Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ յայտարարեց, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը ճանչնայ Պաղեստինի պետութիւնը:
«Կազայի մէջ տիրող աղէտալի մարդասիրական կացութիւնը եւ շարունակուող զինուորական տագնապը այսօր միջազգային քաղաքական օրակարգի` լուծում պահանջող առաջնային խնդիրներէն մէկն է: Հայաստանի Հանրապետութիւնը կտրականապէս կը մերժէ զինեալ տագնապի ընթացքին քաղաքային ենթակառոյցներու թիրախաւորումը, քաղաքային բնակչութեան դէմ բռնութիւնները եւ քաղաքային անձերու պատանդառումն ու գերեվարումը եւ կը միանայ առանց նախապայմաններու անոնց ազատ արձակման միջազգային ընտանիքի պահանջներուն:
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը միացած է ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի բանաձեւերուն, որոնք կոչ կ՛ուղղեն` անյապաղ զինադադար հաստատելու Կազայի մէջ: Աւելի՛ն, Հայաստանի Հանրապետութիւնը անկեղծօրէն շահագրգռուած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատումով, հրեայ եւ պաղեստինցի ժողովուրդներուն միջեւ տեւական հաշտութեան կայացումով: Միջազգային տարբեր հարթակներու վրայ մենք մշտապէս հանդէս եկած ենք պաղեստինեան հարցի խաղաղ եւ տագնապի լուծման օգտին եւ կը պաշտպանենք պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի լուծման` «երկու պետութիւն» սկզբունքը: Համոզուած ենք, որ ատիկա միակ ճամբան է երաշխաւորելու, որ պաղեստինցիներն ու իսրայէլացիները կրնան իրականացնել իրենց օրինական ձգտումները:
«Մեկնելով վերոնշեալէն եւ վերահաստատելով իր հաւատարմութիւնը միջազգային օրէնքին եւ ժողովուրդներու հաւասարութեան, գերիշխանութեան ու խաղաղ համակեցութեան սկզբունքներուն նկատմամբ` Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը ճանչնայ Պաղեստինի պետութիւնը», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
«Թայմզ աֆ Իզրայէլ» կը հաղորդէ, որ Պաղեստինի պետութիւնը ճանչնալու մասին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութենէն ետք, Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կանչած է Իսրայէլի մէջ Հայաստանի դեսպանը եւ «խիստ նկատողութիւն» յայտնած:
Միւս կողմէ, պաղեստինեան ՈՒԱՖԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի գրասենեակը շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանին:
«Հայաստանի իմաստուն քայլը համահունչ է խաղաղութիւն նախատեսող ծրագիրին, որ կ՛ենթադրէ երկու պետութիւններու համակեցութիւնը: Ասիկա ռազմավարական ընտրութիւն է, որ կը պաշտպանէ միջազգային կամքը եւ օրինականութիւնը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Պաղեստինեան իշխանութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Հայաստանին «այս խիզախ եւ կարեւոր որոշումին համար, որ կ՛ամրապնդէ երկկողմանի կապերը եւ կը նպաստէ շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան»:
Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութիւնը (ՊԱԿ) ողջունեց Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ Պաղեստինի պետութեան ճանաչումը: ՊԱԿ-ի գործադիր կոմիտէի քարտուղար Հիւսէյն Շէյխ «Էքս» ընկերային ցանցի իր էջին մէջ գրած է. «Մենք կ՛ողջունենք բարեկամ Հայաստանի կողմէ Պաղեստինի պետութեան ճանաչումը` միջազգային իրաւունքին համապատասխան: Սա իրաւունքի, արդարութեան, օրինականութեան յաղթանակն է, ազատագրութեան եւ անկախութեան համար պաղեստինցի ժողովուրդի պայքարի յաղթանակն է: Շնորհակալութի՛ւն, բարեկա՛մ Հայաստան», գրած է Շէյխ:
Պաղեստինեան Համաս շարժումը իր կարգին յայտնեց, որ Հայաստանի կողմէ Պաղեստինի պետութեան պաշտօնական ճանաչումը «յաւելեալ ու կարեւոր քայլ է մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն, իր հողերուն սիոնական նացիական բռնագրաւումին վերջ տալու անոր ձգտումներուն եւ անկախ, ամբողջական գերիշխանութեամբ եւ Երուսաղէմ մայրաքաղաքով իր պետութիւնը հաստատելուն միջազգային ճանաչման ճամբուն վրայ»:
Համաս աշխարհի երկիրներուն վերստին կոչ ուղղեց «առնելու նոյնպիսի քայլեր, որոնք կը նպաստեն բռնագրաւումին դէմ մեր ժողովուրդի պայքարին եւ կը մեկուսացնեն ոճրագործ սիոնական գոյացութիւնը, որ կը շարունակէ մեր պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ ցեղասպանութիւն եւ ցեղային մաքրագործում գործել»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց Հայաստանի կողմէ Պաղեստինի պետութեան ճանաչումը` նշելով, որ Թուրքիան պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել, որ յաւելեալ երկիրներ ճանչնան Պաղեստինը: