Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Առաջադրեց Նեժիպ Միքաթիի Թեկնածութիւնը

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Առաջադրեց Նեժիպ Միքաթիի Թեկնածութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ վարչապետի նշանակման խորհրդակցութիւններուն շրջագիծին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ պլոքի անդամ երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան եւ Ճորճ Պուչիքեան երէկ երեկոյեան Պաապտայի մէջ հանդիպում մը ունեցան նախագահ Աունի հետ:

Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի յայտնեց.

«Այսօրուան հսկայական պատասխանատուութեան դիմաց, նախագահական ընտրութեան սահմանադրական գործընթացի սեմին, որ պէտք է կատարուի մինչեւ 31 հոկտեմբեր,

– նկատի ունենալով երկրին մէջ տիրող աղէտալի պայմաններն ու քաղաքացիին դիմաց գտնուող մութ ապագան,

– յանձնառու մնալով բարեկարգումները գործադրելու եւ օտար շրջանակներու հետ բանակցութիւնները շարունակելու անհրաժեշտութեան` նուազագոյնը մինչեւ նախագահական ընտրութիւնը նախորդող յառաջիկայ ամիսները,

– հակառակ հրաժարեալ կառավարութեան գործունէութեան գծով կարգ մը վերապահութիւններուն, ինչպէս նաեւ տնտեսական ապաքինման ծրագիրին վերաբերեալ տարբեր եւ հիմնական դիտողութիւններուն,

– եւ հակառակ անոր որ անցեալ խորհրդակցութիւններուն վարչապետ Միքաթիի անունը չառաջադրեցինք կառավարութեան կազմութեան համար,

– այսուհանդերձ այսօր վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու համար թեկնածուներուն միջեւ անհամեմատ մրցակցութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ,

– գիտակցելով ցաւալի իրականութեան եւ առիթ տալու համար յոյսի դոյզն նշոյլի մը,

– Հայկական երեսփոխանական պլոքը որոշեց Նեժիպ Միքաթի անունը առաջադրել մրցանշային արագութեամբ կազմելու կառավարութիւնը` առանց իյնալու նախապայմաններու եւ հակադարձ պայմաններու ծուղակին մէջ»:

Պատասխանելով լրագրողներուն հարցումներուն` երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ. «Հզօր Լիբանան համախմբումին մէջ կայ կարծիքներու այլազանութիւն: Անցեալ խորհրդակցութիւններուն համախմբումն ու Հայկական երեսփոխանական պլոքը վարչապետի անուն չառաջադրեցին, սակայն այս անգամ Հայկական երեսփոխանական պլոքը առաջադրեց, իսկ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը` չառաջադրեց: Այս է իսկական ժողովրդավարութիւնը»:

Share