«Հայաստան հրաւէր ստացած է` հոկտեմբերին մասնակցելու Եւրոպական Միութեան Փրակայի մէջ տեղի ունենալիք ոչ պաշտօնական վեհաժողովին», յայտարարած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել:
Հանդիպումի ընթացքին կը նախատեսուի քննարկել «Եւրոպական քաղաքական համայնքի» ստեղծման գաղափարը` համագործակցելու այն երկիրներուն հետ, որոնք կը սերտեն Եւրոպական Միութեան հաւանական անդամակցութեան տարբերակը:
Հրաւիրուած միւս երկիրներու շարքին են Նորվեկիան եւ Զուիցերիան, Եւրոպական Միութեան միանալ ցանկացող 10 երկիր` Ուքրանիան, Մոլտովան, Վրաստանը, արեւմտեան պալքանեան վեց երկիրները եւ Ազրպէյճանը:
Հարցականի տակ է Թուրքիոյ` վեհաժողովին մասնակցութիւնը, որուն, ինչպէս կը նշուի, դէմ են Յունաստանը եւ Կիպրոսը: Այս մասին Միշել ըսած է, որ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է Թուրքիան հրաւիրէ, սակայն «պէտք է համոզուիլ, որ գործընկերներու կողմէ աջակցութիւն կայ»:
Կը նշուի, որ Եւրոպական Միութիւնը հրաւէր պիտի ուղարկէ նաեւ Բրիտանիոյ յաջորդ վարչապետին, որ Լիզ Թրասն է:
Թէեւ մտավախութիւններ կային, որ եւրոպական քաղաքական համայնքը կրնայ պարզապէս կրկնօրինակել գոյութիւն ունեցող համաեւրոպական մարմինները, օրինակ` ԵԱՀԿ-ը, սակայն, Միշել ընդգծած է, որ ղեկավարները կ՛ուզեն ունենալ ոչ պաշտօնական եւ «շատ ճկուն» մարմին մը, որ նման է «Եօթներու խմբակ»-ին կամ «Քսաններու խմբակ»-ին: «Մենք չենք ուզեր բարդ կառոյց», ըսած է ան: