Ժպիտ Մելքոնեան
Սիրելի ազգակիցներ, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան կողմէ կ’ողջունեմ բոլորդ:
Ինչպէս լսեցիք, անունս Ժպիտ Մելքոնեան է եւ ես շնչող վկայ մըն եմ 1915-ի Ցեղասպանութեան՝ ըլլալով Պիթլիսցի Մելքոնեաններու մեծ գերդաստանի միակ վերապրող՝ Ղազար Սարգիս Մելքոնեանի թոռնուհին: Իմ մեծ հայրս, իր մօր գիրկը, բռնեց աքսորի ճամբան եւ հրաշքով փրկուեցաւ, հասնելով Սուրիոյ հիւսիս արեւելքը գտնուող Քամիշլի քաղաքը: Ղազար ո՛չ միայն վերապրեցաւ, այլ ունեցաւ ինը զաւակներ, որոնց կրտսերագոյնն ալ եղած է իմ հայրը: Այսօր հպարտ եմ, վերապրողի մը թոռնուհին ըլլալուս համար:
Մեծ հօրս աքսորի եւ գոյատեւման պատմութիւնն ու անոր նման հարիւր հազարաւոր պատմութիւններ մեզի ամէն օր կը յուշեն մեր արդար դատի արդար լուծման մասին:
Այսօր, որեւէ ժամանակէ աւելի մեր դատը հետապնդելու հրամայականին առջեւ կը գտնուինք: Այսօ՛ր, երբ աշխարհի ամենէ ազդեցիկ երկիրներէն՝ Միացեալ Նահանգները ինչպէս նաեւ բազմաթիւ երկիրներ ճանչցած են մեր Ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնը, մեր պահանջատիրութիւնը որեւէ ժամանակէ աւելի կը դառնայ հրատապ եւ անյետաձգելի:
Իմ Պիթլիսի պապենական հողերէն եւ ձեզմէ իւրաքանչիւրի պապենական հողերու բռնագրաւումէն ետք, այսօր, փակ դռներու ետին, ազգադաւ եւ հայադաւ արարքներ կը կատարուին նոյնինքն մեր հայրենիքի իշխանութիւններու կողմէ եւ թշնամիին կը յանձնուին հայապատկան հողեր, խոր ցաւի մատնելով համայն հայ ժողովուրդի զաւակները:
Այսօր ալ նոյն դէպքերը կը կրկնուին ի տես հանուր աշխարհի հայութեան, որ ափսոսանքով կը հետեւի տարածուող լուրերուն եւ կը ցաւի դառնօրէն:
Ազգային Ժողովի խօսնակ Ալէն Սիմոնեան, մեր ազգային բանակի նուիրեալ զաւակներէն գերի ինկածները չի ճանչնար որպէս «Ռազմագերիներ»: Ան իր ձայնագրուած զրոյցներէն մէկուն մէջ, լկտիօրէն կ’ըսէ, թէ «Այն գերիներին համարում եմ որ արդէն չկան:» Մեր անողնաշար վարչապետը, որ մօտաւորապէս երկու տարի է ինչ լքած է Արցախը, անտեսած՝ անոր ապագան, եւ անտարբերօրէն մոռցած է հայ ժողովուրդի շահերը, այս նոյն վարչապետը այժմ դարձած է թշնամիին խամաճիկը, ու պատճառ դարձած է Հայաստանի պատմութեան ամենատխուր եւ ամենասեւ օրերուն: «Ապագայ Կայ»ր ու այն ապագան Փաշինեանը ոչնչացուց: Այն ապագան, երբ մեր նախնիներու երազները պիտի կատարուէին վարչապետը վերածեց յուսալքութեան օրերու: Այդ յոյսերով է, որ ձեռք բերուեցան Հայաստանի անկախութի՛ւն, Արցախի ինքնաճանաչման կա՛մք եւ պահանջատէ՛ր ու տոկո՛ւն Սփիւռքահայութիւն:
Այսօր պատմութիւնը կը կրկնուի: Մենք չենք կրնար ընդունիլ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ հողեր յանձնելու դաւաճանութիւնը: Մեզ կը փորձեն համոզել, որ մենք ազգովին տկար
ենք եւ տկար պիտի մնանք եւ Հայաստանի կառավարութիւնը հաշտութենէ բացի ուրիշ ընտրութիւն չունի, մինչեւ ուժեղանանք:
Մեր ժողովուրդը ունի առաջնորդող լոյս, այդ իր պատմական փորձառութեան լոյսն է, մեր ժողովուրդը ունի ապագան կարդալու միջոց. անիկա անցեալը ըմբռնելու կարողութիւնն է: Եւ մեր անցեալը ըմբռնելով մենք հասկցած ենք, որ կարելի չէ վստահիլ Ցեղասպան Թուրքին: Ի՞նչպէս կարելի է վստահիլ Թուրքիոյ, որ ամէն քանի մը տասնամեակ դրացի երկրի մը վրայ կը յարձակի մահ ու աւեր տարածելով: Այս նոյն թուրքն է, որ 44 օրեայ պատերազմի ընթացքին Ազրպէյճանի կողքին էր, հասցնելով զէնք ու զինամթերք ինչպէս զինուորական հրամանատարութիւն եւ վարձկաններ:
Թուրքն ու ազերին եղբայրաբար ու ձեռք ձեռքի տուած, թալանեցին Արցախն ու ոչնչացուցին մեր մշակութային հարստութիւնները: Այսօր անոնք կ՛ուզեն տէր դառնալ Արցախի հողին, որուն հողին վրայ անմեղ հայ զինուորներու արիւնը թափած է:
Մեր հայրենի կառավարութեան կոչ կ’ուղղենք, որ չվստահի մեր ժողովուրդի ցեղասպան ցեղին: Մեր ղեկավարութիւնը պէտք չէ ինքզինք խաբէ: Ջարդարարին առաջարկած հաշտութեան պայմանագրերը անկասկած, որ մեր ժողովուրդի համար պիտի դառնան աղէտալի:
Անխոհեմութեան ժամանակը չէ: Եթէ հայաստանի կառավարութիւնը կը լռեցնէ իր քաղաքացիները, մեր ձայնը աւելի ու աւելի կը սաստկանայ: Այս վերջին երկու տարուան նահանջը չի կրնար Հայաստանի եւ Արցախի պատմութեան վերջին էջերը ըլլալ: Ապրիլ 24-ը կը յիշատակենք, մեր իրաւունքները պահանջելու համար եւ որպէսզի Նոյեմբեր 9-ը չկրկնուի:
Շատեր կը մտածեն, թէ միջոց չունինք թշնամիին ագահութիւնը զսպելու համար: Մենք պէտք է բարձրացնե՛նք ժողովուրդի միասնականութեան, դիմադրութեան եւ պայքարի ոգին:
Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան հիմնադիր հօր՝ Գարեգին Նժդեհի օրերէն, հայ երիտասարդութիւնը կը ներկայացնէ ազգին խիղճն ու հայրենասիրական ոգին: Իսկ այսօր, ինչպէս Հայ Դատի Յանձնախումբը յայտարարած է, անյետաձգելի հրամայական է դիմադրողականութիւնը՝ համահայկական դիմադրողականութիւնը. . .
Սփիւռքի դիմադրողականութիւնը:
Հակառակ անոր, որ խաղաղ կեանքը թանկագին է, սակայն մեր խլուած հայրենիքը ետ պահանջելով մեր խաղաղութիւնը խանգարելը անխուսափելի է: Մեր կազմակերպութեան հիմնադիրները գրած են մեր դրօշին տակ՝ Մահ կամ Ազատութիւն: Այդ համոզումով կ՛արժէ խանգարել մեր խաղաղ կեանքը: Առանց դիմադրութեան պայքար չկայ եւ առանց պայքարի ապագայ չկայ:
Եւ այս բեմէն, այսօր, Հայ Երիտասարդութեան անունով, կը խոստանանք ձեզի, որ մենք ենք դիմադրողականութեան առաջատար ուժը:
Ամէն հայի սրտին մէջ թող ծնի վրէժ ու ըմբոստութեան ոգի, ամէն հայի մտքին մէջ թող ծագի զարթօնք, եւ ամէն հայի ձեռքին մէջ՝ գտնուի զէնք: Պիտի շարունակենք մնալ ազա՛տ, անկա՛խ եւ միացեա՛լ Հայաստանի երազանքը հետապնդողներ ու պիտի մերժենք յանձնուողական համաձայնութիւնները ջարդարար ցեղերուն հետ:
Հայրենիքի ապագան փրկելու վճռորոշ պահն է այսօր:
Ապրիլ 24, 2022