Առաջնորդ սրբազան հօր եռօրեայ այցելութիւնը Սան Ֆրանսիսքօ

Առաջնորդ սրբազան հօր եռօրեայ այցելութիւնը Սան Ֆրանսիսքօ

Ուրբաթ, 4 Ապրիլէն մինչեւ Կիրակի, 6 Ապրիլ 2025, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, այցելեց Սան Ֆրանսիսքոյի հայ համայնք եւ եռօրեայ կեցութեան ընթացքին հոգեւոր, ծիսական, ազգային ու մշակութային իր յորդորներով ու հոգեպարար պատգամներով ոգեշնչեց մեծն ու փոքրը, աշակերտն ու ուսուցիչը, գայլիկն ու խմբապետը, ազգայինն ու ղեկավարը, ժողովուրդին ու եկեղեցիին ծառայողն ու բարերարը եւ համայնքի եկեղեցասէր զաւակները: Արդարեւ, երեք օրերու ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Սան Ֆրանսիսքոյի համայնքէն ներս ծաւալեց հետեւեալ գործունէութիւնը.

ՈՒՐԲԱԹ, 4 ԱՊՐԻԼ: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այցելեց Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ազգ. Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական միջնակարգ վարժարան, ընկերակցութեամբ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Արցախ Քհնյ. Պատոյեանի, Կեդրոնական Ազգային Վարչութեան անդամ՝ Տիար Ռոստոմ Այնթապլեանի, Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Տիար Մատթէոս Սենեքերիմեանի եւ ընդունուեցաւ վարժարանի տնօրէնուհի՝ Տիկ. Կրէյս Անտոնեանի, ուսուցչական կազմի ու աշակերտութեան կողմէ, որոնց հետ նաեւ եղաւ ճաշի սեղանակից:

Յետմիջօրէին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շրջեցաւ վարժարանին մէջ եւ դասարան առ դասարան այցելելով մօտէն ծանօթացաւ աշակերտութեան ուսումնական, ընկերային եւ կրթական ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն, ապա հայրական խօսքերով խրախուսեց մատղաշ սերունդի զաւակները՝ վստահեցնելով, որ՝ «թէեւ ֆիզիքապէս հեռու, սակայն դուք մնայուն տեղ ունիք իմ մտքիս ու սրտիս մէջ»:

Նոյն օրը երեկոյեան, Գեղամ Արքեպիսկոպոս Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Մեծ Պահոց հսկումի ժամերգութեան եւ կատարեց հոգեւոր խորհրդածութիւն, որուն միտք բանին Շնորհալի Հայրապետի «Առաւօտ Լուսոյ» երկարաշունչ բանաստեղծութեան «Սէր անուն Յիսուս, Սիրով քով ճմլեա՛ սիրտ իմ քարեղէն» տողն էր:

ՇԱԲԱԹ, 5 ԱՊՐԻԼ: Առաւօտեան ժամը 11-ին, Գեղամ Արքեպիսկոպոսի թելադրանքով եւ նախագահութեամբ, Հայ Ծերերու տան մէջ տեղի ունեցաւ պատկան մարմիններու եւ շրջանի մէջ գործող միութեանց ներկայացուցիչներու հետ Առաջնորդ Սրբազան Հօր հանդիպումը, որուն մասնակցեցան նաեւ Հ.Յ.Դ. Քրիստափոր Կոմիտէի, Հայ Դատի զոյգ մասնաճիւղերու, Հայ Օգնութեան Միութեան Կարին եւ Երէբունի մասնաճիղերու, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սան Ֆրանսիսքոյի եւ Անի մասնաճիւղերու, Համազգայինի Նիկոլ Աղբալեան մասնաճիւղի պատասխանատուներն ու Ազգ. Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական վարժարանի տնօրէնուհին եւ Ուսումնական մարմինի ատենապետը, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ հովիւ Տէր Արցախ եւ Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Տիար Սենեքերիմեան:

Բարի գալուստի խօսք արտասանեց Քահանայ հայրը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ նման կարեւոր ու շահեկան հանդիպման թելադրանքը կատարած ըլլալուն համար եւ շնորհակալութիւն յայտնեց յարակից միութեանց պատասխանատուներուն՝ այսպիսի կարեւոր հանդիպման մը իրենց ներկայութեան համար:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, իր կարգին, գոհունակութեամբ ողջունեց ներկաները եւ կարեւորեց իւրաքանչիւրին ներդրումը ազգային հաւաքական կեանքէն ներս, ապա իր մտածումները կեդրոնացուց Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսի կողմէ Արեւմտեան Թեմին շնորհուելիք Հովուապետական այցելութեան վրայ՝ նշելով, որ անիկա սկիզբ կ՛առնէ ընթացիկ տարուան Հոկտեմբեր ամսուան կէսին եւ կը ներառէ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին՝ իբրեւ Արեւմտեան Թեմի համայնքային կեանքին հետ շփման կարեւոր կայաններէն մէկը:

Նոյն օրը, երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այցելեց Խաչատուրեան Հայ կեդրոնի Սարոյեան սրահ եւ ի պատիւ իրեն կազմակերպուած Սիրոյ սեղանին շուրջ մտերմիկ զրոյց ունեցաւ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան, Տիկնանց միութեան եւ Ազգային երեսփոխաններու հետ։ Բարի գալուստի խօսքէն ետք, Տէր Արցախ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ Սան Ֆրանսիսքոյի ծխական հեռաւոր համայնքին նկատմամբ իր տածած ուշադրութեան համար:

Շնորհակալական խօսքով նաեւ հանդէս եկաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց, որ Աստուծոյ Տան մէջ մատուցուած կամաւոր ծառայութիւնը իւրայատուկ արժէք ունի եւ կ՛ամբողջացնէ հայ ազգաշէն ու եկեղեցանուէր ծառայութեան ծիրը, ապա հանգամանօրէն անդրադարձաւ Վեհափառ Հայրապետին կատարելիք Հովուապետական այցելութեան եւ թելադրեց, որ տեղւոյն ծխական համայնքը՝ գլխաւորութեամբ Հոգաբարձութեան դիւանին, շուտով նախաձեռնէ Հովուապետական այցելութիւնը Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ ընդունելու կոչուած յատուկ յանձնախումբի մը կազմութեան։

Անդրադառնալով՝ Հայրապետական 2025 տարուան «Աւանդութիւններու Վերակենսաւորում» հռչակագիրին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գործնական ցուցմունքներ կատարեց հոն արձանագրուած կէտերու իրագործման կապակցութեամբ, ծխական համայնքի պատասխանատուներուն թելադրելով պարտն ու պատշաճը:

ԿԻՐԱԿԻ, 6 ԱՊՐԻԼ: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի «մուտն ի վիրապն» տօնին առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հանդիսապետեց տեղւոյն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ս. եւ անմահ Պատարագին, աւուր պատշաճի քարոզեց եւ մատաղօրհնէք կատարեց, ապա շնորհաւորեց եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնն ու բոլոր Գրիգոր անունները կրողները, գնահատեց ծխական համայնքն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցեց շրջանի հայութեան:

Իր քարոզին մէջ, Սրբազան Հայրը նախ պատումը կատարեց քրիստոնեայ Հայաստանի Առաջին Կաթողիկոսին՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի խոր վիրապ նետուելուն եւ ամբողջ 13 տարի, Աստուծոյ նախախնամութեամբ հոն ողջ ու ապահով մնալուն: Երեւոյթը մեկնաբանելով՝ ան շեշտեց, որ Յիսուս Քրիստոսի վրայ հիմնուած իր հաստատ հաւատքին շնորհիւ է, որ Լուսաւորիչ անխուսափելի մահուան փոսին մէջ շարունակեց ապրիլ եւ թէ՝ այսպիսով ան նաեւ յաջողեցաւ Հայաշխարհին կապուած Աստուծոյ ծրագիրը իրականացնել, բացատրելով, որ՝ «Գրիգոր Լուսաւորիչ ապրելէ ետք 13 տարի, դուրս պիտի գար գուբէն, պիտի բժշկէր հայ Տրդատ թագաւորը, որուն հրամանով ամբողջ Հայաստանը պետականօրէն քրիստոնեայ պիտի դառնար»:

Շարունակելով, Գեղամ Արքեպիսկոպոս նաեւ անդրադարձաւ «մուտն ի վիրապն» տօնին հետեւողութեամբ 1931-ին, օրուան Սահակ Կաթողիկոսի կողմէ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայր Տաճարի (Ի Լիբանան) ուխտի տօն հաստատման հանգամանքներուն եւ տուաւ սպառիչ բացատրութիւններ՝ դիտել տալով, որ՝ «Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը հաստատեց ոչ միայն իբրեւ եկեղեցի, այլեւ իբրեւ մեր երկրին ու ժողովուրդին նոր նկարագիրը»:

Յետ արարողութեան, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կատարուած մատաղօրհնէքի Հոգեհանգստեան աղօթքներուն մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յիշեց համայնքի հանգուցեալ կամաւորները, Հոգաբարձութեան եւ Տիկնանց Միութեան ննջեցեալ անդամները, ինչպէս նաեւ նորոգ հանգուցեալ Սագօ Պէզճեանը, որուն հայրը՝ Ազգային վարչութեան անդամ Տիար Կարպիս Պէզճեան, ստանձնած էր օրուան մատաղին հովանաւորութիւնը, ի յիշատակ իր որդւոյն:

Share