ՀՅԴ ԳՊՄ «Իրաւունքը ուժն է միայն» համագանատական սեմինար-բանակում

ՀՅԴ ԳՊՄ «Իրաւունքը ուժն է միայն» համագանատական սեմինար-բանակում

ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւններու «Իրաւունքը ուժն է միայն» կարգախօսով համագանատական սեմինար-բանակումը տեղի ունեցաւ 11-14 Հոկտեմբեր 2024-ին, Քրիսթի Լէյք բանակավայրին մէջ, Օթթաուա, մասնակցութեամբ Թորոնթոյէն, Գեմպրիճէն, Մոնթրէալէն եւ Լաւալէն 140 պատանիներու եւ 25 վարիչ-պատասխանատուներու:

Սեմինար-բանակումին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ առաւօտեան, դրօշակի արարողութեամբ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգի երգեցողութեամբ:

Ապա պատանիները բաժնուեցան երեք տարբեր խումբերու՝ կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն եւ ստացան իրենց խումբին գոյնով ապարանջան մը։ Չորս օրերու ընթացքին, անոնք մասնակցեցան «նստած volleyball»-ի, «dodgeball»-ի, «kick ball»-ի, «capture the flag»ի-, եւ երգեցողութեան մրցոյթներու եւ հաւաքեցին միաւորներ։ Ախոյեանութիւնը շահեցաւ նարնջացոյն խումբը։ Սակայն այս ընկերային խաղերուն առընթեր, պատանիները ունկնդրեցին նաեւ դաստիարակչական նիւթեր:

Երէց պատանիներուն փոխանցուեցան հետեւեալ նիւթերը. «Ուժի օրինակներ մեր շուրջ եւ մեր պատմութեան էջերուն մէջ» (ընկհ. Արիանէ Թասլաքեան), «Ընկերային ցանցեր՝ պայքարելու նորօրեայ ուժեղ միջոց» (ընկ. Վազգէն Գարագաշեան) եւ «Հայ Դատի յանձնախումբերու առաքելութիւնը» (ընկ. Սարօ Տէր Պետրոսեան)։

Կրտսեր պատանիները մտիկ ըրին դասախօսութիւններ հետեւեալ նիւթերուն մասին. «ՀՅԴ զինանշանին մասնիկներն ու անոնց իմաստը» (ընկ. Սարգիս Գըլըպոզեան), «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադիրները» (ընկհ. Կասիա Թաթիկեան) եւ «Արցախեան ազատագրական պայքարը» (ընկ. Վաչէ Այվազեան):

Զոյգ օրերու գիշերները, պատանիները խմբուեցան խարոյկին շուրջ եւ երգեցին ազգային-յեղափոխական երգեր, ներշնչուեցան անոնց փոխանցած ոգիէն, յիշեցին Վարանգաթաղի բարձունքին ինկած հերոսները, որոնց կարգին էր նաեւ ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան միութիւններու նախկին վարիչ եւ դաստիարակ՝ Քրիստափոր Արթինը, եւ ուխտեցին իրենց սեփական ուժերուն վստահելով պաշտպանել իրենց իրաւունքները:

Երկուշաբթի առաւօտեան, սեմինար-բանակումը պաշտօնապէս փակուեցաւ դրօշակի արարողութեամբ եւ «Մշակ բանուոր» քայլերգի երգեցողութեամբ:

ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւններու
Ընդհանուր Վարիչ Մարմին

Share