Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէն կը Հանդիպի Լիբանանի Ընդհանուր Հիւպատոսին

Read in English

Երեքշաբթի` Հոկտեմբեր 19, 2021-ին Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի
պատուիրակութիւն մը այցելեց Լոս Անճելըսի մօտ հաւատարմագրուած Լիբանանի
ընդհանուր հիւպատոս Պրն. Պաշիր Սարգիսին: ՀՅԴ պատուիրակութիւնը կազմուած էր
Տարօն Տէր Խաչատուրեանէ (ներկայացուցիչ), և Գարեգին Խանճեանէ ու Կայծակ
Զէյթլեանէ:

Հանդիպման ընթացքին վերարծարծուեցան հիւպատոսին նախորդողներուն օրերէն
իսկ հաստատուած ու տարիներու վրայ երկարող գործակցութեան աւանդը, ի սպաս
Լիբանանի և հոն միշտ բեղուն աշխատանք տանող լիբանանահայութեան:

Նաեւ քննարկուեցան Լիբանանի այժմու տնտեսական ու քաղաքական իրականութեան
ծալքերը, և Մայրիներու Երկիրը նորանոր ցնցումներէ հեռու պահելու հրամայականը,
Միջին Արեւելքի ու տարածաշրջանին ներկայ լարուածութիւններուն ի տես: Յատուկ
կերպով արծարծուեցաւ այսօր իսկ Լիբանանի Խորհրդարանին կողմէ
վերջնականացուած Մարտ 27, 2022-ին տեղի ունենալիք երեսփոխանական
ընտրութիւններուն թուականը, անոր մանրամասնութիւնները, և նոր յստակացուած
Լիբանանեան արտերկրի այդ ընտրութիւններուն մասնակցելու ձեւաչափերը: Պրն
հիւպատոսը բարձր գնահատեց նախկին գործակցութիւնները այս ծիրէն ներս, ուր
նաեւ լիբանանահայ սփիւռքը մասնակից եղած էր այսպիսի գործընթացներու:

ՀՅԴ պատուիրակութիւնը նաեւ լուսարձակի տակ առաւ Արցախի գծով
լարուածութիւնը, հոն կիրարկուած շրջանային ուժերու դերակատարոթիւնը, և փոքր,
սակայն իրենց իրաւունքներուն ամուր կարչած ժողովուրդներու արդար պայքարը:
Շուրջ ժամուկէս տեւած հանդիպումը եզրակացուեցաւ շարունակաբար փոխադարձ
յարգանքով ու հասկացողութեամբ յառաջանալու շեշտով:

Share