Հայ Օգնութեան Միութեան կոչը՝ Հալէպահայութեան

Հայ Օգնութեան Միութեան կոչը՝ Հալէպահայութեան

Հալէպի վերջին իրադարձութիւններուն լոյսին տակ, Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ Հալէպահայութեան՝ զգօնութեան եւ աչալրջութեան կոչ ուղղելով եւ յուսալով որ այս տագնապը կարելի պիտի ըլլայ շրջանցել հաւաքական ճիգով։

ՀՕՄի մեծ ընտանիքին անունով պատրաստակամութիւն կը յայտնենք թեւ եւ թիկունք կխնգնելու Հալէպահայութեան՝ քաջ հաւատալով,որ ամբողջ հայութիւնը նոյն պատրաստակամութիւնը պիտի ցուցաբերէ՝ օժանդակելու համար հալէպահայ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն։

ՀՕՄի Սիրտը կը տրոփէ Հալէպահայութեան հետ։

Նուիրատութիւններու համար կը խնդրուի այցելել ՀՕՄի կայքէջը: www.ars1910.org/sar


Հայ Օգնութեան Միութիւնը հիմնուած է 1910-ին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ։ Ան ինքնավար, ոչ-կառավարական եւ ոչ-յարանուանական մարդասիրական կազմակերպութիւն մըն է, որ կը ծառայէ հոգալու հայ ժողովուրդին մարդկային կարիքները եւ կը ձգտի պահպանել հայ ազգին մշակութային ինքնուրոյնութիւնը։

Share