ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի լիբանանեան ընտրութիւններու շտաբը աւարտեց իր աշխատանքը

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի լիբանանեան ընտրութիւններու շտաբը աւարտեց իր աշխատանքը

Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները որոնք աւարտեցին Մայիս 15, 2022-ին, եղան մեծաւ մասամբ ի նպաստ ՀՅԴ-ի առաջադրած թեկնածուներուն: «Օրակարգ»ը առաջին մամլոյ ներկայացուցիչը եղած էր որ հենուելով հաւաստի աղբիւրներու վրայ ընտրութեան գիշերն իսկ յայտարարած էր նախնական և ոչ-պաշտօնական արդիւնքներ: Ուրախ ենք հաստատելու որ ներկայիս պաշտօնապէս ընտրուած երեսփոխաններու ցանկը կը մնայ ըստ մեր սկզբնական նախատեսութեան և անփոփոխ:

Այսպէս ՀՅԴ-ի առաջադրած չորս թեկնաղուներէն երեքը ընտրուած են –

-Յակոբ Բագրատունի (ՀՅԴ – Լեռնալիբանան ներառեալ Պուրճ Համմուտ)

-Յակոբ Թերզեան (ՀՅԴ – Պէյրութ)

-Ճորճ Պուշիքեան (ՀՅԴ – Զահլէ/Պեքաա)

Քալիֆորնիոյ և Արեւմտեան Ամերիկայի լիբանանահայութիւնը անմասն չմնաց այս իրագործումին մէջ: Այսպէս, հարիւրաւոր լիբանանահայեր արձանագրուեցան և Մայիս 8, 2022-ին Լոս Անճելըսի, Սան Ֆրանսիսքոյի և այլ քաղաքներու մէջ կարողացան իրենց քուէն բերել այս ճիգին: Բոլորին վարձքը կատար և յատուկ շնորհակալութիւններ բոլոր մասնակիցներունղ

Այս առթիւ, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկան ունէր յատուկ շտաբ որու առաքելութիւնն էր ընտրութեան իրաւունքի յատուկ արձանագրութիւնները դիւրացնել, ժամկէտը աւարտած անցագիրները նորոգել, եւլն: Նկարին մէջ տեսնել շտաբի կազմը Քրեսենթա Հովիտի Մհէր և Սաթիկ Տէր Օհաննէսեան Կեդրոնէն ներս:

Share