Բիւրոյի Երիտ. Գրասենեակը հանդիպում ունեցաւ Հ.Յ.Դ. աշխարհասփիւռ Պատանեկան Միութիւններու Վարիչ Մարմիններու եւ կազմերու հետ:

Բիւրոյի Երիտ. Գրասենեակը հանդիպում ունեցաւ Հ.Յ.Դ. աշխարհասփիւռ Պատանեկան Միութիւններու Վարիչ Մարմիններու եւ կազմերու հետ:

https://www.facebook.com/youthoffice.arf

Կիրակի, 30 Հոկտեմբեր 2022-ին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակը հանդիպում ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Պատանեկան Միութիւններու Ընդհանուր Վարիչ Մարմիններու եւ վարիչ կազմերու դիւաններուն հետ:

Հանդիպումին կը մասնակցէին տասը շրջաններ, Գրասենեակին կողմէ ներկայացուեցան Գրասենեակի աշխատանքները,Պատանեկան Միութիւններու Ուղեցոյցը եւ պատանեկան հարցերու յանձնախումբի յառաջիկայ վեցամսեայի ծրագիրները: Նախատեսուած ծրագիրներուն մէջ առանձնացուեցան հետեւեալ գլխաւոր երեք նախաձեռնութիւնները, որոնց մասին մանրամասնութիւններ փոխանցուեցան

.ա.-ՎԱՐԻՉՆԵՐՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԱՌՑԱՆՑ Բ. ԴԱՍԸՆԹՆԱՑՔ.- Առաջին դասընթացքը կազմակերպուած էր անցեալ տարի եւ տարբեր տարածաշրջաններէ անոր մասնակցած էին 70 վարիչներ: Այս դասընթացքները կ՛ընդգրկեն դաստիարակչական ու մանկավարժական գիտելիքներ, որոնց քննարկման ընթացքին մասնակցող միութիւններուն միջեւ փորձառութիւններու փոխանակում տեղի կ՛ունենայ:

բ.-«ՊԱՏԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆ» ծրագիրը.- Մրցակցութիւնն ու խրախուսանքը դաստիարակութեան մարզէն ներս լաւագոյն միջոցներէն համարելով, տարբեր ոլորտներու մէջ առցանց մրցաշարքեր պիտի կազմակերպուին:

գ.-«ՊԱՏԱՆԻԻ ԱՇԽԱՐՀԸ» ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹ.- որ կը միտի պատանիներուն ստեղծագործական կարողութիւնները խրախուսել, գրականութեան թէ արուեստի զանազան ոլորտներու մէջ անոնց արտայայտչական կարողութիւնները զարգացնել եւ ազատ խօսքի գաղափարը ընդհանրացնել, ինչպէս նաեւ Ընդհանուր Վարիչ մարմիններու եւ վարիչներու մակարդակին միտքերու ու փորձառութիւններու փոխանակման հանդէս դառնալ:

On October 30, the ARF Bureau Office of Youth Affairs organized a meeting with the governing bodies and leadership of the ARF Juniors Youth Organizations.

The meeting addressed 6 months of activities of the organization and included the participation of representatives from 10 regions and the ARF Youth Office.

The three following initiatives were highlighted given their positive impact throughout the meeting.

1. Regional online training for AYF Juniors Organization Directors

2. The “Badani Akhoyan” Program.

3. AYF Juniors Organization Newsletter — “Badani Askhar”

#ARFBOYA#ARFYouthOffice#ՀՅԴԵԳ#ՀՅԴԵրիտասարդական#ARFYouth#ARFJuniors#ՀՅԴՊատանեկան

Share