Հայաստան Գրաւեց  Ողիմպիականի 66-րդ Դիրքը՝ 3 արծաթէ եւ 1 պրոնզէ Մետալներով

Հայաստան Գրաւեց Ողիմպիականի 66-րդ Դիրքը՝ 3 արծաթէ եւ 1 պրոնզէ Մետալներով

ՓԱՐԻԶ․- Արդէն իսկ պատմութեան անցաւ 33-րդ Ողիմպիականը։ Կազմերը սկսան վերադառնալ իրենց երկիրները։ Հայաստանի Ողիմպիականի հաւաքականը իր մետալներով գրաւեց 66-րդ դիրքը` 3 արծաթէ եւ 1 պրոնզէ մետալներով:

Ծանրաբարձութեան 102 քկ. կշիռքի մրցումներուն, Հայաստանի Ողիմպիական խումբի անդամ, 2024-ի Եւրոպայի ախոյեան աշխարհի բաժակակիր Վարազդատ Լալայեան 487 քկ. արդիւնքով արծաթ մետալ շահեցաւ: Պրոնզ մետալ շահեցաւ Պահրէյնը ներկայացնող հայազգի Գոռ Մինասեան` 461 արդիւնքով:

Ոսկի մետալ շահեցաւ վրացի Լաշա Թալախածէ` 470 քկ. արդիւնքով: 89 քկ. կշիռքի մրցումներուն Անդրանիկ Կարապետեան գրաւեց 7ր-դ դիրքը: Նախապէս, արծաթ մետալներ շահած էին մարմնամարզիկ Արթուր Դաւիթեան եւ ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեան, իսկ պրոնզէ մետալ` ըմբիշ Մալխաս Ամոյեան: Հայաստան իր մետալներու հաշիւը աւարտեց 4 մետալներով:

Հայաստանի Ըմբշամարտի դաշնակցութիւնը բողոքեց յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեանի եզրափակիչ գօտեմարտի արդիւնքին դէմ։  Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի փոխնախարար Կարէն Գիլոյեան նշած է, թէ Հայաստանի կառավարութիւնը եւս կը միանայ բողոքին: «Կը սպասենք գրաւոր պատասխանին, որ կը կցուի Հայաստանի ազգային Ողիմպիական յանձնախումբի բողոքին եւ կը ղրկուի համապատասխան ատեաններուն: Կը վստահեցեմ, որ պիտի փորձենք վերականգնել արդարութիւնը»,– ըսաւ ան:

Նշենք, թէ աւարտական փուլին Ալեքսանեան գօտեմարտած էր իրանցի Մոհամատհատի Սարաւիի հետ եւ 1-4 հաշիւով պարտուած՝ արժանանալով արծաթեայ մետալի:

Ըստ անոր՝ Ողիմպիական կոմիտէի բողոքարկման յանձնաժողովը առաջին արձագանգով խնդրեց նաեւ յստակօրէն ներկայացնել`ո՛ր դրուագին ընթացքին, եւ ի՛նչի դէմ է բողոքը:

«Մենք Ողիմպիական խաղերի ընթացքում ունեցանք դէպքեր, երբ այլ գօտեմարտում նմանատիպ դրուագի համար ճիշդ հակառակ վերաբերմունքն է եղել: Մենք առաւել քան վստահ ենք, որ Արթուր Ալեքսանեանն այդ գօտեմարտը չէր պարտուի: Թող բողոքարկման յանձնաժողովը որոշի: Մենք մեր ոսկէ մեդալը պահանջելու ենք մինչեւ վերջ, մինչեւ վերջին ատեան, մինչեւ Լոզան», ըսաւ ան։

Իր կարգին, Արթուր Ալեքսանեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ արծաթէ մետալը իրեն չի պատկանիր, այդ պատճառով ալ իր վիզէն հանած է զայն։

«Բոլորը հարցնում են, թէ ես ինչու մեդալը հանեցի կրծքիցս, որովհետեւ այդ մեդալն ինձ չի պատկանում: Փարիզի Օլիմպիական խաղերի արծաթէ մեդալն ինձ չի պատկանում: Պատճառը սա է», եզրակացուց Ալեքսանեան։

Այսպէս, մօտ երկուքուկէս շաբաթ հետաքրքրական, գեղեցիկ եւ լաւ կազմակերպուած մրցաշարք մը տեղի ունեցաւ լոյսերու քաղաքին մէջ: 2028-ին Լոս Անճելըս պիտի հիւրընկալէ 34-րդ ամառնային Ողիմպիականի խաղերը։

Share