«Հայրենիք»
Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարարներ՝ Վարդան Օսկանեան եւ Արա Այվազեան Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնները համարեցին Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման մեկնարկ եւ թրքական ժխտողական քաղաքականութեան որդեգրում։
Ըստ Օսկանեանի,Փաշինեանի յայտարարութիւնները դաւաճանութիւն են, որ չի կրնար ներում գտնել եւ կամ անտեսուիլ։ Ան իր յայտարարութեամբ կասկածի տակ կը դնէ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, ինչ որ ցնցիչ եւ անընդունելի է Հայաստանի ղեկավարի համար։ Ան շեշտեց, որ ուրանալով պատմական ճշմարտութիւնն ու ազգային արժանապատուութիւնը, Փաշինեան տարօրինակ կերպով Թուրքիոյ ըսածները թութակի նման կրկնել կը ջանայ,նկատել տալով, որ Թուրքիա երկար տարիներ ցեղասպանութիւնը ուրանալու եւ ժխտելու լոպիինկ կը կատարէ։
Իր կարգին, արտաքին գործոց նախկին նախարար Արա Այվազեան ընգծեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ դատողութիւններու շրջանառումը ոչ այլ ինչ է քան ժխտողականութեան քաղաքականութեան որդեգրում եւ մեր ազգային ողբերգութեան ուրացման մեկնարկը։
Իսկ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակը յայտարարեց, որ Հայաստանի վարչապետը կ՛իրականացնէ ոչ թէ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումէն հրաժարելու, այլ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման քաղաքականութիւն։
Կառավարութեան շէնքին դիմաց փոքր եւ միջին առեւտուրի տէրերուն կազմակերպած բողոքի ցոյցը վերածուեցաւ ցուցարարներուն եւ ոստիկաններուն միջեւ քաշքշոցի, երբ ոստիկան ուժեր յարձակեցան ցուցարարներուն վրայ զանոնք ցրուելու նպատակով։
Ոստիկաններ գետին տապալեցին աքթիվիստ Վահագն Չախալեանը, որ ոտքի կանգնելէ ետք իր կարգին սկսաւ հրմշտել ոստիկանները, որոնք զայն կալանաւորեցին եւ բերման ենթարկեցին։ Կալանաւորուեցան նաեւ ուրիշ ցուցարարներ, որոնք կը մերժէին հաւաքին վայրէն հեռանալ։
Փոխադրութեան հարցերու նուիրուած խորհրդակցութիւններու ընթացքին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ Հայաստան պէտք է կատարէ իր պարտաւորութիւնները եւ կապ ապահովէ Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ, քանի մը վայրկեանի մէջ երեք անգամ կրկնելով «Զանգեզուրի միջանցք» եզրը։
Ալիեւ նաեւ անդրադարձաւ հարաւային կովկասեան փոխադրութեան ենթակառոյցներու բացման վերաբերեալ Հայաստանի վարչապետին կողմէ յառաջ քշուող նախագիծերուն, չթաքցնելով իր թերահաւատութիւնը։Ան շեշտեց, որ առանց Ատրպէյճանի, Խաղաղութեան Խաչմերուկ ծրագիրը ոչնչութիւն մըն է։
Ըստ Ալիեւի, այնքան ատեն, որ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը չէ բացուած, Ատրպէյճան կ՛աշխատի Հայաստանը շրջանցող եւ Իրանի տարածքով անցնող ճանապարհի կառուցման վրայ։ Ան նշեց, որ Թեհրանի հետ այդ համաձայնութիւնը ձեռք բերուած է, երբ ի յայտ եկաւՀայաստանի ոչ անկեղծ պահուածքը։ Հակառակ անոր որ Պաքուի մէջ կայացած խորհրդակցութիւնը նուիրուած էր բացառապէս փոխադրութեան հարցերուն, Ալիեւ կրկին մխրճուեցաւ պատմական իրադարձութիւններումէջ եւ պնդեց, որ թէ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի ստեղծումը եւ թէ Զանգեզուրի այսպէս կոչուած անջատումը ատրպէյճանցի ժողովուրդին դէմ կատարուած յանցագործութիւն է։
