Հայ Օգնութեան Միութիւնը անգամ մը եւս մասնակցեցաւ նախաձեռնութիւններու, որոնք տեղի ունեցան կազմակերպութեամբ ՄԱԿի Կանանց Կարգավիճակի Յանձնաժողովին / Պէյճինկ 30+, ՄԱԿի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ, (Մարտ 10-21, 2025):
ՀՕՄի պատուիրակութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ Կանանց Իրավիճակի Յանձնաժողովի 69րդ խորհրդաժողովին բացման հանդիսութեան, ուր առիթը ունեցաւ հանդիպելու Լիբանանի Հանրապետութեան առաջին տիկին Նաամաթ Աունի հետ: ՀՕՄը իբրեւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւն, 1976-էն ի վեր գործունեայ աշխատանք կը տանի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մէջ: Իսկ 1998-էն ի վեր, կ՛անդամակցի որպէս գրանցուած խորհրդատու անդամ ՄԱԿ-ի Տնտեսական եւ Ընկերային Յանձնաժողովին (ECOSOC):
Կանանց Կարգավիճակի Յանձնաժողովի 69րդ նիստերու մասնակից ՀՕՄի անդամները` Նիւ Եորքէն, Նիւ ճըրզիէն, Լոս Անճելըսէն, Ուաշինկթըն Տի.Սի-էն եւ Գանատայէն ներկայ գտնուեցան Թաունհոլի տարեկան հանդիպման՝ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի հետ, ինչպէս նաեւ ՄԱԿի անդամ պետութիւններու ու բաժանմունքներու կողմէ կազմակերպուած նիստերուն եւ իրենց ներդրումը ունեցան անոնց յաջորդող հարցպատասխանի քննարկումներուն:
Մարտ 12, 2025ին, Հայ Օգնութեան Միութիւնը, համագործակցաբար Հայկական Իրաւական Կեդրոնին, կազմակերպեց նիստ մը՝ ՄԱԿի Կիներու Կարգավիճակի Յանձնաժողովին/ Պէյճինկ 30+ գումարման օրերուն, «Տոկունութիւն եւ Ապաքինում. Կիներու Դերը Տագնապներու Գօտիներուն եւ Առողջութեան Պաշտպանութեան մէջ» խորագրով՝ ՄԱԿի Եկեղեցւոյ կեդրոնին մէջ, որ Նիւ Եորք կը գտնուի։
ՀՕՄի նիստին բացման խօսքը ներկայացուց ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Արուսեակ Մելքոնեան։ Ապա Թերեզա Երիմեան ներկայացուց «Տագնապներու Գօտիներու մէջ Կիներու Դերակատարութեան մասին» խորագրով զեկոյց մը, որուն յաջորդեց դոկտ. Գէորգ Յակոբճեանի զեկոյցը։ Ան անդրադարձաւ տագնապներու գօտիներուն մէջ կիներու պաշտպանութեան կոչուած օրինական քայլերու ամրապնդման կարեւորութեան։ Ապա դոկտ. Լորգի Լիպարիտեան առցանց միացաւ Հայաստանէն եւ խօսեցաւ տագնապներ դիմագրաւող կիներու առողջութեան պաշտպանութեան մասին։ Վերջապէս դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեան ներկաներուն հետ բաժնեկցեցաւ պատմութիւններ եւ դրուագներ, որոնք լուսարձակի տակ առին Հայաստանի, Արցախի, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Երուսաղէմի մէջ ՀՕՄի նախաձեռնութիւնները։ Ան նաեւ կատարեց նիստի համակարգողի պարտականութիւնը։
ՀՕՄի եւ Հայկական Իրաւական Կեդրոնին նախաձեռնած նիստին աւարտին կատարուեցաւ հարց ու պատասխանի բաւական աշխոյժ բաժինը, որուն մասնակցեցան անդամ պետութիւններու մեծ թիւով ներկայացուցիչներ, ՄԱԿի գործակալութիւններու, ոչ կառավարական տարբեր կազմակերպութիւններու եւ ՀՕՄի անդամներ։ Նիստը ուղղակի սփռուեցաւ ՀՕՄի հաղորդակցութեան եւ ընկերային ցանցերու միջոցով, որուն արձանագրութիւնը կարելի է տեսնել ՀՕՄի Դիմատետրի եւ Ինստակրամեան էջերու վրայ:
Այս հանդիպումը կը նպատակադրէր միացնել անձեր, որոնք հետաքրքրուած են տագնապներու գօտիներու մէջ ապրող կիներու ուժ եւ թիկունք կանգնելու աշխատանքով եւ պաշտպանելու անոնց առողջութիւնը՝ տարբեր յայտագիրներու եւ ծրագրերու միջոցով, որոնք կ՛օժանդակեն անոնց վերականգնման ճիգերուն։
Հայ Օգնութեան Միութիւնը հպարտ մասնակից եւ անդամն է ՄԱԿի Կանանց յանձնաժողովին եւ պիտի շարունակէ իր ճիգերը՝ հզօրացնելու համար կիները Հայաստանի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ։