Յայտարարութիւն
Աւելի քան 24 ժամ Երեւանի Զուարթնոց օդակայանէն ներս պահելէ ետք, ՀԵԴ ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի երիտասարդական միութեան կեդրոնական վարչութեան անդամ ընկերուհի Արենի Մարկոսեանին, կը յայտնեն որ Հայաստան մուտք գործելու իրաւունքէն կը զրկուի եւ Հայաստանի մէջ անցանկալի անձ կը հռչակուի, առանց որեւէ հիմնաւոր բացատրութիւն տրամադրելու:
Այս նենգ գործելաոճը, որ կը կիրարկուի ՀՀ ներկայ իշխանութիւններուն կողմէ, անոր հակահայ դիրքաւորման արտացոլումներէն է եւ կը նպատակադրէ հնարաւոր բոլոր միջոցներով եւ տարբեր մակարդակներու վրայ փորձել կասեցնել եւ խոչընդոտել Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական համաշխարհային կառոյցի աշխատանքները:
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի անդամներուն կապը հայրենիքի հետ մշտական է եւ անքակտելի: Ընկերուհի Արենին պիտի ժամաներ Հայաստան այցելութեան համար: Ան անցանկալի տարր կը համարուի՝ սփիւռքի մէջ իր տարած ազգանուէր գործին համար եւ Դաշնակցական Երիտասարդականի գործօն անդամ ըլլալուն պատճառով:
Միեւնոյն ժամանակ Երեւանի մէջ կ’իրականացուի Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի կազմակերպութեամբ «Ազգային Երիտասարդական Համաժողովը», եւ անդին ազգային գործի լծուած երիտասարդուհի մը կը զրկուի հայրենիք մուտք գործելու իրաւունքէն: Այս հակասութիւնները պարզ կը դարձնեն ներկայ իշխանաւորներու ազգայինի հետ աղերս չունենալու հանգամանքը եւ անոնց օրակարգի շարժիչ ուժը, որ ամբողջովին թշնամու շահերն են:
Յիշեցնենք, որ ամիսներ առաջ կ’արգիլուէր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ ընկեր Մուրադ Փափազեանի, Հ.Յ.Դ. Հոլանտայի «Գարեգին Նժդեհ» երիտասարդական միութեան անդամ Սիւնէ Աբրահամեանի, Հ.Յ.Դ. Հոլանտայի Հայ Դատի ատենապետ ընկեր Մասիս Աբրահամեան, Հ.Յ.Դ. Ֆրանսայի «Նոր Սերունդ» Երիտասարդական միութեան ատենապետ Նժդեհ Գարագաւորեանին եւ Հ.Յ.Դ. Հոլանտայի կառոյցի անդամ ընկեր Ասլան Ասլանեանին մուտքը Հայաստան՝ կրկին առանց ոեւէ բացատրութեան։
ՀՀ իշխանութիւններուն հալածանքները, բռնաճնշումները եւ ապօրինի գործողութիւնները յստակ ապացոյցներ են անոր անճարակութեան եւ վախկոտութեան: Այս ստորին գործելաոճը իր դէմ պիտի գտնէ որպէս պատասխան Դաշնակցական երիտասարդութեան արմատաւորուած համոզումները, առաւել ամրացումն ու հայ երիտասարդութեան արդար ընդվզումի ալիքներ եւ համախմբուածութիւն ազգային օրակարգի շուրջ:
Հ.Յ.Դ. երիտասարդականը անշեղ օրէն կը մնայ իր յանձնառութեան եւ սկզբունքներուն հաւատարիմ՝ հակառակ այս մեղապարտ վարչակազմի բոլո՛ր անարգ փորձերուն։
Հայրենիքը մեզմէ անջատելու բոլո՛ր փորձերը պիտի ձախողին, եւ պիտի բախուին Դաշնակցական Երիտասարդական համահայկական ցանցի բուռն դիմադրութեան:
ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասադական Գրասենեակ