Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան`Ֆրանսայի «Պատուոյ Կարգ»-ի շքանշանակիր

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան`Ֆրանսայի «Պատուոյ Կարգ»-ի շքանշանակիր

Յուլիս 9-ին, վարչապետ Կապրիէլ Աթալի թելադրանքով, Ֆրանսայի «Պատուոյ կարգ»-ի ազգային շքանշան շնորհուեցաւ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի:

Այս շքանշանը, որուն հեղինակն է Նափոլէոն Պոնափարթ, կը շնորհուի Մայիս 9, 1802-էն ի վեր՝ զինուորական թէ քաղաքային անձանց, որոնք յատկանշական ծառայութիւն մատուցած են Ֆրանսայի: Մինչ օրս 1 միլիոն անձ պարգեւատրուած է այս շքանշանով:

Մուրատ Փափազեան համանախագահն է Ֆրանսայի Հայկական Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդին:

Share