Ուսումնասիրութիւններ եւ Ծրագիրներու Առաջարկներ
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակը կը յայտնէ՝ «Հայ Ուսանողութիւնը Արցախի համար» խորհագրով ուսումնասիրութիւններու մրցանք ծրագիրի մեկնարկը, նպատակ ունենալով համախմբել հայ ուսանողութիւնը Արցախի հիմնահարցին շուրջ: Սոյն մրցանքը կը նախաձեռնենք նկատի ունենալով Արցախի դիմագրաւած ճակատագրական ժամանակաշրջանը, եւ անհրաժեշտութիւնը տեսնելով հայ ուսանողութեան մասնագիտական ներուժը ծառայեցնելու Հայ դատին եւ մասնաւորաբար Արցախին:
Ծրագրին հիմնական նպատակն է մէկտեղել հայ ուսանողութեան կարողութիւնը՝ քաղաքական, տնտեսական, ընկերաբանական, իրաւագիտական, մշակոյթի եւ հետաքքնողական լրագրութեան բնագաւառներու մէջ եւ զայն տրամադրելի դարձնել հայանպաստ գործունէութիւն ծաւալող ազդեցիկ հիմնարկներու՝ արդիւնաւէտ օգտագործման համար:
Առ այդ, կոչ կ’ուղղենք 20-35 տարեկան՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի ուսանողութեան
մասնակցիլ սոյն ծրագրին:
Մասնակիցներուն աշխատանքին պիտի վերահսկեն հանրայայտ դէմքեր որպէս խորհրդատուներ (mentors):
Յայտադիմումները եւ անոր կից նպատակային բացատրագիրները պէտք է լրացնել մինչեւ սոյն թուականի Յուլիս 31, այցելելով հետեւեալ կայքը studentsforartsakh.am :
Ուսումնասիրութիւներու յանձման վերջաժամկէտն է սոյն թուականի Հոկտեմբեր 1:
Ծրագրին համար հետեւեալ նիւթերը եւ խորդհրդատուները նախատեսուած են.
Նիւթեր
- Արցախի շրջափակման կործանարար անդրադարձը Արցախի մանուկներու իրաւունքներու եւ
հոգեվիճակին վրայ:
Գեղամ Ստեփանեան, Արցախի Հանրապետութեան Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան - Միջազգային իրաւունքի դիտանկիւնէն՝ Բերձորի միջանցքի արգելափակումը որպէս
պատերազմական յանցագործութիւն:
Սիրանուշ Սահակեան, Միջազգային եւ Համեմատական Իրաւունքի Հայկական կեդրոնի ղեկավար - Ազրպէյճանի Քաւիար դիւանագիտութիւնը (caviar diplomacy) Եւրոպայի մէջ:
Հեղինէ Էվինեան, Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Եւրոպայի Գրասենեակի տնօրէնուհի - Ազրպէյճանի եւ Ալիեւի ընտանիքի օտարերկրեայ ներդրումներու հիմնական ուղղութիւնները եւ
փտածութեան դրսեւորումները:
Յարութ Սասունեան, Քալիֆորնիա Քուրիր պարբերաթերթի գլխաւոր խմբագիր - Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներու կիրառելիութեան կարեւութիւնը իբրեւ զսպող գործօն:
Արամ Համբարեան, Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Ուաշինկթոնի Գրասենեակի տնօրէն - Ազրպէյճանի ուժանիւթի քաղաքականութիւնը (Energy policy) Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի
հետ:
Եղիա Թաշճեան, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի հետազօտական կեդրոնի գիտաշխատող - Ազգ բանակ գաղափարի իրագործման անհրաժեշտութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:
Գեներալ-լեյտենանտ Տիրան Խաչատրեան, ՀՀ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետի նախկին
տեղակալ - Ազրպէյճան եւ Իսրայէլ յարաբերութիւններ:
Շահան Գանտահարեան, Պէյրութի Ազդակ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր - Ազրպէյճանի ազգային փոքրամասնութիւններ:
Էդգար Էլբակեան, «Հայկական Նախագիծ» գիտակրթական ՀԿ համահիմնադիր - Ազրպէյճանի յարաբերութիւնները տարածաշրջանի երկիրներու հետ:
Աբրահամ Գասպարեան, Ճէնէսիս Արմինիա կեդրոնի հիմնադիր տնօրէն - Պատմութեան խեղաթիւրման Ազրպէյճանի քաղաքական եւ ակադեմական փորձերը:
Լեռնիկ Յովհաննէսեան, Արցախի Հանրապետութեան Կրթութեան Գիտութեան եւ Սպորտի Փոխ
Նախարար - Արցախի մէջ այլընտրանքային ջրային պաշարներու կարողականութիւնը (unconventional
water resources):
Յովսէփ Տէր Գէորգեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ ջրային պաշարներու մասնագէտ - Արցախի հոգեւոր ժառանգութեան պաշտպանութեան հիմնախնդիրը:
Հոգեշնորհ Տ. Գարեգին Վարդապետ Համբարձումեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արցախի
հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան գրասենեակի ղեկավար - Արցախի տնտեսութեան դիմադրողականութեան բարձրացման հնարաւորութիւնները:
Սուրէն Բարսեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Տնտեսական հետազօտութիւններու գրասենեակի
պատասխանատու - Միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու գործունէութեան կարեւորութիւնը
Արցախի մէջ:
Վիգէն Աշգարեան, Մարդասիրական օժանդակութեանց միջազգային կազմակերպութեան
աշխատակից - Արցախեան 44 օրեայ պատերազմէն ետք, Արցախահայութեան ուղղուած հայկական
մարդասիրական օժանդակութիւնները:
Լիլիթ Մարտիրոսեան, Արցախի ՀՕՄ-ի միաւորի ատենապետուհի - Արցախի հիմնահարցը Միջազգային կազմակերպութիւններու օրակարգին վրայ:
Մարիօ Նալպանտեան, Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի Անդամ, Ընկերվար
Միջազգայնականի Փոխ Նախագահ
Ուսումնասիրութիւնները պիտի գնահատուին հետեւեալ չափանիշներով՝
Արդիականութիւն- կիռարական նշանակութիւն – հետազոտական աշխատանքի տարողութիւն -աշխատանքի առարկայական հիմնաւորութիւն – Թեքնիք պահանջներու յարգում:
Քաջալերելի է մրցանքին մասնակցութիւնը նաեւ խմբակներու առաջացմամբ: Ուսանողները կրնան կազմել առաւելագոյնը 3 անդամ ունեցող խմբակներ:
Պատրաստուած նախագիծերը պիտի քննուին խորհրդատուներէ բաղկացած դատական կազմի մըկողմէ: Մրցանքի մասնակցած բոլոր ուսանողները պիտի ստանան խորհրդանշական նուէրներ: Դատական կազմին կողմէ ընտրուած լաւագոյն ուսումնասիրութիւններուն հեղինակները կրթաթոշակ պիտի ստանան: Առաջին մրցանակին արժանացած իւրաքանչիւր ուսանող՝ 1000 ԱՄՆ տոլար, երկրորդ մրցանակ՝ 750 ԱՄՆ տոլար եւ երրորդը՝ 500 ԱՄՆ տոլար դրամական պարգեւներ:
Մրցանքի աւարտին պիտի գումարուի առցանց խորհրդաժողով մը, ուր լաւագոյն ուսումնասիրութիւնները պիտի ներկայացուին հանրութեան: Ինչպէս նաեւ բոլոր աշխատութիւնները լոյս պիտի տեսնեն հայաստանեան եւ սփիւռքեան մամուլի էջերուն մէջ:
Մրցանքի արդիւնքները պիտի հրապարակուին սոյն թուականի Նոյեմբեր 1-ին
Լուսաբանունմներու և յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել հետեւեալ հասցէին՝ ayf@arf.am: