Արեւմտեան Ամերիկայի սիրելի հայրենակիցներ,
Հայաստան կը շարունակէ մնալ ներքին օրհասական իրադրութեան մէջ՝ իշխանութիւններուն վարած բացայայտօրէն թրքահաճոյ ու թրքամէտ վարքագիծին հետեւանքով։
Արտաքին աշխարին առջեւ կեղծ խաղաղութեան մուրացկաններու վերածուած այս իշխանութիւնները ոչ միայն ծայր աստիճան նսեմացուցած են մեր պետութեան արժանապատուութիւնը, այլեւ ապահովական իմաստով նորանոր վտանգներու կ՛ենթարկեն մեր երկիրը։
Այս պատճառով ալ ազգովին կը դիմագրաւենք գոյութենական վտանգ, որ կու գայ մեր թշնամիներէն՝ Թուրքիայէն եւ Ատրպէյճանէն։ Քանի մը օր առաջ, Ուրուկուայի մէջ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլուի նորագոյն արտայայտութիւնը հարազատ ազդակն էր թրքական այս վտանգին։
Հայաստանի մէջ ու ի տես այս կացութեան, ընդդիմութիւնը, Հ.Յ.Դաշնակցութեան գործօն մասնակցութեամբ, վճռականօրէն տրամադրուած է այս ազգակործան իշխանութիւնները հեռացնելու օրակարգով, որպէսզի կարելի ըլլայ կասեցնել երկրին գահավիժումը, ու փրկելու զայն ստոյգ կործանումէ։
Հ.Յ.Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդր.Կոմիտէն ամբողջական զօրակցութիւն կը յայտնէ Երկրի մեր կազմակերպութեան եւ ընդդիմութեան տարած ճիգերուն ու նախաձեռնած է իրազեկման ու քարոզչական բնոյթի աշխատանքներու։ Կոչ կ՛ուղղենք Արեւմտեան Ամերիկայի մեր հայրենակիցներուն, որ կարելի ամէն միջոցներով մասնակից դառնան երկիրը փրկելու կոչուած ճիգերուն։
Համախմբենք մեր ուժերն ու կարելիութիւնները, թոյլ չտանք մեր երկրին կործանումը։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան
Արևմտեան ԱՄՆի Կեդրոնական Կոմիտէ
Լոս Անճելըս,
26 Ապրիլ 2022