Հայաստանը եղած է եւ կը մնայ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան դաշնակիցը: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան ըսած է ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Իմանկալի Թասմակամպեթովը:
«Իմ կարծիքովս այս կացութենէն (ՀԱՊԿ-ի Մինսքի վեհաժողովէն Հայաստանի բացակայութենէն, «Ա.») կտրուկ եզրակացութիւններ ընելը անիմաստ է, Հայաստանը եղած է եւ կը մնայ մեր դաշնակիցը: Ասով, կը կարծեմ ամէն ինչ ըսուած է:
«Որքանով ՀԱՊԿ-ի քարտուղարութեան յայտնի է, հայկական պատուիրակութեան բացակայութեան պատճառները թեքնիք բնոյթ կրած են: Ամէն պարագայի, ասիկա անկախ եւ գերիշխան պետութեան որոշումն է, որուն վրայ ոչ մէկ այլ պետութիւն կամ կազմակերպութիւն կրնայ ազդել: ՀԱՊԿ-ը կը յարգէ Հայաստանի Հանրապետութեան որոշումը` իբրեւ կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ», ըսած է ան:
Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով մէկ օր առաջ ըսած էր, որ Ռուսիան յոյսով է, որ որոշ ժամանակ ետք Հայաստանը կը վերսկսի լիարժէք մասնակցութիւնը ՀԱՊԿ-ի գործունէութեան: