ՀՕՄ–ի Արցախի մեկուսի մասնաճիւղին նախաձեռնած բանակում–ճամբարը կայացաւ «Արցախն իմ հոգում» խորագիրով

ՀՕՄ–ի Արցախի մեկուսի մասնաճիւղին նախաձեռնած բանակում–ճամբարը կայացաւ «Արցախն իմ հոգում» խորագիրով

25-30 օգոստոսին, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական  վարչութեան հովանաւորութեամբ, Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան» բանակավայրին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Արցախի մեկուսի մասնաճիւղին եւ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան միասնական ճիգերով նախաձեռնուած բանակում-ճամբարը` «Արցախն իմ հոգում» խորագիրով, որուն մասնակցեցան 12-16 տարեկան մօտաւորապէս 90 պատանիներ:

Օգոստոս 27-ին մեր շատ սիրելի արցախցի պատանիներուն այցելեցին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Զոյա Քոչարեանը, ինչպէս նաեւ ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերուհիները` ատենապետուհի Մարօ Քէշիշեանի գլխաւորութեամբ:

Իր ողջոյնի եւ լաւատեսական խօսքը յղեց մասնակիցներուն Արցախի թեմի առաջնորդ` Վրթանէս եպս. Աբրահամեանը: Նշենք, որ հանդիպման ներկայ գտնուեցան նաեւ` Արցախի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Վահրամ Բալայեանը, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ, Արցախի թեմական խորհուրդի ատենապետ Լեռնիկ Յովհաննիսեանը, ինչպէս նաեւ` տեղի հոգեւորականներէն:

Դասախօսութիւն-զրոյցով հանդէս եկաւ ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Մարօ Քէշիշեան: Ան պատանիներուն ներկայացուց ՀՕՄ-ի պատմութիւնը` ներկայացնելով կազմակերպութեան  գաղափարական առանցքը: Յորդորեց զինուիլ համբերութեամբ, ըլլալ միասնական, լեցուիլ ուժով եւ  հաւատքով, պայքարի շունչը երբեք չկորսնցնել, վստահ ըլլալ, որ անպայման վերադարձ հայրենի Արցախ պիտի կրկնուի:

Բանակումի պաշտօնական փակման ներկայ գտնուեցան` ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մհեր Աւետիսեանը, ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամները, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Զոյա Քոչարեանը, ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան անդամ, ՀՕՄ-ի Արցախի Մեկուսի մասնաճիւղի ատենապետ Մելանիա Բալայեանը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շերնէզեանը եւ ծնողներ:

Փակման արարողութեան ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մհեր Աւետիսեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄ-ին` համագործակցելու, ազգային ձեռնարկներ նախաձեռնելու եւ կազմակերպելուն համար, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան` գաղափարական եւ կազմակերպչական կեցուածք դրսեւորելուն համար, իսկ պատանիներուն` աշխուժ մասնակցութեան համար, նշելով, որ ՀՅԴ Արցախի կառոյցը  մնայուն պատրաստ է աջակցելու նմանատիպ ծրագիրներու:

Պարոյր վրդ. Շերնէզեան իր խօսքը սկսաւ աղօթքով եւ օրհնանքով, ապա նշեց, որ ՀՕՄ-ի կազմակերպած այս բանակումին նպատակը պարզապէս պատանիները համախմբելը չէր, այլ` անոնց նուիրել այն արժէքներն ու շնորհը, որով ՀՕՄ-ի կառոյցը արդէն երկար տարիներէ ի վեր կը ծառայէ մեր ազգին ու եկեղեցիին:

«Յոյսով եմ` այն, ինչ որ այս բանակումին սորվեցաք, ձեր սրտերուն մէջ պիտի պահէք եւ ի վերջոյ փոխադարձէք մեր ազգին», նշեց ան:

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Զոյա Քոչարեան պատանիներուն մաղթեց, որ մնայուն Մաշտոցէն, Նարեկացիէն մասունք ունենան իրենց հոգիին մէջ, Արցախի հերոսներուն ազատատենչ ոգին եւ ուժը ունենան, որպէսզի կարենան ճիշդ ապրիլ եւ իրենց հոգիին մէջ պահեն այն մեծ հաւատքը, որ պիտի վերադառնան Արցախ:

«Արցախը մերն է եւ մերն ալ պիտի ըլլայ, Արցախը հայախօս եւ հայաշունչ պիտի ըլլայ», ըսաւ Զ. Քոչարեան:

ՀՕՄ-ի Արցախի մեկուսի մասնաճիւղի ատենապետ Մելանիա Բալայեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան` բանակումը կեանքի կոչելուն օժանդակելուն եւ միշտ Արցախի ու Արցախի ժողովուրդի կողքին ըլլալու, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան` համագործակցելուն համար: Անդրադառնալով բանակումին «Արցախը իմ հոգում» խորագրին` ան նշեց.

«Արցախը ես ձեր աչքերուն ու ձեր մէջ կը տեսնեմ, դուք էք Արցախը, եւ ուրեմն Արցախը կայ, Արցախը մերն է եւ մերն ալ ըլլալու է: Ապրեցէ՛ք եւ մնայուն հաւատարիմ մնացէք մեր ազգային, վեհ արժէքներուն: Ձեր մէջ պիտի ապրի Արցախը, եւ ձեզմով պիտի ապրի Արցախը»:

ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը բանակումի փակման եկաւ մասնակից պատանիներուն համար նուէրներ բերելով: Սեպտեմբեր 1-ին ընդառաջ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան եւ ՀՅԴ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի երիտասարդական միութիւններուն կողմէ բանակումի մասնակիցներուն բաժանուեցան գրենական պիտոյքներ եւ դպրոցական պայուսակներ:

ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վահագն Խաչատրեան շեշտեց այսպիսի բանակումներու կայացումը, որովհետեւ Արցախի կորուստէն ետք մեր միասնականութիւնը այս ձեւով կ՛արտայայտենք:

Վ. Խաչատրեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄ-ին` համագործակցութեան համար, նշելով որ ՀՕՄ-ի եւ Արցախի երիտասարդական միութեան համագործակցութիւնը առաջին անգամ չէ, եւ յուսաց, որ յառաջիկային այդ համագործակցութիւնն ա՛լ աւելի կը խորանայ:

«ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան անունով կը շնորհաւորեմ բոլոր դպրոցականները` նոր ուսումնական տարուան առիթով, մաղթելով, որ այս նոր ուսումնական տարուան ընթացքին ձեռք բերեն շատ գիտելիքներ եւ զանոնք ծառայեցնեն հայ ազգին», նշեց Վ. Խաչատրեան:

Ձեռնարկին պատանիները իրենց սորված երգերը, պարերն ու կանչերը ներկայացուցին հիւրերուն, որմէ ետք տեղի ունեցաւ խարուկահանդէս, որուն ընթացքին հայրենասիրական երգերու կատարումներով ելոյթ ունեցաւ երգչուհի Շուշան Պետրոսեան:

Share