Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքը  պաշտօնական այցելութիւնը Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Առաջնորդարան

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքը պաշտօնական այցելութիւնը Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Առաջնորդարան

Կիրակի, 29 Մայիս 2022-ի երեկոյեան, Հայ Կաթողիկէ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս 21-րդ Պատրիարքը, ընկերակցութեամբ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ Արհ. Տ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեանի եւ վարդապետներու, պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Առաջնորդարան, ուր դիմաւորուեցաւ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, Գերշ. Տ. Եփրեմ Ս. Արք. Թապագեանի եւ Գերշ. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ: 

Ա.Մ.Ն. իր այցելութեան առիթով, Հոգեւոր Տէրը Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ներկայ եղաւ ի պատիւ իրեն կազմակերպուած ընթրիքին, սեղանակից ունենալով Հայ Եկեղեցւոյ Սրբազան Արքեպիսկոպոսներ, Կրօնական ժողովի անդամներ, Ազգ. վարչութեան եւ Ազգ. Կեդր. վարչութեան անդամներ իրենց կողակիցներով ու Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինի անդամներ: 

Առաջնորդ Սրբազանին կողմէ կազմակերպուած երեկոյի ընթացքին, Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան առաջին հերթին Ամենապատիւ Պատրիարքին փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսի եղբայրական ողջոյնները, ապա հանդէս եկաւ դրուատիքի խօսքերով եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ Կաթողիկէ հայութեան հոգեւոր ներկայացուցիչին ու իր շքախումբին, Ազգ. Առաջնորդարան իրենց այցելութեան համար, միաժամանակ յայտնելով հաւատք ու յոյս, որ հայրենիքի ու ազգի կեանքէն ներս առկայ բազում տագնապներ, հաւաքական աղօթքով ու ճիգերով, հետզհետէ կը մեղմանան ու իրենց բարւոք լուծման կը յանգին: 

Share