ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Գնահատեց Ժոլիի Կոչը՝ Վստահութիւն Յայտնելով, որ Անիկա Պիտի Ներառուի ՔՈՓ29-ի Ընթացքին Քանատայի Դիրքորոշման Մէջ
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Սթեֆանի ՄքՔալըմին յղեց նամակ մը, որուն մէջ անդրադարձաւ Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլիի Արցախի հայաթափման առաջին ամեակի առիթով 22 սեպտեմբերին հրապարակած յայտարարութեան։
Հայ դատի մարմինը մեծապէս գնահատեց արցախահայութեան ցեղային զտման վերաբերող հարցերուն նկատմամբ Քանատայի սկզբունքային դիրքորոշումը՝ վստահութիւն յայտնելով, որ այդ դիրքորոշումը պիտի ներառուի ՔՈՓ29-ի ընթացքին արտայայտուելիք Քանատայի պաշտօնական դիրքորոշման մէջ՝ «ապահովելու համար արտաքին գործոց նախարար Ժոլիի կոչի գործադրումը»։
Քանատական դիւանագիտութեան պետը 22 սեպտեմբերին իր հրապարակած յայտարարութեան մէջ Ազրպէյճանին կոչ ուղղած էր՝ ազատ արձակելու հայ պատերազմական գերիներն ու Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կամայականօրէն կալանաւորուած ներկայացուցիչները, յարգելու արցախահայութեան ապահով ու արժանապատիւ տունդարձի իրաւունքը, եւ գտնելու Արցախի հարցին քաղաքական լուծում մը, որ կը յարգէ հիմնարար սկզբունքները, ներառեալ ինքնորոշման իրաւունքը։