Հ.Յ.Դ. Կազմակերպական Ապակեդրոնացումը Ծուռ Հայելիներու Մէջ

Հ.Յ.Դ. Կազմակերպական Ապակեդրոնացումը Ծուռ Հայելիներու Մէջ

Խաժակ Մկրտիչեան

Դաշնակցականութիւնը մէկ ամբողջութիւն է, նոյն հարթութեան վրայ գտնուող երեք բաղադրիչներով՝ Երդումը, Ծրագիրը եւ Կանոնագիրը: Իւրաքանչիւր փորձ, որ կը միտի զանոնք իրարմէ անջատել կամ մէկուն միւսէն աւելի նախապատուութիւն տալ, դաշնակցականութեան աղաւաղում է: Դաշնակցականի երդումը բոլորը զիրար կը շաղկապէ, իբրեւ խոստում «միշտ հաւատարիմ մնալ Հ.Յ.Դ. Ծրագրին, Կանոնագրին ու որոշումներուն»:

Կանոնագրային տրամադրութիւններու լոյսին տակ, մեծ առաւելութիւն է կազմակերպական ապակեդրոնացումով գործելու եղանակը, սակայն միշտ զայն պէտք է ընկալել գաղափարական կեդրոնացումին կցուած: Իսկ գաղափարական կեդրոնացումը կը նշանակէ նոյն սկզբունքներուն հաւատալ եւ նոյն ռազմավարական մեկնակէտն ու հայեցակարգը ընդունիլ: Գաղափարական կեդրոնացումի սահմանումն ու նշացողը յստակօրէն տեղադրուած են երդման տառին ու ոգիին մէջ, Ծրագրին ու որոշումներուն հաւատարիմ ըլլալու ձեւակերպումով: Գաղափարական կեդրոնացումն է, որ Դաշնակցութեան տարբեր պայմաններու տակ ու միջավայրերու մէջ գործող միաւորներուն կուտայ նոյն կազմակերպութեան պատկանելու դիմագիծ, այլապէս արդիւնքը պիտի ըլլայ այն, որ Հ.Յ. Դաշնակցութեան անուան տակ ձեւաւորուած տարբեր կուսակցութիւններ կազմուին, որոնք տարբեր բաներու կը հաւատան եւ տարբեր սկզբունքներ ունին:

Կազմակերպական ապակեդրոնացումը սակայն, Հ.Յ.Դ. Կանոնագրային այն սկզբունքներէն է, որ եթէ ոչ չարաշահուած, բայց գոնէ՝ թիւր ձեւով մեկնաբանուած ու ծուռ հայելիի մէջ մատուցուած կէտերէն մէկն է: Երբեմն, սխալ մեկնաբանութեամբ կազմակերպական ապակեդրոնացումը կը տարուի բացարձակութեան, աւելի յաճախ ալ՝ անիշխանականութեան: Երկու պարագաներուն ալ դաշնակցականութիւնը մասնատուած ձեւով ընկալելու, կազմակերպական ապակեդրոնացումը գաղափարական կեդրոնացումէն եւ երդումէն անջատ մեկնաբանելու սխալ ընթացքով:

Ոմանք, կազմակերպական ապակեդրոնացումը կը մեկնաբանեն, այնպէս որ իրենց իրաւունք կուտայ իրենց ղեկավարութեան յանձնուած շրջանին մէջ ինչ ուզեն կրնան ընել, եւ գերադաս մարմինները իրաւունք չունին միջամտելու: Այստեղ, միտումնաւոր կամ անգիտակցաբար մոռացութեան կը տրուի այն հանգամանքը, որ կազմակերպական ապակեդրանոցումով ընձեռուած գործելակերպային ազատութիւնը չի կրնար հակասել Ծրագիրով ու Ընդհանուր Ժողովներու որոշումներով ձեւաւորուած գաղափարական կեդրոնացումին եւ երդման մէջ ընդգծուած՝ որոշումներուն հաւատարիմ ըլլալու յանձնառութեան: Կազմակերպական ապակեդրոնացումը միջոցներու յարմար ընտրութիւն կատարելու ազատութիւնն է, եւ ոչ թէ ռազմավարական պահանջներն ու որոշումները կատարելու կամ չկատարելու անիշխանականութիւն: Աւելին, այն նոյնիսկ առիթ չի տար ըստ ճաշակի որոշումներուն մէկ մասը կատարելուն, իսկ միւս մասը չկատարելուն:

Կազմակերպական ապակեդրոնացման միւս ծուռ մեկնաբանութիւնը այն է, որ ոմանք կը մտածեն, թէ այնքան ատեն, որ հարցը կը վերաբերի իրենց ղեկավարման յանձնուած շրջանին, ուրեմն իրենք բացարձակ ազատութիւնը ունին որոշումներ առնելու, առանց նուազագոյն խորհրդակցութեան առիթ ստեղծելու: Բայց պէտք է գիտակցիլ, որ մանաւանդ քաղաքական կեանքին մէջ, խնդիրներն ու յարաբերութիւնները շատ փոխշաղկապուած են: Ուստի, եթէ աշխարհաքաղաքական տարածքի մը մէջ առնուած որոշում մը իր հետեւանքներով դուրս կրնայ գալ տուեալ տարածքի սահմաններէն, կարելի չէ կազմակերպական ապակեդրոնացումը բացարձակութեան տանիլ եւ անտեսել այլ շրջանի մէջ խնդիրներ յառաջացնող հաւանական հետեւանքները: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է ընկալել, որ նման պարագաներուն, միշտ կարիք կայ խորհրդակցութեան ու համադրման: Այլապէս, Հ․Յ․Դ․ գործելակերպային մեծ առաւելութիւն նկատուող կազմակերպական ապակեդրոնացումը կը տարուի բացարձակութեան, որ տեղ մը կառուցելու միտումով առնուած որոշում մը այլ տեղ մը կրնայ վնասել:

Անհրաժեշտ է ուրեմն, դաշնակցականութիւնը ընկալել իր ամբողջութեան մէջ եւ չփորձել զայն մասնատել ու ըստ ճաշակի մեկնաբանել ու կիրառել: Ի վերջոյ, Ա. Ընդհանուր ժողովին տուած պատգամը միշտ ուժի մէջ է. «Յեղափոխական գործի մէջ իրաւունքի եւ պահանջի խնդիր չի կրնար ըլլալ, այլ միմիայն` բարոյական պարտաւորութեան եւ բաւարարութեան խնդիր»:

Share