Յարութ Սասունեան
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անցեալ շաբաթ շարունակած է պաշտպանել իր զիջողական քաղաքականութիւնը Ատրպէյճանի հանդէպ՝ համարելով, որ հայերը կը նախընտրեն վայելել իրենց կեանքը, քան յաւերժական պայքար մղել:
23 Յունիսին դիմելով իր «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ղեկավարներուն՝ Փաշինեան հռետորական հարցում ուղղած է. «Կրնա՞նք պետութիւնը ընկալել իբրեւ հոս ապրող մարդոց բարեկեցութիւնը եւ երջանկութիւնը կարելի դարձնելու միջոց եւ ոչ թէ ռազմական խարիսխ, յառաջապահ կէտ յաւերժական պայքարի մը համար․․․ Հայաստանի Հանրապետութիւնը յաւերժական պայքարի գործի՞ք է, թէ՞ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ապրելու գործիք է»։
Ասիկա այն վարդագոյն խոստումն է, զոր Փաշինեան տուած է ժողովուրդին՝ 2018ին, իշխանութեան գալու համար: Ան խաբած է հայ հասարակութիւնը՝ խոստանալով բերել խաղաղութիւն եւ աւելի բարձր եկամուտ: Հիմա մենք կը տեսնենք, որ մահէն ու տառապանքէն բացի, ան ոչինչ բերած է ազգին՝ զոհաբերելով հազարաւոր զինուորներ, Արցախի ամբողջ տարածքը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան որոշ հատուածներ։ Հակասելով նախկին վարչակարգերուն ուղղած իր իսկ քննադատութիւններուն՝ պետական պարտքը աւելցուցած ըլլալնուն համար, ան աւելի քան կրկնապատկեց զայն՝ միլիառաւոր տոլարներու պարտք վերցնելով միջազգային ֆինանսական կառոյցներէ՝ այդպիսով հսկայական բեռ դնելով ապագայ հայ սերունդներու ուսերուն։
Փաշինեանի միակ ձեռքբերումը սեփական ընտանիքին համար շքեղ կեանք ստեղծելն է՝ ապրելով կառավարական առանձնատուն, պտտելով սուղ ինքնարշարժներով, թռչելով կառավարական շքեղ օդանաւով ամբողջ աշխարհով մէկ եւ մնալով տարբեր մայրաքաղաքներու հինգ աստղանի պանդոկներուն մէջ: Ի հակադրութիւն, վեց տարի առաջ ան հեծանիւով կ՛երթար գրասենեակ։
23 Յունիսի իր ելոյթին մէջ, Փաշինեան յօրինեց գոյութիւն չունեցող երկու «մարտահրաւէրներ եւ սպառնալիքներ», զորս, ենթադրաբար, կը դիմագրաւէ հայ ժողովուրդը: Ան ըսաւ.
1) «Կան մեծ երկիրներ, միջազգային մեծ խաղցողներ, որոնք կ՛ըսեն․ «․..Դուն չէ՞ որ ապրող ժողովուրդ չես, դուն տառապո՛ղ ժողովուրդ ես, դուն պէտք է տառապիս, դուն պէտք է գաղթես, կոտորուիս, մաքառիս եւ այդ բոլորով գաս ինձմէ փրկութիւն աղերսես, ու ես պէտք է գամ քեզ փրկեմ»։
2) Փաշինեան ըսաւ, որ երկրորդ մարտահրաւէրը եկած է «Ատրպէյճանէն, յատկապէս Ատրպէյճանէն, որուն ըսածը, շատ կարճ ձեւակերպուած, հետեւեալն է. Դուն ինծի չես ձգած 30 տարի ապրիմ, ես ալ քեզի պիտի չձգեմ, որ դուն ապրիս ու վրէժս պիտի լուծեմ քեզմէ»:
Փաշինեանի վերոնշեալ պարտուողական երկու յայտարարութիւնները լաւագոյնս կ՛ապացուցեն, որ ան ապաշնորհ ղեկավար մըն է, այս պատճառով ալ կը պահանջուի անոր անյապաղ հրաժարականը՝ քանի դեռ ան չէ կործանած մեր հայրենիքը:
Նախ եւ առաջ, աշխարհի մէջ ոչ ոք ըսած է, որ հայերը պէտք է տառապին: Ասիկա կեղծ լուր է: Միակ մարդը, որմէ պէտք է հայերը փրկել՝ Փաշինեանն է: Եթէ հայերը կ՛ուզեն շարունակել իրենց գոյութիւնը իբրեւ ազգ, ապա պէտք է հնարաւորինս շուտ Փաշինեանը փոխարինեն աւելի ատակ ղեկավարով, որ պիտի կարենայ պաշտպանել Հայաստանի շահերը՝ միաժամանակ ժողովուրդին ապահովելով պատշաճ կենսամակարդակ: Այս երկու նպատակները չեն ժխտեր միմեանց:
Երկրորդ, ինչո՞ւ Փաշինեան կը վարուի այնպէս, կարծես թէ ինքը Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի խօսնակն է: Ամէն անգամ, երբ Փաշինեան կը բանայ բերանը, յստակ տպաւորութիւն կը ստեղծուի, որ Ալիեւ նստած է ոչ թէ Պաքու, այլ Երեւանի մէջ՝ Հայաստանի վարչապետի աթոռին․․․: Ատրպէյճանցիները 30 տարի չեն տառապած․ անոնք հիանալի ապրած են՝ միլիառաւոր տոլարներ շահելով իրենց նաւթն ու կազը աշխարհով մէկ արտահանելով, Պաքուի մէջ բազմաթիւ երկնաքերներ կառուցելով եւ միջազգային հեղինակաւոր ձեռնարկներ ու համաժողովներ հիւրընկալելով: Աւելի զարմանալին այն է, որ քանի որ Փաշինեանը կ՛ըսէ՝ Ալիեւ մտադիր է վրէժ լուծել Հայաստանէն, ապա ան Ատրպէյճանէն ինչո՞ւ կը խնդրէ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրել: Արդեօք թուղթի մը կտորը պիտի խանգարէ՞ Ալիեւին՝ Հայաստանէն վրէժ լուծելու մտադրութենէն հրաժարելու:
Կարծես թէ այս անհեթեթ յայտարարութիւնները բաւարար չէին, Փաշինեան խօսեցաւ «այն պատճառներուն մասին», թէ ինչո՛ւ ընդդիմադիր շարժումը, զոր կը ղեկավարէ արքեպիսկոպոս Բագրատ Գալստանեան, «թուլցած է»: Բացի բարձրաստիճան հոգեւորականին նուաստացման ուղղուած աղաղակող սուտերէն, Փաշինեան ու իր համախոհները անընդհատ կը կրկնեն այն կեղծ գաղափարը, թէ ընդդիմադիր շարժումը ձախողած է։ Եթէ շարժումը իսկապէս ձախողած է, ինչո՞ւ Փաշինեան կը շարունակէ խօսիլ այդ մասին: Ճշմարտութիւնը այն է, որ Փաշինեան եւ իր հետեւորդները լուրջ մտահոգուած են Արքեպիսկոպոսին գործունէութեամբ եւ անոր բազմաթիւ հետեւորդներով: Վարչակարգի մտահոգութիւնը արդարացուած է, որովհետեւ վեց տարուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով՝ մարդ մը կրցած է համախմբել ամբողջ ընդդիմադիր դաշտը մէկ հովանիի տակ, ինչ որ մինչեւ հիմա ոչ ոք յաջողած է իրականացնել․․․
Նման անհեթեթ յայտարարութիւններով Փաշինեան պարզապէս կը փորձէ՝ յանձնուելէ ետ պահել իր կուսակցութեան անդամները, խորտակուող նաւը լքող առնէտներու պէս: Գաղտնիք չէ, որ խորհրդարանի եւ կառավարութեան մէջ իր հետեւորդները խիստ անհանգստացած են իրենց աշխատանքով եւ եկամուտներով, եթէ ընդդիմութիւնը յաջողի տապալել իշխանութիւնը։ Ասկէ զատ, Փաշինեան եւ իր կողմնակիցները լուրջ մտավախութիւն ունին, որ կը ձերբակալուին եւ կը մեղադրուին փտախտի, իշխանութեան չարաշահման, Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքները խախտելու եւ Արցախն ու Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքները Ատրպէյճանին յանձնելու մէջ:
Վերջին օրերուն, արքեպիսկոպոս Գալստանեան սկսած է ճամբորդել Երեւանէն դուրս՝ երկրի այլ հատուածներու մէջ համախոհներ ձեռք բերելու նպատակով: Արքեպիսկոպոսը պէտք է ընդդիմադիր խումբեր կազմէ Հայաստանի բոլոր գիւղերուն ու քաղաքներուն մէջ, որպէսզի շարժումը ընդլայնի Երեւանէն դուրս՝ զայն դարձնելով ազգային: Բողոքի գործողութիւնները ամբողջ երկրին մէջ տարածելու երկրորդ առաւելութիւնը այն է, որ Փաշինեան չի կրնար ամբողջ երկրէն հազարաւոր ոստիկաններ բերել Երեւան՝ ընդդիմութեան բողոքի գործողութիւնները ճնշելու համար: Եթէ միւնոյն օրը Հայաստանի բոլոր մարզերուն մէջ նո՛յն ժամանակ բողոքի ցոյցեր ըլլան, ոստիկաններ ստիպուած կ՛ըլլան մնալ իրենց տեղական տարածքներուն մէջ, եւ ուրեմն անկարելի կը դառնայ մեծ թիւով անոնց Երեւան գալը, ցուցարարներու վրայ յարձակելու համար։
Վերջապէս, քանի որ սփիւռքահայերը նոյնպէս կ՛աջակցին ընդդիմադիր շարժման, Արքեպիսկոպոսը պէտք է իր շարժման ներկայացուցիչներ նշանակէ տարբեր երկիրներու մէջ, որպէսզի անիկա դառնայ համահայկական համաշխարհային շարժում՝ չսահմանափակուելու համար միայն Երեւանով կամ Հայաստանով: