Կլէնտէյլ, Քալիֆորնիա – Անցեալ շաբաթ, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը երեք անջատ առաքումներով եւ $11.7 միլիոն ընդհանուր արժէքով դեղորայք առաքեց Հայաստան։ Հրատապօրէն անհրաժեշտ այս ապրանքները կ՚ընդգրկէին յօդատապի (rheumatoid arthritis) դեղեր ($11,180,000 արժէքով), insulin ($199,000), եւ աչքի կաթիլներ՝ ներակնային ճնշման բարձրացման (glaucoma) համար ($336,000)։
Դեղերը առաքուեցան Հայաստանի Ակնաբուժական Ծրագրին, Մուրացան Մանկական Գեղձաբանական Կեդրոնին, եւ Հայաստանի Առողջապահութեան Նախարարութեան։ Հայաստան Արցախ Ֆոնտը խորին երախտագիտութիւն յայտնեց Americares եւ Direct Relief կազմակերպութիւններուն՝ այս մեծարժէք դեղերու նուիրատուութեան համար։
Անցեալ 35 տարիներուն, Հայաստան Արցախ Ֆոնտն ու զայն նախորդած Միացեալ Հայկական Ֆոնտը Հայաստանին ու Արցախին հայթայթած են 1 միլիառ եւ 52 միլիոն տոլար ընդհանուր արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն, 158 թռիչքներով եւ 2,586 ծովային արկղերով։
«Հայաստան Արցախ Ֆոնտին կանոնաւորաբար կ՚առաջարկուի, բոլորովին անվճար կերպով, միլիոնաւոր տոլար արժէքով կեանք փրկող դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ», Սասունեան յայտնեց. «մեզի կը մնայ հոգալ առաքման ծախսը միայն։ Ուրեմն կը քաջալերենք ձեր առատաձեռն նուիրատուութիւնները, որպէսզի կարենանք շարունակաբար այս կենսական օժանդակութիւնը ուղարկել Հայաստանի բոլոր բժշկական կեդրոններուն»։
Յաւելեալ տեղեկութեան համար, կը խնդրուի դիմել Հայաստան Արցախ Ֆոնտի գրասենեակին. հեռաձայնի թիւ՝ (818) 241-8900. իմէյլի հասցէ՝ sassoun@pacbell.net։