Թող Մայիս 28 կերտած սերունդին գաղափարական նուիրումը ըլլայ մեր ուղեցոյց-փարոսը այսօր

Թող Մայիս 28 կերտած սերունդին գաղափարական նուիրումը ըլլայ մեր ուղեցոյց-փարոսը այսօր

1918ի ճիշդ այս օրերուն, մեր ժողովուրդը կանգնած էր ճակատագրական՝ լինել-չլինելու խնդիրին դէմ հանդիման։ Արամ Մանուկեանի գաղափարականով ամրապնդուած մեր ժողովուրդը մէկ մարդու նման, առանց խտրութեան, կանգնեցաւ իր զինեալ ուժերուն կողքին։ Ունեցանք հերոսամարտեր եւ ունեցանք սեփական պետութիւն։

Մայիս 28ը մեր ժողովուրդի միասնականութեան արդիւնքն էր։

Մայիս 28ով, մեր ժողովուրդը ունեցաւ իր սեփական տեղն ու դիրքը համաշխարհային քաղաքական քարտէսին վրայ։

Մեր պետութիւնը այսօր կորսնցուցած է քաղաքական ազդակ ըլլալու հանգամանքը՝ իբրեւ  հետեւանք փաշինեանական-ՔՊական դաւաճանական վարքագիծին։ Անհրաժեշտ է օր առաջ ձերբազատուիլ այս ապազգային վարչախումբէն։

Այդ մէկը կարելի է՝ համախմբելով մեր ճիգերը, գործընթաց մը՝ որուն ականատես կը դառնանք այսօր։

Այսօր կանգնած ենք մեր պետութիւնը փրկելու հրամայականին դիմաց։ Այդ մէկը կարելի՛ է՝ որովհետեւ ունինք Մայիս 28 կերտած սերունդին վճռակամութիւնը։

Թող այդ սերունդին, Մայիս 28 կերտած մեր սերունդին գաղափարական նուիրումը ըլլայ մեր ուղեցոյց-փարոսը այսօր։ Զինուինք այդ սերունդին նուիրումով ու հաւատքով, որպէսզի փրկենք մեր պետութիւնը ստոյգ կործանումէ։

Կեցցէ՛ մեր պայքարող ժողովուրդը, կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան

Արևմտեան ԱՄՆի Կեդրոնական Կոմիտէ

Լոս Անճելըս,
Մայիս 27, 2022

Share