Թորոնթոյի մէջ կայացած ՀՅԴ օրուան տօնակատարութեան ընթացքին պատգամեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեան

Թորոնթոյի մէջ կայացած ՀՅԴ օրուան տօնակատարութեան ընթացքին պատգամեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեան

60 տարի առաջ, Թորոնթոյի ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան դաշնակցական անդամները տեսլական ծրագիր մը յղացան Թորոնթոյի մէջ համայնքային կեդրոն համալիր մը հիմնելու, ուր պիտի համախմբուէր այդ օրերուն նոր կազմակերպուող Թորոնթոյի հայութիւնը։ Տասնամեակներ ետք, այդ տեսլականը արդէն իրականութիւն դարձած է եւ Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնը վերածուած է Օնաթարիոյի հայութեան հայապահպանման ամրակուռ ամրոցին ու բազկերակին, իր եկեղեցիով, դպրոցով եւ համայնքային կեդրոնով։ Յունուար 20-ի երեկոյեան, ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի կազմակերպութեամբ նոյն այդ կեդրոնին մէջ նշուեցաւ Դաշնակցութեան 133-ամեայ յոբելեանը։ ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» մասնաճիւղերու պատանիները երգեցին Հայաստանի, Արցախի եւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան օրհներգները, որմէ ետք օրուան հանդիսավար Լորի Արամեան հրաւիրեց ՀՅԴ «Սողոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան երիցագոյն կուսակցական Վրէժ Աւագեան սերնդափոխութեան ջահը փոխանցելու պատանեկանի կրտսերագոյն անդամ Չարենց Հաճիարթինեան։

Տեղի ունեցաւ ՀՅԴ «Քրիստափոր» Պատանեկան Միութենէն ՀՅԴ ԳԵՄի «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղ փոխանցման արարողութիւն: Խոստման արարողութիւնը վարեց ՀՅԴ ԳԵՄի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Վաչէ Այվազեան:

Ուղերձով հանդէս եկաւ ՀՅԴ «Սողոն Թեհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վահան Աճէմեան։ «Դաշնակցութիւնը Գանատայի մէջ կը գործէ աւելի քան 120 տարիէ ի վեր: Այսօր, 120 տարի ետք, կը շարունակէ գործել նոյն աշխուժութեամբ եւ թափով: Տակաւին անցեալ տարի մեր կուսակցական շարքերը համալրուեցան 23 նոր անդամներով ՝ Օնթարիոյի 3 կոմիտէութիւններէն, որոնց կէսը երիտասարդական շարքերու անդամներ էին. բան մը՝ որ ցոյց կու տայ կուսակցութեանս պայծառ ապագան», յայտնեց Վահան Աճէմեան եւ նշեց, որ տօնակատարութիւնը պատմական օր է համայնքին համար, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով, Թորոնթոյի հայ կեդրոնէն ներս հաւաքուած են Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչն ու Բիւրոյի երկու անդամներ, ինչպէս նաեւ Գանատայի տարբեր նահանգներէն ժամանած ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի բոլոր անդամները, ՀՅԴ Գանատայի պաշտօնաթերթ՝ «Հորիզոն»ի խմբագիրը, անգամ մը եւս ցոյց տալով Գանատայի Դաշնակցական կառոյցի միասնականութիւնն ու յանձանռութիւնը՝ պայքարելու Միաւորուած Հայրենիքի տեսլականին ի խնդիր:

Ֆրանսայէն յատկապէս հրաւիրուած հանդիսութեան գլխաւոր պատգամաբեր Յովսէփ Տէր Գէորգեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հարաւային Կովկասի աշխարհաքաղաքական ներկայ կացութեան, հայրենի պետութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ Արցախեան վերջին պատերազմէն ու բռնի տեղահանումէն ետք արցախահայութեան առկայ իրավիճակին մասին։ Ան ըսաւ. «Հրաշք լուծումներ չկան. հետեւողական եւ ծրագրուած աշխատանքի շնորհիւ հզօր պետութեան կերտումն է այս տարածաշրջամի մէջ գոյատեւելու եւ ապա զարգանալու միակ գրաւականը: Հզօր պետութիւն՝ որ հիմնուած ըլլայ ընկերային արդարութեան, բարգաւաճ տնտեսութեան եւ ռազմական կարողութիւններու վրայ: Այդ հզօր պետութիւնն է որ մեզի թոյլ պիտի տայ ազատագրելու Արցախը թշնամական բռնագրաւումէն։ Հզօր պետութեան մեր պատկերացումը ունի հետեւեալ կարեւորագոյն բաղադրիչները։ Առաջին՝ Արտաքին քաղաքականութիւն, կը հաւատանք որ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան միակ արեւելումը պէտք է ըլլայ Հայկական»։ Հզօր պետութեան մեր պատկերացումը ունի կարեւորագոյն բաղադրիչներ, որոնցմէ առաջինը՝ արտաքին քաղաքականութիւնն է եւ կը հաւատանք որ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան միակ արեւելումը պէտք է ըլլայ Հայկական արեւելում»։

Ներազգային գետնի վրայ, պատգամաբերը նշեց, որ կուսակցութեան կիզակեդրոնը յառաջիկայ հանգրուանին Արցախի հիմնախնդիրն է։ Ան միաժամանակ հաստատեց այն իրողութիւնը, որ ազգային գաղափարախօսութեան դաւանող հիմնական քաղաքական ուժ հանդիսացող Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան դէմ ՀՀ իշխանութիւններուն կողմէ կը տարուի մոլեգին պայքար, որ կը նպատակադրէ մէկ թիրախ՝ տկարացնել կուսակցութեան կառոյցը, թերահաւատութիւն եւ կասկածամտութիւն սերմանել Դաշնակցութեան նկատմամբ։ Ան յայտնեց, որ ինչպէս հեռու կամ մօտիկ անցեալին, շնորհիւ կուսակցութեան ներուժին եւ միասնականութեան, նման փորձերը դատապարտուած են ձախողութեան: (Պատգամաբերին խօսքը կը հրատարակենք առանձնաբար)։

Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Հասած ենք այնպիսի օրհասական օրերու, որ ելքեր գտնելու եւ վերոնշեալ ծրագիրները իրագործելու համար անհրաժեշտ է հաւատք եւ հետեւողական աշխատանք։ Ծրագրուած գործ` անխտիր բոլոր ոլորտներու մէջ, որպէսզի ունենանք հզօր պետութիւն, մարտունակ բանակ, ազգային գիտակցութեամբ հայութիւն, ամրակուռ սահմաններ, ու կազմակերպուած սփիւռք: Երկարաժամկէտ առումով, Հայ ժողովուրդի պայքարելու կամքն ու վճռականութիւնն է որ պիտի ստեղծեն քաղաքական, տնտեսական ու զինուորական հնարաւորութիւններ որպէսզի ժամանակաւոր պարտութիւնները վերածենք մշտական յաղթանակներու»:

Դաշնակցութեան եւ Արցախեան ազատագրական պայքարին նուիրուած յեղափոխական եւ հարենասիրական երգերով հանդէս եկաւ Սերոբ Յակոբեան, «Կիլիկիա» նուագախումբին հետ։ 133-ամեակի կարկանդակը հատեցին ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Վահան Աճէմեան եւ ՀՅԴ Գանատայի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Խորէն Տիմիթեան։

Ասմունքով ելոյթ ունեցաւ Նելլի Թաշճեան եւ ասմունքեց Վահագն Դաւթեանի «Հաւատում եմ քեզ»ը: Երգիչ Սերոբ Յակոբեանի կողմէ պատրաստուած յատուկ տեսանիւթով յիշատակուեցաւ ՀՅԴ «Սողոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան երկարամեայ հաւատարիմ կուսակցական, Արցախի 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Վարանգաթաղի պաշտպանութեան թէժ մարտերուն նահատակուած Քրիստափոր Արթինը, որուն նուիրուածութեան, հայրենասիրութեան եւ անձնուրացութեան մասին վկայակոչեց իր կուսակցական ընկերը՝ Հրաչ Ճապրայեան։

ՀՅԴ «Սիմոն Զաւարեան» երիտասարդականի եւ «Քրիստափոր» ու «Ռոստոմ» պատանեկանի անդամները կուռ շարքերով ու Արցախի դրօշներով մասնակից դարձան Սերոբ Յակոբեանի եւ «Կիլիկիա» նուագախումբի հայրենաշունչ երգերուն։

Share