Արդեօք կարեւո՞ր են պատանեկան միութիւնները

Արդեօք կարեւո՞ր են պատանեկան միութիւնները

Մարիա Գաբրիէլեան
Փաստաբան, լրագրող, Հայագիտական ուսուցման դասախօս

Ընդամէնը եօթը տարիներ հաշուող այս հանգրուանը զինք յաջորդող կենսակայաններէն եօթնապատիկ անգամ գերակշիռ ազդեցութիւն ունի մարդուն վրայ: Պատանեկանի փուլին ամրապնդուած միտքերը, հաստատում գտած համոզումները եւ տարբեր ոլորոտներու մէջ գծագրուած տեսլականները բարեփոխելը, դեռ չըսած, զանոնք ջնջելը հեշտութեամբ ընթացք առնող գործընթացներ չեն երբէք:

Գաղափարական մեր ամրոցին անառիկութիւնը ապահովելու, անոր դարպասներուն վրայ մագլցիլ փորձող թափթփած, իմաստազուրկ ու խորադատարկ միտքերուն ու գաղափարներուն հոսքը կասեցնելու համար մեր սլաքը ուղղուած պիտի ըլլայ դէպի պատանին եւ պատանեկան միութիւնները:

Ինչպիսի՞ տեղ պիտի գրաւեն մեր պատանեկան միութիւնները մեր կառոյցի տարբեր բաժիններուն մէջ: Որո՞նք պիտի զբաղին պատանեկան միութիւններով` ընդհանուր վարիչ մարմիննե՞րը, կոմիտէնե՞րը, կեդրոնական կոմիտէնե՞րը, Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեա՞կը…: Որո՞նց օրակարգերուն վրայ մնայուն ներկայութիւն պիտի ըլլայ պատանեկանը:

Շատ անգամ, երբ կարիք ունենանք մեր պատրաստուածութեան անյարիր դաստիարակութեան մը վերաբերող տուեալ մէջբերելու, ապա կ‏՛արտայայտուինք, որ խնդրոյ առարկայ անձը պատանեկանի ու երիտասարդականի շարքերէն չէ անցած, այլ դիմումնագրով մաս կազմած է Հ.Յ.Դ. շարքերուն: Ուրեմն շարքայինի դաստիարակութեան մէջ ինչպիսի՛ էական արժէք կը ներկայացնէ պատանեկան միութեան մէջ ստացած կրթութիւնը:

Հ.Յ. Դաշնակցութեան համար հիմնական նշանակութիւն ունին Հ.Յ.Դ. պատանեկան միութիւնները: Պատանեկանի շարքերն են, որոնք երիտասարդական միութիւններու ու Հ.Յ.Դ. կառոյցներու անդամներ պիտի մատակարարեն:

Պատանեկան միութիւններու գլխաւոր առաքելութիւնը կը կեդրոնանայ մարդկային եւ բարոյական վսեմ սկզբունքներով պատանիներու դաստիարակութեան վրայ: Անոնց գլխաւոր պարտականութիւնն է պատանիներու ինքնութեան մէջ ազգային գիտակցութեան սերմանումն ու կրթութիւնը հիմնական այն սկզբունքով, թէ պատանին դատ ունեցող ազգի մը զաւակն է եւ ապագային դերակատարութիւն պիտի ունենայ իր ազգային դատի լուծման ի նպաստ ծաւալուող աշխատանքներուն մէջ: Դեռեւս պատանեկան միութիւնները պատանիի հոգեկան եւ մտային աշխարհին մէջ կը սերմանեն հաւաքական աշխատանք ծաւալելու, յանձնառութիւն ստանձնելու, պարտականութիւններ վերցնելու եւ զանոնք ճշգրտօրէն իրականացնելու սկզբունքները:

Պատանեկան միութիւնները կը գործեն խմբային դրութեամբ, համաձայն միութեան՝ անդամութիւն կրնան ունենալ մէկ կամ մէկէ աւելի խումբեր: Իրենց գործունէութեամբ առաւել աշխոյժ շրջաններու միութիւնները խումբերու կողքին կ՛ունենան նաեւ յանձնախումբեր: Պատանեկան միութիւնները կ‏՛ունենան վարիչներ եւ ընդհ. վարիչ մարմին (կարգ մը շրջաններու պարագային՝ նաեւ դաստիարակներ): Խմբական ժողովները ընդհանրապէս կը գումարուին շաբաթական հերթականութեամբ, որոնց ընթացքին ջանք կը կատարուի պատանիին մէջ սերմանելու դաշնակցական մարդը յատկանշող հիմնական սկզբունքներն ու նկարագրային գիծերը, ինչպէս՝ հայրենասիրութիւն, ընկերասիրութիւն, արիութիւն, զոհողութիւն, համարձակութիւն, արդարամտութիւն, հաւասարակշռուած դատողութիւն, կարգապահութիւն եւ գաղտնապահութիւն։

Հ.Յ.Դ. պատանեկան միութիւններն ունին իրենց ներքին կանոնագիրը՝ մշակուած Հ.Յ.Դ. պատանեկան միութիւններու ընդհանուր կանոնագիրին հիմամբ:
Պատանեկան միութիւններու պատասխանատուները մեծապէս կը կարեւորեն պատանի-ծնողք-վարիչ-ընդհանուր վարիչ մարմին յարաբերական օղակի ամրապնդումը: Կարգ մը շրջաններ նոյնիսկ ծնողական հանդիպումներ կը կազմակերպեն:
Պատանեկան միութիւններու գլխաւոր գործունէութիւնը տարեկան բանակումն է, որ այնքան պահանջուած ծրագիր է պատանիներու կողմէ:

Բանակումներու կողքին պատանեկան միութիւնները կը կազմակերպեն խորհրդաժողովներ, արշաւներ, դասախօսական եւ զրոյցի ձեռնարկներ, ազգային ֆիլմերու ցուցադրութիւն եւ քննարկում, տարբեր բնագաւառներու (մարզական, թէ դաստիարակչական) մէջ մրցաշարքեր, դպրոց-բանակումներ եւ այլ աշխատանքներ:

Այսօրուան դրութեամբ տարբեր երկիրներու մէջ գործող պատանեկան միութիւնները տարբեր իրավիճակներ կը պարզեն: Այս տարբերութիւններ առթող շարք մը տուեալներ գոյութիւն ունին, ինչպէս.

ա. Գաղութի հնամենիութիւնը.— Աւելի քան հարիւրամեակի մը պատմութիւն ունեցող գաղութներու մէջ գործող պատանեկան միութիւններու եւ նորակառոյց գաղութներու մէջ նորահիմ միութիւններու միջեւ եղած փորձառութեան տարբերութիւններ:
բ. Երկիրներու քաղաքական դրուածքին համաձայն (ազատ, պահպանողական, կաշկանդուած…)՝ ջամբուած դաստիարակութեան տարբերութիւն:
գ. Հայկական եւ ոչ հայկական վարժարաններ յաճախող պատանիներու միջեւ տարբերութիւն։
դ. Հայախօս եւ ոչ հայախօս պատանիներու միջեւ տարբերութիւն:
ե. Ձուլումի ու այլասերման վտանգը դիմակալելու իմաստով պատանեկան միութիւններու տարբերութիւն:

Նշեալ պայմանները կատարուած իրողութիւններ են, որոնց զանցառումը իրատեսութենէն հեռացում կը նշանակէ, իսկ անոնց անձնատուր ըլլալը` պատասխանատուութենէ խուսափում: Այս պայմանները լուրջ սերտողութեան արժանանալու պարագային կարելի է հնարաւորութիւններ ստեղծել հարթելու տարբերութիւններու պատճառով գոյացած դերբուկները եւ հետզհետէ մօտենալ պատանեկան միութիւններու իտէալական տարբերակին:

Այս աշխատանքին մէջ հիմնական խոչընդոտը բարեփոխումներ կատարելու նկատմամբ անյուսութիւնն է: Երբ հեղգութեան կամ կամքի թուլութեան պատճառով իրավիճակի բարեփոխման անկարելիութեան գծով հաստատումներ կը կատարենք, անտարակոյս, որ մեր աշխատանքներուն մէջ քայլ մը դէպ առաջ պիտի չկարենանք առաջնորդուիլ:

Սակայն աննուաճ կամքի, ջանասիրութեան, նուիրուածութեան եւ առաքելութեան համահունչ ընթանալու կարողութիւնը ունենալու պարագային որո՞նք են հիմնական գործօնները, որոնք կ‏՛ապահովեն մեր գաղափարական դղեակի ոչ միայն անխաթար պահպանումը, այլեւ յառաջադիմութիւնը: Այս առնչութեամբ ազդակները կարելի է ամփոփել հետեւեալ կէտերուն մէջ.

ա. Ճանչնալ պատանին.— Պատանիներուն հետ արդիւնաբեր աշխատանք իրականացնելու համար հարկ է ճանչնալ պատանին: Բաւարար չէ իմանալ պատանիին անունը, տարիքը, յաճախած վարժարանը: Պիտի ծանօթանանք անոր նկարագրին, բնաւորութեան, առաւելութիւններուն ու թերութիւններուն: Պիտի ճանչնանք անոր ծնողքը, ընտանեկան պարագաները, դաստիարակութեան մակարդակը: Իսկ այս բոլորը աշխատանք կը պահանջեն, աշխատանք տարբեր մակարդակներու վրայ, ինչպէս ուղղակի եւ անուղղակի տեղեկահաւաք, գործունէութիւններու եւ հաւաքական աշխատանքներու ընդմէջէն պատանիի ծանօթացում եւ այլն:
բ.-Սիրել պատանին.— Շատ անգամ ծիծաղաշարժ կը թուի ըլլալ պատանին սիրելու ազդեցութիւնը աշխոյժ պատանեկան միութիւն ունենալու իրողութեան վրայ, սակայն մեզմէ ո՞վ ցանկութիւն չ‏՛ունենար աշխատելու այնպիսի միջավայրերու մէջ, ուր կը զգայ, թէ ինք սիրուած տարր է, ուր տիրող համերաշխ մթնոլորտը առաւել ջանք թափելու մղում կու տայ: Եթէ հասուն մարդը կը ցանկայ եւ նման միջավայր կ՛որոնէ աշխատելու համար, հապա ուր մնաց պատանին: Պատանին եթէ համոզուի, որ իր խումբը, իր վարիչը, իր ընկերները կը սիրեն զինք, ապա ան պիտի չմտածէ իրեն ուղղուած աշխատանքային առաջարկները մերժելու պատճառներ փնտռելու մասին, պիտի չընդունի որեւէ գործի մէջ իրեն պարտականութիւն չյանձնելը եւ պիտի չուզէ բացակայութիւն արձանագրել:
գ.-Յստակ ծրագիր ունենալ.— Անորոշութիւնը կը խրտչեցնէ պատանին: Ճշդեալ նպատակները եւ մշակուած ծրագիրները կը գրաւեն զինք, միաժամանակ կը սորվեցնեն կազմակերպուած աշխատիլ:
դ.-Անկեղծութիւնն ու թափանցիկութիւնը․ — Պատանին մեծահասակէն աւելի զգօն է անկեղծութեան հարցով: Դարձդարձիք ու իրականութիւնը թաքցնող պատասխանները խորապէս կը վիրաւորեն զինք եւ կը կորսնցեն յարաբերութեան յաջողութեան ամենակարեւոր պայմանը` վստահութիւնը:
ե.-Հայրենասիրութեան եւ ազգասիրութեան սերմեր ցանել.— Անձի կազմաւորման հանգրուանէն ետք դիւրին չէ ազգային ու հայրենասիրական դաստիարակութեամբ զբաղիլ: Պատանին թէեւ ընտանիքի՛ն մէջ պէտք է սնուի հայրենասիրութեամբ, սակայն պատանեկան միութիւնները այստեղ մեծ դեր կը խաղան: Հայրենասիրական դրուագները մեծապէս օգտակար կը դառնան այս պարագային, սակայն հոս ալ հարկաւոր է ուշադիր ըլլալ, որ ընդմիշտ ողբերգական աւարտ ունեցող պատմութիւններ պատմելով՝ հայրենասիրութիւնը ցաւալի իրողութեան չվերածուի:
զ.-Հաւատք ընծայել պատանիին նկատմամբ.— Պատանեկան միութիւններուն մէջ պատանին պիտի համոզուի, որ ինք եկած է էապէս պատրաստուելու, որպէսզի յառաջիկային ազգային աշխատանքներ ստանձնելով՝ համայնքին ու հայրենիքին օգտակար տարր դառնայ: Ան պիտի հաւատայ, որ պատանեկան միութեան անդամակցութիւնը ինքնանպատակ չէ, այլ ինք ունի երկու կարեւոր առաքելութիւն` նախ իր անձը կերտել ազնիւ ու վսեմ գաղափարներով, երկրորդ` հանրութեան ծառայութեան պատրաստուիլ:
է.-Վարիչի տիպարը.— Վարիչն է կերտողը ու վարիչն է քանդողը… Այո՛, վարիչի անձնաւորութենէն կախեալ է ամէն բան: Վարիչի ցուցաբերած վերաբերմունքը, անոր նիստ ու կացը, վարկն ու համբաւը ուղղակի ազդեցութիւն կ՛ունենան պատանիներուն վրայ: Պատանին հաստատ պիտի չ՛ուզէ անսալ իր բնաւորութեամբ խոցելի կամ նկարագրով անկայուն կամ վարմունքով անընդունելի վարիչին եւ հակառակը, նուիրական պիտի համարէ բնաւորութեամբ` բարեհամբոյր, նկարագրով` աննկուն, վարմունքով` հաճելի վարիչին խօսքը եւ ջանք պիտի չխնայէ անոր մտերմութիւնը շահելու համար: Որպես արդիւնք պատանին պիտի սիրէ միութիւնը եւ պիտի թրծուի մեր գաղափարական հանգանակին մէջ:

Վերադառնալով սկզբնական հարցումին՝ թէ ինչպիսի՞ տեղ պիտի գրաւեն մեր պատանեկան միութիւնները մեր կառոյցի տարբեր բաժիններուն մէջ, եւ որո՞նք պիտի զբաղին պատանեկան միութիւններով, կը հաստատենք, որ ամենակարեւոր տեղը պիտի գրաւեն անոնք եւ մեր կազմակերպական կառոյցի բոլոր բաժինները, իւրաքանչիւրը իր հնարաւորութիւններով եւ կանոնագրի ճշդած սահմաններով, պիտի զբաղին պատանեկան միութիւններու բարելաւման ու յառաջդիմութեան ծրագիրներով եւ նորարարութեան հետ հաւասար քայլեր պահելու գործընթացով: Սանձարձակութիւններէ հեռու, սակայն, նիւթական, թէ բարոյական խնայողութիւնը երբէք տեղ պիտի չ՛ունենայ պատանեկան միութիւններու ծրագիրներու իրագործման մէջ:
Այսօրուան դրութեամբ մօտաւորապէս երկու տասնեակ երկիրներու մէջ կը գործեն պատանեկան միութիւններ: Այս միութիւններու աշխատանքային տարողութիւնը, աշխուժութիւնը, ծրագրաւորումը, թուային պատկերը իրարմէ կը տարբերին: Համապատանեկան ծրագիրներով կը զբաղի Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակը: Ան այս աշխատանքին առաւել կարեւորութիւն ընծայելու համար յառաջացուցած է պատանեկան հարցերու յանձնախումբ, որ կը գործէ աւելի քան հինգ տարիէ ի վեր: Այս ժամանակամիջոցին գրասենեակը պատանեկանի ոլորտէն ներս իրագործած է շարք մը կարեւոր ծրագիրներ ինչպէս.
ա. Մշակուած եւ Հ.Յ.Դ. պատանեկան միութիւններուն տրամադրուած է Հ.Յ.Դ. պատանեկան միութիւններու ուղեցոյցը:
բ. Կազմակերպուած են Հ.Յ.Դ. պատանեկան միութիւններու վարիչներու պատրաստութեան տարածաշրջանային (Եւրոպա, Ամերիկաներ եւ Գանատա, Միջին Արեւելք) առցանց դասընթացները:
գ. Պատրաստուած է պատանեկան միութիւններու կազմակերպչական եւ դաստիարակչական իրավիճակին, անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ գրասենեակէն սպասած ակնկալութիւններուն մասին հարցարան: Հարցարաններու լրացումներու հիման վրայ պատրաստուած է պատասխաններու ամփոփումի ու եզրակացութեան սերտողութիւն:
դ. Հետեւողականօրէն կապ հաստատուած է Հ.Յ.Դ. պատանեկան միութիւններու ընդհանուր վարիչ մարմիններուն հետ եւ տարբեր օրակարգերով հանդիպումներ գումարուած է անոնց հետ:
ե. Պատրաստուած է Պ.Մ.Ը.Վ.Մ.-ի տեղեկատուական լրատու (whatsapp-ի խումբ):
զ. Փորձառութիւններու փոխանակման միտումով Արցախէն (Մարտունի եւ Ստեփանակերտ) երկու ընկերներու Սուրիա գործուղուելու համապատասխան նախագիծ մշակուած եւ գործադրուած է:
է․ Մշակուած եւ պատանեկան միութիւններու ընդհանուր վարիչ մարմիններուն տրամադրուած է անդամահաւաքի յատուկ նախագիծ:
ը. Կազմակերպուած է պատանիներու շնորհքներու եւ հմտութիւններու յայտնաբերման «ՊԱՏԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆԸ» մրցաշարքը:
թ. Նախաձեռնուած է «Պատանիի աշխարհը» պատանեկան համահայկական պարբերաթերթի հրատարակութիւն:
ժ. Նախաձեռնուած է պատանիներու պատրաստութեամբ ու մատուցմամբ դասախօսական առցանց ձեռնարկ:
ժա. Կազմակերպուած է ընդհանուր վարիչ մարմիններու, երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու վարչութիւններու ներկայացուցիչներու համագումար:
ժբ. Եւ յարակից ու ընթացիկ այլ աշխատանքներ:

Թէեւ պատանեկան միութիւններու գործը երկար ժամանակ պահանջող, անխոնջ ջանք սպառող, ծով համբերութեան կարօտող աշխատանք է, սակայն մեծապէս կարեւոր է հետեւեալ հիմնաւորումներով.

ա. Մեր շարքերուն յարատեւութեան ապահովման գլխաւոր երաշխիքը պատանեկան միութիւններն են:
բ. Գաղափարապէս պատրաստուած շարքեր ունենալու հիմնակէտը պատանեկան միութիւններն են:
գ. Հայկական վարժարաններու կողքին հայեցի ու ազգային կրթութեան օջախները պատանեկան միութիւններն են:
դ. Մարդու եւ հայ մարդու կերտման հնոցներէն մէկը պատանեկան միութիւններն են:
ե. Նորարարութիւններու հետ քայլ պահելու ամենալայն դաշտը պատանեկան միութիւններն են:
զ. Յաճախակիօրէն ինքնասրբագրումի եւ անձի զարգացման ամենամեծ ուսուցիչը նոյն ինքն պատանին է, որովհետեւ պատանիին վստահութիւն եւ սէր ներշնչելու պարագային ան կրնայ ամենայն հարազատութեամբ նշել բացթողումները, թերութիւնները եւ յանցանքները, իսկ անոր անվերջանալի հարցաշարերուն անսխալ պատասխաններ ունենալու համար ընդմիշտ ինքնազարգացումով զբաղիլը հրամայական է: Ուրեմն ինչքան օգտակար է պատանեկան միութիւններու մէջ աշխատիլը, տակաւին ամենամեծ օգտակարութիւնը այն է, որ պատանիներուն հետ աշխատելով՝ ընդմիշտ երիտասարդ կը զգաս դուն քեզ, միթէ կա՞յ աւելի գեղեցիկ զգացում…

Արդ, տակաւին պէ՞տք է հարցնել պատանեկան միութիւններու կարեւորութեան մասին…: Ուրեմն, օ՛ն, առաջ, վերցնենք մեր բահն ու բրիչը, բանանք ոռոգման ակօսները ու սկսինք այս բարեբեր արտերու մշակման գործին եւ մենք շատ չենք սպասեր մեր անդաստաններու հունձքին ականատեսը դառնալու համար…

«Դրօշակ» թիվ 8, 2023թ

Share