Հայ Քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու հերթական հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 1 Օգոստոս 2024-ին ՍԴՀԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ։
Ժողովականները բանակի օրուան առիթով վեր առին բանակի գործառոյթները, շեշտելով յատկապէս ներկայ դժուար օրերուն անոր կարեւոր դերակատարութիւնը երկրի սահմաններու, կայունութեան ու խաղաղութեան պահպանման առումով։
Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները այնուհետեւ քննարկեցին տարծաշրջանային մակարդակի վրայ արձանագրուած մագլցողականութիւնը եւ խոր մտահոգութիւն յայտնեցին Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան նկատմամբ։ Լուսարձակի տակ առնուեցաւ Պէյրութի հարաւային արուարձանններուն մէջ կատարուած յարձակումը, որ ըստ էութեան պատերազմական բախումներու գօտիի սահմանները հատած էր։Ժողովականները դատապարտեցին Իսրայէլի շարունակուող ոճրային յարձակումները որոնց զոհ կ՛երթան Լիբանանի քաղաքացիներ։
Արձանագրելէ ետք, որ սպասողական եւ լարուած իրավիճակը կը շարունակուի երկրին մէջ, հայ քաղաքական կուսակցութիւնները ընդգծեցին իրադարձութիւններուն հետեւելու անհրաժեշտութիւնը եւ որեւէ հաւանական ճգնաժամի ստեղծման պարագային համակարգուած աշխատելու հրամայականը։
Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները հաստատեցին, որ լիբանանահայութիւնը ամբարած է փորձառութիւն, տասնամեակներու ընթացքին ստեղծուած զանազան տեսակի ճգնաժամերը յաղթահարելու եւ զանոնք միասնական ու համակարգուած կառոյցներով դիմակայելու։