Վերջին տասնամեակներուն, Լոս Անճելըսի հայ համայնքը, Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը
կատարած է գաղութի հիմնական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներէ կազմուած
Միացեալ Մարմնի միջոցով: Այս մարմնին մաս կազմած է կազմակերպութիւններ,
քաղաքական կուսակցութիւնները, կրօնական յարանուանութիւնները, բարեսիրական եւ
հայրենակցական միութիւններ, իսկ այժմ, Միացեալ Մարմնին միացած են աւելի քան 40
միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ:
Այս տարի, անգամ մը եւս նկատի ունենալով «Քորոնա» համաճարակի պատճառով
ստեղծուած իրավիճակը եւ պահելով առողջապահական բոլոր ուղղեցոյցները, Միացեալ
Մարմինին որոշումով, Շաբաթ, 23 Ապրիլ, 2022 թուականին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին,
կրօնական արարողութեամբ մը պիտի ոգեկոչուի Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ
տարելիցը, մասնակցութեամբ գաղութի յարանուանութիւններու հոգեւոր հայրերուն: Վայր՝
Մոնթէպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան, Հասցէ. 901 Via San Clemente,
Montebello, CA 90640.
Հրաւիրուած է հայ համայնքը մասնակցելու եւ յարգանքի տուրքը մատուցելու մեր
սրբադասուած անմեղ նահատակներու յիշատակին:
Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Միացեալ Մարմին
Լոս Անճելոս
Մարտ, 2022