Ատրպէյճանական գերութեան մէջ գտնուող՝ Արցախի հանրապետութեան նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան, որուն դէմ առաջադրուած բազմահատոր գործերով կեղծ դատավարութիւն մը կ՛ընթանայ Պաքուի զինուորական ատեանին մէջ, պնդեց, որ խախտուած է իր պաշտպանութեան իրաւունքը։
Վարդանեան յայտարարեց, որ չէ կրցած ամբողջութեամբ ծանօթանալ իր դէմ յարուցուած քրէական գործին նիւթերուն։ Ան նշեց, որ առանց գործին նիւթերուն ծանօթանալու,ինքնապաշտպանութեան հնարաւորութիւն չունի, պահանջելով եւս մէկ ամիս ժամանակ մը։
«Ես պէտք է պատրաստ ըլլամ իրաւական պաշտպանութեան», յայտարարեց Վարդանեան։ Տեղին է նշել, որ ատրպէյճանական դատարանը մերժեց Վարդանեանի պահանջը։
Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ կայացաւ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Ուզպէքիստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուեցան եռակողմ գործակցութեան հարցերը, ինչպէս նաեւ Հայաստան- Ատրպէյճան յարաբերութիւնները։
Ժողովէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ ատրպէյճանական տարածքներու ազատագրումը նոր հնարաւորութիւններ ստեղծեց տնտեսական համագործակցութեան համար։ Ան նշեց, որ այս շրջաններէն կ՛անցնի Մերձաւոր Արեւելք- Արեւմուտք միջանցքի նոր երակը, որուն վերաբերեալ հեռանկարները ակնյայտ են։
Ատրպէյճանի դիւանագիտութեան պետը նաեւ կարեւորեց Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ աշխատանքներուն աւարտը, նշելով,որ մտահոգիչ են տարածքային պահանջներու եւ վրէժխնդրական միտումները, որոնք մնացած են Հայաստանի սահմանադրութեան մէջ։
Հայաստանի մէջ կը գործեն 1399 դպրոցներ, որոնց 43 առ հարիւրը տնօրէն չունի։ Անոնք հիմնականին մէջ կը կառավարուին պաշտօնակատարներով։
Երեւանի Ճոն Կիրակոսեանի անուան դպրոցի ուսուցիչ Վերոնիքա Պապաճանեան չորրորդ անգամ փորձած է յաղթահարել մրցոյթը, սակայն չէ յաջողած։ Պապաճանեանի ըսած են, որ կառավարչական գիտելիքներ չունի, հակառակ անոր որ ան 28 տարուան մանկավարժական փորձառութիւն ունի եւ նոյնիսկ փոխ տնօրէն եղած է։ Ան կասկած կը յայտնէ, թէ ինչպէս գիտցած են, որ կառավարչական գիտելիքներու չի տիրապետեր, երբ առիթ չէ ունեցած տնօրէնի պաշտօնին վրայ աշխատելու։
2023ին հաստատուած փոփոխութիւններու հիմամբ դպրոցի տնօրէնի ընտրութիւնը կը կատարուի երեք հանգրուաններով եւ թափուր տեղերը, ըստ էութեան, այս փոփոխութեան հետեւանքն են։ Տնօրէնի թեկնածուն նախ պէտք է հաւաստագրուի, ապա դպրոցի զարգացման ծրագիր մշակէ եւ հարցազրոյց կատարէ։ Իսկ ճիշդ այս պարագային է, որ թեկնածուները թերացումներ կ՛արձանագրեն։
Հանրակրթութեան վարչութեան ղեկավար Թամարա Սարգսեան կը զարմանայ, թէ տարիներով դպրոցի մէջ աշխատելով հանդերձ, մասնակիցները չեն կրնար վերլուծել առկայ խնդիրները եւ իրատեսական լուծումներ առաջարկել։ Ան նշեց, որ թեկնածուներէն ոմանք ծրագիր մշակելու ընթացքին նոյնիսկ արուեստական բանականութեան կը դիմեն։