ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեանի խօսքը ՀՅԴ օրուայ տօնակատարութեան

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեանի խօսքը ՀՅԴ օրուայ տօնակատարութեան

Գլենդել Ապրիլ 3, 022

Ես այսօր զերծ պիտի մնամ երկար խօսելէ եւ կացութեան վերլուծումը ներկայացնելէ:

Խօսքս պիտի սկսիմ վերջերս բազմաթիւ առիթներով ու պատճառներով հնչած լուրջ մտահոգութեամբ, որ այսօր ազգովին կը գտնուինք ճակատագրական մեծ վտանգի մը առջեւ, ուր մեր դարաւոր թշնամին, լկտիացած ախորժակներով կը փորձէ կը սպառնալ բոլորիս հայրենիքի գոյութեան: Օգտուելով աշխարհաքաղաքական ու տարածաշրջանային իրերու դասաւորումէն եւ Հայաստանի իշխանութեան պարտուողական քաղաքականութենէն՝ արիւնարբու թշնամին կը փորձէ իր լրումին հասցնել հայ ազգը բնաջնջելու եւ հայկական պետականութեան հիմքերը խարխլելու իր վաղեմի երազանքը:

Օրհասական այս պահին, մենք իրաւունք չունինք կքած մնալու 44 օրեայ պատերազմի ներքին ու արտաքին ուժերուն կողմէ մեր ուսերուն բեռցուած պարտութեան եւ պարտաւոր ենք համազգային դիմադրութեամբ կասեցնելու այս գահավէժ ընթացքը, մերժելու մեր ազգի ու հայրենիքի անժամանցելի իրաւունքներու հաշուոյն իբր թէ խաղաղութեան դարաշրջան բանալու զազրախօսութիւնը: Մեզ առաջնորդողը պիտի ըլլայ այս կամ այն աւազակապետի ձեռքով գծուած քարտէսները պատռելու Քրիստափորեան կամքը:

Եւ մենք այսօր եկած նշելու այդ կամքի ծնունդը հանդիսացող կազմակերպութեան 131ամեակը:

Այն կազմակերպութեան, որ առաջինը հնչեցուց ազգին ու հայրենիքին սպառնացող վտանգին մասին եւ հայրենակործան քաղաքականութեան կրողներուն լրջանալու եւ ինքնասրբագրման կոչ ուղղեց:

Այն կազմակերպութեան, որ իր լոյս անդամներու արեան գնով առաջինը շտապեց հայրենիքի սահմաններու աննահանջ պաշտպանութեան:

Այն կազմակերպութեան, որուն հաւատաւոր մարտիկը դաշնակցական իր մկրտութիւնը Հալէպի մէջ ստանալէն ետք՝կ’երթար եւ կը նահատակուէր յանուն Շուշիի պաշտպանութեան:

Այն կազմակերպութեան, որ այսօր եւս պայքարի առաջին գիծերուն վրայ կանգնած՝ համազգային դիմադրութեան կոչ կ’ուղղէ ազգի զաւակներուն, որպէսզի հաւաքական կամքով ջարդուին Հայաստանի ու հայութեան գլխին հիւսուած դաւադիր ծրագիրները:

Արիւնոտ դրօշով զարդարուած այս բեմէն, պահի լրջութեան ամենախոր գիտակցութեամբ, կոչ կ’ուղղեմ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գաղափարին, գործին, պատմութեան ու առաքելութեան բոլոր հաւատացողներուն՝
Դաշնակցութեան շարքերէն ներս թէ դուրս
Դաշնակցականի երդումը տուած կամ չտուած
Երիտասարդ թէ երէց
Կին թէ տղամարդ
Յառա’ջ
Յառաջ դէպի խրամատ:
Դէպի կամաւորագրութեան խրամատ:
Դէպի քաղաքական պայքարի խրամատ:
Դէպի քարոզչական կռիւի խրամատ:
Դէպի գիտական կարողականութիւնը ներդնելու խրամատ:
Դէպի նիւթական հնարաւորութիւն ստեղծելու խրամատ:

Բոլորս համոզուած պիտի ըլլանք, որ անձն ու անձնականը շատ ճղճիմ են հայրենի հողի նոյնիսկ ամենափոքր կորուստին դիմաց:

Ազգովին, Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք, այսօր կանգնած ենք մեր ուժերը լարելու հրամայականին առջեւ, կատարելու համար Արցախին ու Հայաստանին տէր կանգնելու մեր առաքելութիւնը:

ՀՅԴ 34րդ Ընդհանուր Ժողովը բոլորիս վրայ պարտք դրած է «ողջ ներուժով, համահայկական կառոյցի կարողականութեամբ և նուիրումով» պաշտպանել Հայաստանի և Արցախի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը:

ՀՅԴ Բիւրոն իր վերջին յայտարարութեամբ կը շեշտէր Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակի կողքին կանգնելու և հնարաւոր բոլոր միջոցներով աջակցելու անոր, որպէսզի ապահովուի Արցախի ժողովրդի անվտանգութիւնը:

Իսկ այս բոլորը ի կատար ածելու համար անհրաժեշտ է անսակարկ պայքար բոլոր ճակատներու վրայ եւ բոլորին մասնակցութեամբ: Միայն այսպէս կարելի է միս ու ոսկոռ տալ համազգային այն դիմադրութեան, որուն վրայ կրնան ջարդուիլ մեր ազգի անժամանցելի իրաւունքները անտեսող եւ հայրենիքի անվտանգութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը վտանգող ներքին ու արտաքին բոլոր ծրագիրները:

Share