Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանը 30 Յունիս 2024ին Քալիֆորնիա նահանգի Մոնթեպելլօ քաղաքին մէջ աւարտեց իր 58րդ Շրջանային Ժողովը։ Սոյն ժողովը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, եւ ընտրեց ՀՅԴ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի նոր կեդրոնական կոմիտէ՝ երկու տարի ժամկէտով, կազմուած հետեւեալ անձերէ.
Կարօ Մատէնլեան — Ատենապետ
Անուշ Չալեան — Քարտուղար
Վիգէն Պապիկեան — Գանձապահ
Տարօն Տեր Խաչատուրեան
Արմէն Յովհաննիսեան
Լեւոն Պարոնեան
Արմէն Չալեան
Դրօ Գրիգորեան
Րաֆֆի Գույումճեան
Հիլտա Սալիպա
Խաչիկ Թազեան