Հայ Թրքական Յարաբերութիւնները 21-րդ Դարուն կը ներկայացնէ Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան

Հայ Թրքական Յարաբերութիւնները 21-րդ Դարուն կը ներկայացնէ Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան

Քրեսենթա Հովիտի Մհեր Եւ Սաթիկ Տէր Օհաննէսեան Երիտասարդական Կեդրոնի Դաստիարակչական Յանձնախումբը Հինգշաբթի, 19 Մայիս 2022-ին, երեկոյան ժամը 7:00-ին, կազմակերպած է  դասախօսութիւն՝ «Հայ-Թրքական Յարաբերութիւնները 21-րդ Դարուն» նիւթով, մասնակցութեամբ՝ Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեանի:

          Խաչիկ Մուրատեան պիտի անդրադառնայ Հայ-Թրքական յարաբերութիւններու ուղղութեան մասին 2000-ականներու սկիզբէն ի վեր, վերանայելով դիւանագիտական աշխատանքներուն, միջ-քաղաքացիական ծրագիրներուն և մասնագիտական նախաձեռնութիւններուն, զննելով անցեալի ցախորդութիւններուն ազդակներն ու յետագայ մերձեցման արդար և իմաստալից դրոյթները։

          Դոկտ․Խաչիկ Մուրատեան կը դասաւանդէ Միջին Առեւելքի, Հարաւային Ասիոյ և Ափրիկէի ուսումնասիրութիւննրու շուրջ, Քոլոմպիա համալսարանէն ներս։ Ան նաեւ մանագէտ է Հայ եւ Վրացական նիւթերու «Library of Congress»-ին մէջ։ Ան կը գլխաւորէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու յետախուզական ծռագիրը, Նիւ Եորք համալսարանի «The Global Institute for advanced Studies» բաժինէն ներս։

Վերեւի ու յաւելեալ հարցումներու պատասխանները կ’ստանաք մասնակցելով Մայիս 19-ին կայանալիք Zoom-ի հանդիպմամբ:

Zoom Link: https://us06web.zoom.us/j/82842301894?pwd=S0JjR1dPb0NjMmdBMlVzazVzTllOQT09

Date:               Thursday, 05/19/2022

Meeting ID:    828 4230 1894

Passcode:      832759

Share