Կիրակի, 9 Յունիս 2024-ին, տեղի ունեցաւ Հայ Քոյրերու Վարժարանի 8-րդ կարգի ամավերջի եւ վկայականներու բաշխան հանդիսութիւնը որ սկիզբ առաւ շրջանաւարտ աշակրտներուն՝ Տէրունական աղօթքի, Միացեալ Նահանգներո եւ Հայաստանի քայլերգներու կատարումով:
Բացման խօսքով, վարժարանիս փոխտնօրէնուհի տիկ. Ռիթա Պոյաճեան բարի գալուստ մաղթեց եւ նշեց, որ վկայականաց հանդէսը ուրախութեան եւ հպարտութեան օր է, ամբողջ տարուան մը բերքահաւաքի օրն է, երբ կը քաղենք կրթական տարեշրջանի ընթացքին տնօրէնութիւն — ուսուցչակազմ — ծնողք — աշակերտներ հաւաքական աշխատանքին հունձքը:
Վարժարանիս տնօրէն Դոկտ. Խուլիօ Թէյէզ աշակերտները նմանցուց մետաղներու, որոնք կ’ենթարկուին բարձր տաքութեան եւ բարձր ճնշումի: Նման այն ճնշումին, որ ուսուցիչները կը դնեն աշակերտներուն վրայ դասապահերուն եւ քննութեան ընթացքին, որպէսզի վերջիններս լաւ սորվին: Ուսուցիչներուն մօտեցումը այն կրակն է, որ աշակերտները պիտի յղկէ ու վերածէ լաւ անհատներու: Ան ըսաւ. «Այժմ դուք պիտի ուղղուիք բարձրագոյն վարժարան, ապա՝ համալսարան, եւ տաքութիւնն ու ճնշումի պիտի սաստկանան, տարբեր տեսակի «հարուածներու» պիտի ենթարկուիք, որոնցմով պիտի զօրանայ ձեր դիմադրողականութիւնը, համբերութիւնը, դիմացկունութիւնը: Ձեր այստեղ սորվածները, ձեր ծնողքին խորհուրդները ձեզ պիտի օգնեն աւելի ամուր կանգնելու կեանքի մարտահրաւէրներուն դէմ: Յառաջացէք, հաւատացէք ձեր յաղթանակներուն եւ իրականացուցէք ձեր երազանքները»:
Այնուհետեւ, հայերէնով սրտի խօսք փոխանցեց փոխտնօրէնուհի տիկին Ռիթա Պոյաճեան` ըսելով. « Հայ Քոյրերու Վարժարանը իր դռները բացած էր ընդունելու եւ իր հովանիին տակ առնելու այսօր շրջանաւարտ եղող մեր այս աշակերտները, որոնցմէ շատերը այս դպրոցը սկսած են յաճախել փոքր տարիքէն: Այսօր դարձեալ մեր վարժարանը դուռը կը բանայ անոնց առջեւ, բայց այս անգամ իրենց բարի երթ մաղթելու: Տարիներ այս աշակերտները դաստիարակելով, ուսում փոխանցելով, ազգասիրութիւն, հայերնասիրութիւն, հաւատք եւ աստուածասիրութիւն սերմանելով անոնց մէջ, այսօր դուրս գալու դուռը կը բանանք անոնց դիմաց, հաւատալով որ անոնք պիտի կարենան բարձրէն թռչիլ, Հայ Քոյրերու Վարժարանին մէջ իրենց ստացած թեւերով»: Ան խօսքը շրջանաւարտներուն ուղղելով՝ ըսաւ. «Կեանքը լեցուն է մարտահրաւէրներով, խոչընդոտներով, վերիվայրումներով, կեանքը ռոլըր քոսթըրի նման է: Կրնաք օր մը շատ բարձրանալ, օր մը նահանջել, կրնաք օր յաջողիլ, օր մը ձախողիլ, բայց եթէ դուք Հայ Քոյրերու Վարժարանէն ձեր ստացած մարդկային, կրօնական, ազգային բոլոր արժէքները որպէս զրահ գործածէք, անպայման կը յաղթահարէք բոլոր դժուարութիւնները»:
8-րդ դասարանի դաստիարակ Պրն. Ռայէն Ճոնզ խօսք առնելով ըսաւ, որ երբ տասը ամիս առաջ ժամանեց Հայ Քոյրերու վարժարան, գիտէր որ շատ իւրայատուկ վայրի մէջ է, եւ գիտէ որ պիտի կարօտնայ շրջանաւարտ եղող աշակերտները, որովհետեւ «իրենցմէ շատ բան սորվեցայ իմ սահմաններուս մասին: Ես իմացայ, որ այս երիտասարդ մեծահասակները չեն բաւարարուիր կիսատ-պռատ բանի հետ, եւ որ անոնց օգնելու համար ես նոյնպէս պետք է աւելի լավը դառնամ», ըսաւ Ճոնզ:
