման, հայ իրանական իսկական յարաբերութեան գրեթէ չգոյութեան եւ մանաւնադ Թուրքիա-Ազրպէյճան ամբողջական մերձեցման համաշխարհային շահերէն թելադրուած, ապա ըսաւ. «Համաշխարհային այս կացութեան մէջ լրջօրէն այս բոլոր մտահոգութիւնները օրին փոխանցեցինք իշխանութեան, որ պէտք է ամէն ինչ ընէր խուսափելու համար 44-օրեայ պատերազէն, բայց ոչ թէ չըրաւ, այլ աւելի հրահրեց պատերազմի յայտարարութիւններ կատարելով: Այսօր հետաքրքրականօրէն Թուրքիա եւ Ազրպէյճան կը գանգատին հայ սփիւռքէն: Մեր թշնամիները աւելի ճիշդ գնահատական կու տան սփիւռքին քան մեր հայրենի իշխանութիւները: Հայաստանի իշխանութիւններուն համար ամէնէն մեծ զէնքը պէտք է հանդիսանայ սփիւռքը, բայց անոնք ամէն բան մէկդի դրած սրնթաց կ’երթան խաղաղութեան կեղծ օրակարգին»:

Ինչ կը վերաբերի Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն, իր զեկույցին մէջ ընկ. Յակոբ ըսաւ. «Պիտի գայ օր, երբ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները պիտի բնականոնացուին, բայց յարարբերութիւններու բնականոնացում չի նշանակեր հաշտեցում: Հաշտեցումը կու գայ միայն այն ժամանակ, երբ Թուրքիան առերեսուի իր պատմութեան հետ, ընդունի ցեղասպանութեան իր պատասխանատուութիւնը եւ կատարէ հատուցում: Հայաստան տակաւին պատրաստ չէ. իր կազմաքանդ բանակով, իր տնտեսական խոցելիութեամբ, Թուրքիոյ ունեցած հսկայական առաւելութիւններով Հայաստանը կրնայ փճանալ, հետեւաբար նախ պէտք է նախապատրաստական եւ օրէնսդրական միջոցներու դիմել ու համապատասխան ծրագիրներ մշակել»:

Իր զեկոյցի ընթացքին Բիւրոյի ներկայացուցիչը ըսաւ .«Մենք համոզուած ենք, որ չկայ ելք բացի այս իշխանութեան հեռացումէն, սակայն մենք չենք պայքարիր, որ իշխանութիւնը հեռանայ եւ մենք զինք փոխարինենք: Մենք կ’առաջարկենք, որ կազմուի համաձայնական կառավարութիւն մը բաղկացած բոլոր ուժերէն, բոլոր հոսանքներէն, լաւագոյն մասնագէտներէն, լաւագոյն ազգային գաղափարախօսու
թեան հիմք ունեցող անհատներէն, որպէսզի առաջնորդեն հայերնիքի փրկութեան շարժումը: ճգնաժամը իսկական է, ծանր հետեւաքները մեր առջեւն է, մեր առջեւն է սահմանազտման եւ սահմանագծման խնդիրը, ոորւն միջոցով Ազրպէյճան կը պահանջէ հողային ամբողջականութեան հասմատատում, իսկ հայկական կողմը տակաւին ոչ մէկ ձեւ ներկայացուցած է իր պատկերացումը, թէ իրաւական ինչ հիմքերով Արցախի կարգավիճակը եւ Արցախի ապագան պիտի անջատուի Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան ճանաչման խնդիրէն»:

Ընկ. Յակոբ նշեց, որ այսօր Հայաստանի իշխանութիւնները փոխանակ կեդրոնանալու սահմանազտման ու սահմանագծման խնդիրին վրայ, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն եւ Հայաստանի տնտեսական վիճակին վրայ, անոնք կը փնտռեն ներքին թշնամիներ, ասոր համար ալ թափ առած է հակադաշնակցական նոր պայքար Հայաստանի մէջ, իսկ սփիւռքը պառակտելու յատուկ քաղաքականութիւն, ապա ըսաւ. «Հիմնական հարցը իսկապէս համախոհութիւն ստեղծելն է, վստահութեան վերականգնումն է, մեր ժողովուրդի ուժերը համախմբելն է. ինչպէս կը համախմբես ժողովուրդդ եւ դուն Հայ դատի քու մարտիկներուդ մէկ մասին կ՚արգիլես հայրենիք մտնել, որովհետեւ ընդդիմացած են սփիւռքի մէջ: Ընդդիմութիւնը ժողովրդավարութեան հիմնական կռուաններէն մէկն է»:

Ընկ. Յակոբ իր խօսքի աւարտին նշեց, որ բոլոր հայորդիները ամէն գնով աշխատին հայ բանակը հզօրացնել: Յատուկ ծրագիրներ մշակուի, որ ամրապնդուին սահմանային գիւղերը: Ամէն գնով աշխատիլ Արցախը մէկուսացումէ դուրս բերել: Քաղաքականապէս, նիւթապէս եւ բարոյապէս Արցախի կողքին կանգնիլ, որպէս համահայկական հիմնական առանցք եւ Հայ դատի առաջին հանգրուան: Ապա եզրափակեց խօսքը ըսելով. «Պէտք է զարկ տանք հայրենիքի մէջ փրկութեան շարժման: Համահայկական բոլոր կառոյցները, կաթողիկոսութիւնները, բարեգործական միութիւնը եւ ազգային քաղաքական բոլոր կուսակցութիւնները պէտք է հասկնան, որ պատմական պահեր կան, որ պէտք չէ փախցնել, պատմական պահեր կան, որ պէտք է բռնել ստեղծելու համար միասնակամութիւն ազգային գաղափարախօսութեան ամուր հիմքի վրայ, անկախ բոլոր տեսակի տարբերութիւններէն, որովհետեւ երբ էականին մէջ համաձայն ենք, անպայման կը գտնուին համահայկական լուծումներ: Այսօր աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է այդ համահայկական օրակարգեր կազմել եւ իսկական համախոհութիւն ստեղծել, որպէսզի զարգանայ հայրենիքի իսկական փրկութեան շարժումը»:

«Հայ Կեդրոն»-ի սրահին մուտքին տեղադրուած էր նաեւ «Տէր եմ հայրենիքիս» խորագիրը կրող հսկայ պաստառը, որուն վրայ ներկաները իերնց ստորագրութիւններով հաստատեցին իրենց զօրակցութիւնը Հայաստանի ընդիմութեան շարժման: Պէտք է նշել, որ պաստառի ստորահաւաքին մեկնարկը տրուած էր Թորոնթոյի ամառնային փառատօնին, ուր հազարաւոր հայորդիներ իրենց ստորագրութիւններով հաստատեցին, որ իրենք տէր պիտի կանգնին հայրենիքին:

Սիլվի Աբելեան

Horizon-Weekly

Share