Պուէնոս Այրէսի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ երիտասարդական հաւաք «Մէկ դատ, մէկ գաղափար» խորագրով

Պուէնոս Այրէսի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ երիտասարդական հաւաք «Մէկ դատ, մէկ գաղափար» խորագրով

2024թ Օգոստոս 30,31 եւ Սեպտեմբեր 1-ին, 60 միութենական եւ համակիր երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, Հարաւային Ամեիրկայի 3 երկիրներէ ՝ Արժանթին, Ուրուկուայ եւ Պրազիլ, մասնակցեցան իր բնոյթով եզակի երիտասարդական հաւաքի մը, կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Ահարոնեան Կեդրոնական Կոմիտէին: Հաւաքին հրաւիրուած էին եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի կողմէ գործուղուած էին տարածաշրջանի 3 երկիրներու մէջ գործող Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութիւններէ անդամներ՝ Հ.Յ.Դ. Գանատայի Երիտասարդական Միութենէն, Հ.Յ.Դ. ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի Հ.Ե.Դ.-էն եւ Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութենէն: Ինչպէս նաեւ հաւաքին ներկայ էր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ Երիտասարդական հարցերու պատասխանատու ընկեր Յովսէփ Տէր Գէորգեանը:

Հաւաքը նպատակ կը հետապնդէր՝

– Վերաշխուժացնել Հարաւային Ամերիկայի Դաշնակցական Երիտասարդական միաւորները
– Ամրապնդել երիտասարդներու հայկական ազգային եւ մշակութային ինքնութիւնը
– Ընդլայնել Հայ Դատի աշխատանքներու վերաբերեալ երիտասարդ համակիրներու մասնակցութիւնը

Հաւաքը բարեյաջող ընթացաւ եւ հագեցած էր աշխուժ եւ օգտաշատ օրակարգերով, որոնք կը ներառէին՝ հայութեան քաղաքական այժմէական մարտահրաւէրներուն մասին քննարկումներ, սփիւռքահայ երիտասարդութեան քաղաքական ներգրաւուածութեան եւ հայկական ինքնութեան մասին զրոյցներ, Հայ Դատի պայքարին գործնական մասնակցութեան քայլեր, առաւել եւս մշակութային ժամեր: Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի 44 օրեայ պատերազմին մասին, շրջափակման եւ ցեղային զտման իրողութեան եւ այսօր արցախահայութեան ընկերային եւ հոգեբարոյական վիճակը Հայաստանի մէջ:

Տարածաշրջանէն ներկայ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութիւններու ներկայացուցիչները զեկուցեցին իրենց աշխատանքներուն մասին եւ առհասարակ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի գործունէութեան յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ Ընկեր Յովսէփ Տէր Գէորգեանի կողմէ, շեշտելով տուեալ տարածաշրջանէն ներս հայ երիտասարդութեան համախմբման անհրաժեշտութիւնը, հայկական հարցի համար պայքարի շուրջ:

Share