8-րդ դասարանի ուղերձները անգլերէնով փոխանցեց Թալին Մկրտիչեանը, իսկ հայերէնով՝ Շանթ Ետկարեանը: Անոնք երկուքն ալ իրենց երախտագիտական խօսքերը փոխանցեցին թէ՛ իրենց ուսուցիչներուն եւ թէ՛ իրենց ծնողներուն: Ուղերձներուն մէջ շեշտուեցաւ նաեւ Հայ Քոյրերու Վարժարանին դերը իրենց կազմաւորման մէջ:
Յայտագրին գեղարուեստական բաժնով, շրջանաւարտ աշակերտները ներկայացուցին Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» բանաստեղծութիւնը, իսկ անգլերէնով՝ «Forever Young»: Թալին Մկրտիչեանն ու Շանթ Ետկարեանը դաշնամուրի նուագով կատարեցին հատուած մը Անուշ Օփերայէն:
Օրուան հիւր բանախօսն էր վարժարանիս 2014-ի շրջանաւարտ Ալէն Շանթ Եուսէֆը, որ մտաբերեց Հայ Քոյրերու Վարժարան եկած իր առաջին օրը, երբ Քոյրերն ու ուսուցիչները զինք գուրգուրանքով եւ ջերմութեամբ դիմաւորեցին: «Այս վարժարանին մէջ ես սորվեցայ գիտելիքներ եւ կրթութիւն, որոնք հիմը դրին իմ ապագայի մասնագիտութեանս եւ որոնց համար շատ երախտապարտ եմ», նշեց բժշկութեան ուսանող Ալէն Շանթ Եուսէֆը:
Վարժարանիս ընդհանուր պատասխանատու Քոյր Լուիզա Գասարճեան, շրջանաւարտները համարելով Հայ Քոյերու վարժարանին պատիւը եւ հրճուանքը, իր սրտի խօսքը արտայայտելով ըսաւ. «12 պատանիներ, իւրաքանչիւրը ինքնուրոյն յատկութիւններով, կարողութիւններով, անհատականութեամբ կը սաւառնին արծիւի նման բարձր, երթալու համար նոր միջավայր մը, եւ որոնց պիտի բացուի անծայրածիր հորիզոններ եւ նոր փորձառութիւններ»: Առաքինազարդ քոյրը ըսաւ, որ աշակերտները մեր վարժարանին մէջ թրծուեցան Աստուծոյ սիրով եւ խոր հաւտաքով, կերտուեցան ճշմարիտ հայու գաղափարով եւ մշակեցին իրենց մէջ գիտակցութիւնը լաւին եւ բարիին: Իր խօսքի աւարտին, Քոյր Լուզա կոչ ուղղեց շրջանաւարտներուն ըլլալու տիպար հայ եւ բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի խօսքերով յորդորեց անոնց բարձրանալ եւ իրենց հետ բարձրացնել ուրիշներ մինչեւ գագաթն արփաւէտ:
Տեղի ունեցաւ գերազանց աշակերտներու պարգեւատրում, ինչպէս նաեւ տիկին Քարին Փիլաւեան փոխանցեց Փիլաւեան հիմնադրամի նուէրը՝ մանկամսուրէն մինչեւ 8-րդ դասարան ՀՔՎ յաճախած աշակերտին, իսկ պարոն Անթուան Պեզճեան Տարուայ օրինակելի աշակերտին նուիրեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին նահատակ Ճեսիքա Պեզճեանի անուան յիշատակի նուէրը: Այնուհետեւ կատարուեցաւ վկայականներու բաշխումը 12 շրջանաւարտներուն:
Աւարտին, գեապատիւ Հայր Արմենակ Պետրոսեան խօսքը շրջանաւարտներու ուղղելով՝ ըսաւ, որ ամէնէն մեծ եւ մնայուն հարստութիւնը գիտելիքն է, ուրեմն եղէք գիտելիքներով հզօր: «Ինչ ճանապարհ ալ ընտրէք, եղէք միշտ ուսումնասէր, հայրենասէր, աստուածասէր եւ աստուածավախ: Եղէք Հայ Քոյրերու Վարժարանին հաւատարիմ առաքեալները եւ անոր դեսպաններ ու ներկայացուցիչները ձեր նոր միջավայրին մէջ: Ունեցէք մեծ երազանքներ, հետաքրքրասէր եղէք եւ մի դադրիք երազելէ, ինքնավստահ եղէք միշտ եւ պատրաստ՝ յաջորդ քայլին», եզրափակեց գերապատիւ վարդապետը: