Ուսումնական 2024-2025 տարեշրջանի վերամուտի առիթովառաջնորդ սրբազան հօր օրհնութեան խօսքը

Ուսումնական 2024-2025 տարեշրջանի վերամուտի առիթովառաջնորդ սրբազան հօր օրհնութեան խօսքը

Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական ապրումներով, Ազգային Առաջնորդարանէն ուրախութեամբ կ՛ողջունենք մեր վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական մարմինները, տնօրէնները, ուսուցչական կազմերը, անձնակազմի անդամները, բարերարները, բարեկամները, նուիրեալները, աշակերտներն ու ծնողները՝ կրթական նոր՝ 2024-2025 տարեշրջանի վերամուտին առիթով:

Արդարեւ, այս վերամուտը նաեւ կը նկատենք լաւագոյն առիթ՝ մենք մեզի եւ մեր ազգի զաւակներուն անգամ մը եւս յիշեցնելու Հայ Դպրոցին կարեւորութիւնը:

Իրողութիւն է, որ Հայ Եկեղեցւոյ չափ ու անոր կողքին՝ Հայը հա՛յ պահող մեր հայկական վարժարանները այսօ՛ր եւս կը շարունակեն իրենց պատմական առաքելութիւնը՝ գիտակցօրէն տէր կանգնելով իրենց ստանձնած դերին ու ազգային պարտաւորութեանց:

Աշխարհի տարածքին՝ ինչպէս երէկ, նոյնպէս ալ այսօր, հայկական վարժարանները կը հանդիսանան Սփիւռքի հայութեան գոյատեւման հիմնական գործօնն ու հայ նոր սերունդներու ազգային դաստիարակութիւն եւ հայկական նկարագիր ջամբող սրբազան ա՛յն օճախները, որոնք դարեր շարունակ առաջնորդուեցան մեսրոպեան տեսիլքով, որպէսզի սփիւռքահայ իրարայաջորդ սերունդներ նա՛եւ ամերիկեան այս ցամաքամասի վրայ ջերմանան հայ հոգեւոր եւ ազգային ոգեղէն արժէքներով, իմանան հայոց պատմութիւն, կարդան ու գրեն հայերէն ո՛չ միայն իբրեւ ամէնօրեայ վարժութիւն, այլեւ իբրեւ կեանքի ձեւ, ապրելու եղանակ ու ոճ:

Յատկապէս այս իմաստով է, որ Հայ Դպրոցը կը նկատենք հարազատ երկրորդ տունը մեր մանուկներուն, պատանի ու երիտասարդ աշակերտներուն, որոնք հայկական վարժարաններու մէջ ստացած իրենց դաստիարակութեամբ՝ վաղը պիտի դառնան ազգի ապագայ դարբիններն ու ղեկավարները, մեր գաղութին գիտակից ծնողներն ու յանձնառու գործիչները, որպէսզի հայկական կեանքը առաւել եւս զարգանայ ու բարգաւաճի բոլոր այն վայրերուն մէջ, ուր հայկական ինքնութիւնը կը շնչէ եւ հայու անկոտրում կամքը կը բանի:

Առ այս, ուրախութեամբ կը հիւրընկալենք կրթական այս նոր տարեշրջանի վերամուտը՝ հայցելով ամենակալ Աստուծոյ հովանին եւ առաջնորդութիւնը, որ Իր խնամատար կամքով սկսինք կրթական այս նոր տարեշրջանը եւ իր օգնականութեամբ այս տարի եւս յաջողապէս իրականացնենք կրթական մեր ծրագիրները՝ առ ի բաւարարութիւն գիտակից եւ կրթասէր մեր ծնողներուն, առ ի գոհունակութիւն Հայ Դպրոցի առաքելութեան հաւատարիմ մեր ժողովուրդի զաւակներուն:

Եւ վերջապէս, մեր աշակերտներուն կը մաղթենք ուսումնական փայլուն եւ յիշատակելի օրեր, մեր վարժարաններու մեծ ընտանիքներուն՝ անխոնջ աշխատանք եւ բազմաբեղուն տարիներ: Թող Աստուծոյ օրհնութիւնը անպակաս ըլլայ ձեր բոլորին վրայէն:

Ամէն:

Աղօթարար

Գեղամ Արք. Խաչերեան,

Առաջնորդ

Ա.Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

Share