Հայաստան և Ազրպէյճան բանակցութիւններ. որո՞նք են նպատակն ու տեսլականը

Հայաստան և Ազրպէյճան բանակցութիւններ. որո՞նք են նպատակն ու տեսլականը

Տիգրան Ճինպաշեան

Հայաքուէն օրէնքով նախատեսուած վեց շաբաթներու փոխարէն երեք շաբաթէն յաջողեցաւ աւելի քան 58.000 ստորագրութիւն ապահովել: Հայաստանի քաղաքացիներու ստուար թիւ մը կը մերժէ Արցախը բացի Հայաստանէն տարբեր երկրի մը մաս ընդունիլ: Նոյն թիւը կը մերժէ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան իրականութիւնը ժխտելը կամ կասկածի ենթարկելը: Այժմ հայաքուէի օրինագիծը պէտք է արձանագրուի Ազգային ժողովի օրակարգին վրայ եւ քննուի: Ինչպէ՛ս պիտի վարուի Ազգային ժողովը աւելի քան 58.000 քաղաքացիներու տեսակէտին հետ: Եթէ որդեգրէ զայն կը նշանակէ, որ հակառակ տեսակէտ արտայայտողը, քրէական պատասխանատուութեան պիտի ենթարկուի: Նիկոլ Փաշինեանը գործնապէս պատասխանատուութեան չ՛ենթարկուիր, քանի որ որեւէ օրէնք չի կրնար յետադարձ կիրարկում ունենալ: Կը մնայ հարցին բարոյական կողմը: Ազգային ժողովին կողմէ ընդունուած օրէնքին հակասութեան մէջ գտնուիլը գործադիրը կը դնէ անելանելի դրութեան մէջ, իսկ օրէնսդիրը պարտաւոր կ՛ըլլայ հետեւութիւններ կատարել նման հակասութեան մը առկայութեան:

Հայաստանի գործող իշխանութիւնը համոզուած է, որ 2021¬ի ընտրութիւններուն ինք պատուէր ստացած է երկիրը կառավարելու ինչպէս կը կամենայ: Նոյնիսկ ներկայացուած նախընտրական ծրագրին հակոտնեայ եղանակով: Գռեհիկ ժողովրդավարութեան այս սկզբունքէն մեկնելով, Ազգային ժողովը կրնայ մերժել հայաքուէի բանաձեւը` հակադրուելով յանուն ժողովրդավարութեան, ժողովրդական կամքին: Հայաքուէի արագ յաջողութիւնը ցոյց կու տայ, որ իշխանութեան վարած քաղաքականութիւնը հասարակական համամտութեան ենթակայ չէ: Սակայն իշխանութիւնը պնդագլուխ կը շարունակէ իր ընթացքը, ամէն օր քիչ մը աւելի խճճուելով Ռուսիոյ, Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու քաղաքական պահանջներուն մէջ: Աշխարհաքաղաքական շահերու ոլորապտոյտին մէջ Հայաստան եւ Արցախ դարձած են մանրադրամ. բարի տրամադրութիւններն ու յայտարարութիւնները անպակաս են, նոյնիսկ հասցէական ու Ազրպէյճանը դատապարտող, սակայն ոչ ոք կ՛ուզէ ակռայ ցոյց տալ ու Ազրպէյճանի շարունակական ապօրինութիւնները կասեցնող միջոցառման մը ձեռնարկել: Բոլորը բարի կամքի տէր ու «անշահախնդիր» միջնորդներ են:

Վերադառնանք հայաքուէին ու անոր առաջարկած բանաձեւին Ազգային ժողովի կողմէ հաւանական մերժումին: Օրէնքը կը նախատեսէ, որ նման իրողութեան մը պարագային, նախաձեռնող մարմինը կրնայ դիմել ժողովրդային հանրաքուէի: Հանրաքուէ կազմակերպելու համար, անհրաժեշտ է ապահովել 300.000 ստորագրութիւն, որոնք պէտք է գումարուին առաջին հանգրուանի 58.000¬ին վրայ: Ուրիշ խօսքով, առաջին հանգրուանի ստորագրողները չեն կրնար երկրորդ ստորագրահաւաքին մասնակցիլ: Կարելի կ՛ըլլա՞յ այսքան մեծաթիւ ստորագրութիւն ապահովել, ժամանակը ցոյց պիտի տայ: Նման իրագործում մը կ՛ենթադրէ պետական քաղաքականութեան դէմ ծաւալուն հակադրութիւն: Իսկ հանրաքուէին արդիւնքը պէտք է ցոյց տայ, որ Հայաստանի քաղաքացիները չեն շփոթեր ընթացիկ քաղաքական աշխատանքները, գոյութենական` հայկական պետութեան գոյութիւնն իսկ երաշխաւորող դիրքորոշումէն:

Ենթադրական կալուածէն դառնանք առօրեային, ընթացիկին: Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տեղի ունեցող բանակցութիւններուն հետեւողը շփոթահար կը մնայ: ԹԷ ի՛նչ կը խօսուի այդ բանակցութիւններու ընթացքին, կեցուածքները անսասան կը մնան արդեօք ռուսական, եւրոպական կամ ամերիկեան միջնորդութիւններուն ընթացքին: Հայաստանի մէջ, նոյնիսկ Արցախի մէջ, հետզհետէ շեշտուող հակառուսական դիրքորոշումներու պայմաններուն մէջ, ընդհանրապէս արդարացի եւ պայմանաւորուած Ազրպէյճանի ոտնձգութիւններուն հակազդեցութեան բացակայութեամբ, չենք տեսներ ռուսական ներկայութիւնը բացառող ապահովական տարբեր դրութեան մը խոստումը: Խօսք շատ կայ, բայց գործնական իրագործման միջոցառում չկայ: Աւելի՛ն. Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ընդունելու դիրքորոշումը առաջին անգամ յայտարարուեցաւ… Եւրոպական Միութենէն: Արեւմուտքի հայանպաստ, ըսենք` աւելի հայանպաստ դիրքորոշման մասին առայժմ երաշխիքներ չունինք:

Իշխանութեան գործողութիւններու դէմ կրաւորական ընդդիմութեան գոյութիւնը կասկածէ դուրս է: Ինչո՞ւ այդ ընդդիմութիւնը կրաւորական կը մնայ, ինչո՞ւ գետնի վրայ չ՛արտայայտուիր: Ոմանք կ՛ըսեն նաեւ, որ ինչո՞ւ սփիւռքը լուռ է:

Գաղտնիութեան պայմաններուն տակ, որո՞ւ եւ ինչի՞ ընդդիմանալ: Միակ տեսանելին` իշխանութեան զիջողական քաղաքականութիւնն է, պարտուողական կեցուածքը, որուն դէմ քաղաքացիական պայքարը դատապարտուած է մնալու խօսքակռիւի սահմաններուն մէջ: Հայաստանի ժողովուրդը առայժմ կը մերժէ զօրաշարժի ենթարկուիլ, իշխանութեան պարտադրելու համար տարբեր քաղաքականութիւն: Ցանկութիւնը կա՛յ, հայաքուէի ստորագրահաւաքը վկայ, բայց զայն ժողովրդային հզօր շարժումի վերածելու կամքը կը բացակայի:

Արցախի մէջ, խորհրդարանի նախագահի փոփոխութիւնը եւ հանրապետութեան նախագահի հարցազրոյցի ընթացքին արտայայտած մտքերը, յատկապէս ինքնորոշման համար պայքարելու պատրաստակամութիւնը տեղաշարժի մը ազդանշանները կ՛ազդարարեն: Ստեղծուած է վիճակ մը, ուր անկարելի է ծրագրուած ու նպատակաուղղուած աշխատանք կատարել: 22 կողմ եւ 9 դէմ ձայներով իր ընտրութենէն առաջ, Դաւիթ Իշխանեան ելոյթ ունենալով, յայտարարեց. «Իրավիճակը եւ պայմանները խիստ արտասովոր են. ընկալելի չի լինի եթէ հանդէս գամ ծրագրային ելոյթով: Ժամանակի թելադրանքը այնպիսին է, որ առօրեայ խնդիրների լուծումը դարձել է հրամայական, սակայն պէտք է ի մտի ունենալ` վճռորոշը նպատակն է ու տեսլականը»:

Share