Հինգշաբթի, 7 Նոյեմբերի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան ընդունեց այցելութիւնը Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան շրջանէս անդամ՝ դոկտ. Տիգրան Պապիկեանի, որ հանդիպման ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հօր փոխանցեց իր շնորհաւորութիւնները՝ Սրբազան Հօր առաջնորդ ընտրութեան առիթով:
Հանդիպման ընթացքին Դոկտ. Պապիկեան Գեղամ Արքեպիսկոպոսի փոխանցեց նաեւ Կեդրոնական վարչութեամ ջերմ շնորհաւորանքներն ու ողջոյնները եւ Համազգային կրթական եւ մշակութային միութեան գործունէութիւնը արդիւնաւորող մանրամասնութիւններ, յատկապէս վեր առնելով՝ Ազգ. Առաջնորդարանի եւ Արեւմտեան Ամերիկայի հայկական վարժարաններու միջեւ մշակութային սերտ գործակցութեան ճամբով՝ հայ նոր սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան խթանումը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ընձեռուած առիթին համար:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց Համազգային միութեան առաքելութիւնը Հայաստանի եւ աշխարհի հայութեան կեանքին մէջ, ընդգծեց անոր փայփայած հայապահպանութեան նպաստող կրթական եւ մշակութային նախաձեռնութիւններու կարեւորութիւնը նաեւ սփիւռքեան համայնքներէ ներս, ապա գործակցութեան նոր հորիզոններ մաղթեց՝ Ազգ. Առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող Ազգ. վարժարաններու եւ Համազգայինի հետագայ միացեալ ծրագիրներուն, ապա իր հայրական օրհնութիւնները շնորհեց Միութեան աշխարհասփիւռ անդամներուն՝ առ ի յաջողութիւն անոնց հայանպաստ աշխատանքներուն: