65-ամեակ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի

65-ամեակ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի

ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ. ԺԱՄԱՆԱԿ-Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արժանաւոր միաբաններէն, Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան արդէն դարձած է 65 տարեկան: Հոգեւորական նշանաւոր գործչի յոբելեանին առթիւ կը ներկայացնենք անոր «Ապրուած կեանքի յուշեր» գիրքէն մանրապատումներ, որոնք ան շարադրած է ամենայն անկեղծութեամբ՝ գրելով, որ կեանքի աղբիւր են անցեալի յուշերը: Գիրքը կ՚ընդգրկէ կէսդարեայ փորձառութիւն եւ աշխարհագրական զանազան վայրեր՝ ծննդավայր Լիբանանէն մինչեւ Հայաստան, համալսարանական ուսումը՝ Անգլիոյ մէջ, Գանատա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ այլն: Շարադրանքի երկրորդ մասը մանրապատումներ են՝ նուիրուած անհատներու, այդ մէկն ալ կը ներկայացնենք յաջորդիւ եւ անհատներու մասին բաժինէն միայն կու տանք «Պոլսեցի մեծ մայրիկս» մանրապատումը: Այս յուշերը միայն փոքրիկ մասն են հոգեշունչ այն գրութիւններուն, որոնք ամփոփուած են ծաւալուն հատորին մէջ:

ՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆ (1960-ԱԿԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆՆԵՐ)

ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆԴԷՍ

Յիշողութեանս պաստառին վրայ անջնջելի պիտի մնայ իմ առաջին հանդէսը: Դեռ «Ծաղիկ» դասարանը չաւարտած, «Կոկոն» դասարանիս տարեկից հասակակիցներուն հետ պատրաստուած էի պարի հանդէսին մասնակցելու նաեւ ես:

Այսօրուան պէս կը յիշեմ յուսահատութիւնս, երբ փորձերէն յետոյ բեմ բաձրանալու ուրախութիւնը խեղդուեցաւ իմ մէջ: Պատճառը այն էր, որ ես եւ ինձ նման մանուկներ, որոնք չունէին զգեստներու համար պահանջուած տասը լիբանանեան լիրան, զրկուած մնացինք առաջին հանդէսին մասնակցելէ: Ինչ լաւ է, որ մնացեալը չեմ յիշեր, բայց մանուկի իմ փոքրիկ յուսախաբութիւնը մնայ անմոռաց:

Հանդէսի նախընթաց շաբաթը արագընթաց փութացի տուն հասցնել այն յայտը, որով կը թելադրուէր ծնողներուն իր զաւակի մասնակցութեան սակը: Այդ տարիներուն գիտեմ, որ չկար այն աննշան նիւթական կարելիութիւնը, որուն պատասխանը ինծի հետ ես վերադարձնէի դպրոցէն: Մինչեւ այսօր ինծի համար անհասկնալի կը մնայ, թէ արդեօք օրիորդս ի՞նչ զգաց: «Կոկոն» դասարանի ընկերներէս շատեր նոյն ճակատագրին ենթարկուեցան: Տարիներ յետոյ մանկութեան յուշերս անզգալաբար իմ մէջ արթնցուցին բարի տրամադրութիւններ, որպէսզի անչափելի սէր տածեմ փոքրիկներու հանդէպ՝ միշտ այն ներքին վախով, որ չըլլայ այնպէս, որ հոգեկան նոյն ապրումը կեանքի բաժին դառնայ նաեւ անոնց:

25 ապրիլ 2006

«ԾԱՂԻԿ» ԴԱՍԱՐԱՆԷՆ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏ

Հանդէսի օրն էր: Մանկութեան յատուկ յուզումով կը սպասէի շրջանաւարտութեան հանդէսի պարը:

Բեմին վրայ զոյգ-զոյգ շուրջանակի պարով ներկաներու հիացմունքը հրաւիրած էինք մեր վրայ: Միայն այսքանը կը յիշեմ, որ պարն իր աւարտին հասաւ եւ ես բաժնուած խումբէն, արդէն առանձինն գրաւած էի բեմը՝ մինչեւ որ բոլորի ծափահարութիւններու իւրովի թափին տակ արթնութեան պահը ապրեցայ: Ինչպէ՜ս պէտք է բացատրել այդ վայրկեանը:

Միայն այնքանը գիտեմ, որ վայրկեանի մը համար շփոթը քարացած պահեց ինձ եւ ապա բեմին կէսէն արագընթաց վազքով մը շտապեցի միանալ հասակակիցներուս:

Այս քաղցր յուշը այսօրուան պէս թարմ է յիշողութեանս մէջ: Եւ ամէն անգամ, երբ կը վերյիշեմ այդ պահը, կարծես, կեանքս կը վերսկսի մանկութեանս օրերուն: Երանելի օրեր, կ՚ուզեմ մնալ ձեզի հետ:

15 դեկտեմբեր 2011

ՊԱՏԱՆԵԿՈՒԹԵՆԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

(1970-1980 թուականներ)

ԱՌԱՋԻՆ ՃՐԱԳԱԼՈՅՑԸ

Հաւանաբար առաջինը չէր 1970 թուականի Սուրբ Ծննդեան Ճրագալոյցը, որուն ներկայ գտնուեցայ, բայց քանի որ իմ յիշողութեանս մէջ այդ մէկը կը շարունակէ մնալ որպէս առաջինը՝ ապա 1970 թուականը կը յատկանշուի որպէս կարեւոր հանգրուան իմ հաւատքի կեանքին մէջ:

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի Դպրեվանքի նախապատրաստական դասարանի սան էի եւ այսքանը կը յիշեմ, թէ ինչպես Հոգշ. Տ. Հրայր Աբեղայ անակնկալօրէն ինձ յանձնեց օրուան առաքելական թուղթը, զոր պիտի ընթերցէի սուրբ խորանէն՝ ճերմակ շապիկով մը: Առաջին անգամ ըլլալով կը  կատարէի նման պարտականութիւն մը, որուն ծանրութիւնը լուրջ վախի մը առաջնորդած էր զիս: Միայն այնքանը կը յիշեմ, որ անբացատրելի քաջութիւն մը ու համարձակութիւն մը յաղթանակի զգացում տուաւ ինձ:

Այդ օրուընէ սկսեալ տարբեր սիրով մը կեանքս կապեցի խորանին ու ծառայեցի: Փառք կու տամ Ամենակալ Աստուծոյ, որ Սուրբ Ծննդեան այս հրաշալի օրը իմ մէջ պայծառացուց մանկութենէս յուշ մը:

Անցեալի յուշերը կեանքի աղբիւր են:

ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՏԱՐԻՆԵՐ ԵՒ ԱՌԱՋԻՆ ՕՐՍ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Պատանեկան տարիներու յուշերս տակաւ առ տակաւ կ՚ուզեմ արթնցնել իմ մէջ: Պէտք չէ մոռնալ այն գողտրիկ պահերը, որոնք անտարակոյս հայելին են իմ հոգիին: Դպրոցական տարիներուս, մօրս հոգատար եւ հետեւողական ջանքերը սիրել տուին ինձ դասերս: Տունէն ներս տրուած կարգապահութեան դասերը առաւել չափով կը դրսեւորէի դպրոցէն ներս: Ամէն առաւօտ, դասերու վերաքաղումը պարտադիր էր մօրս առաջնորդութեամբ: Եւ այսօրուան պէս կը յիշեմ, որ դպրոցական տարիներուն  միայն մէկ անգամ  բացակայեցայ, մօրս հաւանութեամբ: Դպրոցէն ուղիղ տուն վերադարձս գրեթէ ամբողջ շրջանին ամենայն խստութեամբ պահեցի: Հիմա ինչքան ուրախ եմ, որ այդ դաստիարակութիւնը ստացայ դեռ մանկութեան օրերէն: Եւ եթէ եղան մանկական անկարգութիւններ, ապա ստացայ անոնց համապատասխան պատիժները, որոնք յետագային դարձան իմ կեանքի օրհնութիւնը:

Ուրախութեամբ կը յիշեմ նախակրթարանէն շրջանաւարտութեանս օրը: Դպրոցի նորակառոյց բեմին բազկաթոռի մը վրայ բազմած օրուան առաջնորդին՝ վախճանեալ Տաճատ սրբազանի ձեռամբ կը ստանայի նախակրթարանի վկայականս՝ դասարանին առաջնութիւնը առնելով: Այդ օր արդէն գիտէի, որ յաջորդ հանգրուանը Դպրեվանքը պիտի ըլլար: Նախակրթարանի հանդէսի նախօրեակին սրբազանը դպրոց այցելութեամբ՝ հոգեւորական դառնալու կոչ ուղղեց բոլոր շրջանաւարտներուս եւ այդ օր բոլորիս բաժնեց նաեւ Դպրեվանքի հանդէսը՝ «Գլաձոր»ը: Հանդեսէն յետոյ մօրս գլխաւորութեամբ քայլերս առաջնորդեցի Դպրեվանք, ուր իմ առաջին քննութիւնը կատարեց հսկիչներէն՝ երիտասարդ միաբան հայր Արամը: Քանի մը օրեր անց, 1970 թուականի սեպտեմբերին, Խաչվերացի տօնի պատարագին ներկայ գտնուելէ յետոյ, աւագ ուսանողներու առաջնորդութեամբ մտայ շէնքէն ներս: Դժուարը առաջին օրն էր: Առաջին անգամ ըլլալով կը բաժնուէի ընտանիքէս: Գէթ այսօր չեմ յիշեր առաջին օրերու իմ կրած տպաւորութիւնները: Առաջին գիշերը անկողին մտայ խոր քունով: Յաջորդ առաւօտ եկեղեցւոյ զանգերուն ղօղանջին հետ զարմանքով արթնցայ: Շփոթի մը մատնուած կը փորձէի հասկնալ, թէ ո՞ւր եմ: Քիչ անց բոլորին հետ միասին ես եւս քայլերս առաջնորդեցի առաւօտեան ժամերգութեան:

Այդ մէկը Քառասնից Մանկանց եկեղեցիէն դէպի Դպրեվանք եւ աւելի ուշ՝ Սուրբ Էջմիածին տանող կամուրջն էր արդարեւ:

25 ապրիլ 2006

ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ ՁՄԵՐՈՒԿԸ

1976 թուականի սեպտեմբերի առաջին օրերուն էր, երբ հոգելոյս Տ. Գէորգ Ծ. Վարդապետ Կարպիսեանի հետ խումբ մը ուսանողներ կ՚առաջնորդուէինք դէպի Սուրբ Էջմիածին: Ճանապարհին, Տիգրանակերտի մէջ գնեցինք 37 քիլօկըրամնոց ձմերուկ մը, որ այնուհետեւ քաշքշեցինք մեզի հետ դէպի Պիթլիս, Սվազ, Էրզրում, Կարս, Անի, Աղթամար՝ քաղաքէ-քաղաք, մինչեւ որ վերջապէս կարողացանք ապահով հասնիլ Մայրավանք: Թէ ինչեր քաշեցինք այդ խոշոր ձմերուկը ապահովապէս իր տեղը հասցնելու համար՝ Աստուած գիտէ: Իր խոշորութեան հետեւանքով կարելի իսկ չէր հնարաւոր ձեւով մը բռնել: Բարեբախտաբար վաճառողը հնարը գտաւ եւ ստեղծեց բռնակներով մասնաւոր տուփ մը, որով կարելի եղաւ տեղափոխութիւնը տեղէ-տեղ:

Բայց այդքանով հարցին լուծումը տուած չեղանք:

Այնուհետեւ, իւրաքանչիւր փուլին կը պարտէինք հերթապահութեամբ պահակ կանգնիլ ձմերուկին մօտ, որպէսզի վտանգէ հեռու պահէինք զայն:

Հոգելոյս Տ. Գէորգ Ծ. Վարդապետ կ՚ուզէր իւրօրինակ նուէր մը ներկայացնել Վեհափառին եւ այդպէս ալ եղաւ: Վերջապէս ձմերուկը յաղթական մուտք գործեց Վեհարանէն ներս առանց պատուհասի: Միայն այնքանը գիտեմ, որ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութեան տօնին յաջորդող օրերուն հիւր եպիսկոպոսներ ու պաշտօնատարներ քաղցրութեամբ ճաշակած են մեր ձեռքերուն մէջ քաղցրացած, համովցած ու հասած ձմերուկը: Այդ օրուընէ ասդին, երբ ձմերուկ մը կ՚ուզեմ շալկել, ինծի կը թուի այնպէս որ շատ ծանր է:

Յետոյ կը յիշեմ անմոռանալի բեռնակրութիւնը, որ միայն կը խանգարէր վայրկեանով մը աւելիով ըմբոշխնելու համար պատմական Հայաստանը՝ իր պատմականութեամբ ու քարերէն մեզի խօսող պատգամներով:

ՀՈԳԻԻՍ ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆԸ

1976 թուականի սեպտեմբերի կէսին էր, երբ առաջին անգամ ոտք կը դնէի մայր հողին վրայ ու այդ օր նոր կեանք մը կը բացուէր իմ առջեւ: Հոգիս կը մկրտուէր հայրենի արեւով ու շունչով: Ամէն վայրկեան աչքիս առջեւ կը բարձրանային ոգեկան ուժ ներշնչող ու հայ հոգիին ու մտքին տեսիլքէն ծնունդ առած արժէքներ: Էութիւնս կարծես ամբողջութեամբ կը նորոգուէր: Հայոց երկնակամարին տակ, իրենց կլանող ներկայութեամբ մեծ եւ փոքր Մասիսները ամէն տեղ ըլլային կարծես: Անյագօրէն կը դիտէի անոնց ձիւնածածկ գագաթները, որոնց բարձունքէն իջած ոգեղէն տապանը Նոյեան՝ իր հսկայ բանակով տարածուած կը տեսնէի ամբողջ երկրով մէկ:

Վերջապէս կը հասնիմ Սուրբ Էջմիածին: Մայրավանքին մէջ, ներշնչումներէ գինովցած կը զգամ հոգիիս մկրտութիւնը: Ամէն տեղ կեանք կը տեսնեմ:

Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան լոյսէն խմած հայու հոգին՝ կենդանի ձայնով լսելի կը դառնար իւրաքանչիւրի էութեան մէջ: Ուխտաւորներ, ամէն կողմէ, կը փութային մոմ վառել Սուրբ Էջմիածնի կամարներուն տակ ու մոմի խտացած լոյսին մէջ մկրտել իրենց հոգին: Վերջապէս կը հանդիպինք ազգի Կաթողիկոսին, մեր շատ սիրելի Վեհափառին, որու անձին մէջ կը գտնեմ իմ մտատիպարը: Իր անձին վեհութիւնը այդ վայրկեանին կը տպաւորէ զիս ու իմ հոգեկան գոհունակութիւնը կը հասնի իր ամենաբարձր կէտին, երբ 1980 թուականին, յունիսի 8-ին, Սուրբ Էջմիածնի տօնին, ձեռնադրութիւն եւ օծում կը ստանամ իր իսկ ձեռքով:

Երախտապարտ եմ ձեզի, սիրելի Վեհափառ, քանզի տարիներ շարունակ՝ ինչպէս շատ շատերու սրտին մէջ անթեղուած հայրենիքի սէրը բոցավառեցիք ձեր կրակէ խօսքերով ու կեանքի օրինակով, այնպէս ալ իմ հոգիին մէջ ալ նետեցիք Հայ Եկեղեցին սիրելու ոգին: Ես իմ հոգիին մկրտութիւնը զգացի Սուրբ Էջմիածնի մէջ: Սուրբ Էջմիածնի խորհուրդը ամէն վայրկեան մարմին առած ձեր խօսքերուն ու գործերուն մէջ եւ աւելին՝ այդ նոյն խորհուրդին առաջնորդեցիք սերունդներ: Այսօր ժամանակներու եւ նոր պայմաններու մէջ անսահման կարօտն ունիմ Սուրբ Էջմիածնի:

Սա ի՛նչ անբացատրելի ապրում մըն է: Հոգիս կը պտըտի Մայրավանքին մէջ: Կը լսեմ Մայր Տաճարի զանգերուն ղօղանջը, առաւօտեան ու երեկոյեան շարականներու երգեցեղութիւնը, իրենց յամառ ու հաստատ քայլերով աղօթքի փութացող տարեց մայրիկներու թախանձագին աղօթքը: Բայց աւելին, կը տեսնեմ լոյսին հեղեղումը Իջման Խորանին, այդ մէկը անյագօրէն կ՚ըմբոշխնեն մեր ժողովուրդի զաւակները, յաւիտենական լոյսով սնուցանելու համար իրենց հոգին: Իմ տկար էութիւնը ծարաւ է այդ նոյն լոյսին: Կ՚ուզեմ անյագօրէն խմել այդ նոր լոյսէն՝ զօրացնելու համար հոգիս, պահելու ու նոր ուժականութեամբ շարունակելու իմ առաքելութիւնը՝ քարոզելու համար Աստուծոյ խօսքը եւ տարածելու հայրենիքի շունչը:

Սուրբ Էջմիածինը դարձաւ աւազանը հոգիիս մկրտութեան: Այս սրբազան ուխտատեղին, ուր Քրիստոս այցի եկաւ մեր նախնեաց, հայոց սրտերը միացնող, մէկ զարկի վերածող հոգեւոր ու անժամանցելի մագնիսն է: Ո՛վ հայորդի, քու սրտի զարկը իր սկիզբը կ՚առնէ Սուրբ Էջմիածնէն: Հերթը քուկդ է հիմա: Ձայն տուր մօրդ կանչին, զի հոգիդ տուն դարձի կարօտ ունի:

ԱՌԱՋԻՆ ՊԱՏԱՐԱԳՍ

Կիրակի, 10 յուլիս 1980 թուականին մատուցեցի քահանայական առաջին Սուրբ Պատարագս: Վարդավառի տօնի օրն էր: Մայր Տաճարի Սուրբ Սեղանին վրայ մատուցած Սուրբ Պատարագը կարծես նոր մկրտութեամբ մը կը պարուրէր հոգիս: Քարոզիս որպէս բնաբան ընտրած էի Պետրոս առաքեալի սրտայոյզ բառերը. «Տէր, բարւօք է մեզ աստ լինել»:

Երեսուն տարիներ շարունակ այս բառերը արձագանգեցին իմ էութեան մէջ ու դարձան իմ կեանքը Աստուծոյ հետ շղթայող կապը, հոգիիս մէջ սնունդ ներառնող աղօթքը, բայց մանաւանդ՝ խաւարին մէջ մերթ ընդ մերթ խարխաբող մտածումներս ահազանգող ձայնը:

Սուրբ Պատարագ մատուցի հաւատքի ամբողջ զօրութեամբ, համարձակ ու խոնարհ հպարտութեամբ: Եթէ ըսեմ, որ գիտէի գալիք փորձութիւններու մասին, անտարակոյս սխալած կ՚ըլլամ: Բայց յստակօրէն կրնամ ըսել, որ հոգեւոր ճանապարհորդութիւնս որպէս քահանայ ու սպասաւոր Եկեղեցւոյ, որուն ուժ տուի մշտապէս աղօթքով ու հարիւրներով մատուցած պատարագներս դարձան դէպի Աստուած տանող նոր աստիճանները իմ հոգեւոր կեանքին: Պատարագներս դարձան ամփոփուած ծառայութիւններս, որոնց մէջ գործող ու ապրող մարդկանց հոգիներուն մէջ յաճախ փորձեցի գտնել զԱստուած եւ երբեմն ինքնստինքեան Աստուծոյ խօսքն ու շունչը անոնց հոգիներէն թռիչք առնելով այլակերպեցին հոգիս ու էութիւնս:

Կիրակի, 10 յուլիս 1980… կարծես դեռ երէկ էր, երբ մատուցեցի առաջին պատարագս:

24 մայիս 2010

ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԸ՝ ԵՐԵՔ ՀՐԱՇԱԼԻ ՏԱՐԻՆԵՐ

Համալսարանը դարձաւ նոր ծննդավայրը իմ կեանքի: Հեռու մայր հայրենիքէն ու Սուրբ Էջմիածնէն՝ հոգիս միշտ կարօտով մնաց: Տարիները, սակայն, իմ մէջ մշակեցին նոր մարդը, հոգիս վահանեցին հաւատքի նոր զօրութեամբ, մտքիս տալով նոր թռիչքներ, որպէսզի գալիքը դարձնէի սիրոյ ու ծառայութեան մատակարարումով հարուստ կեանք մը: Միշտ չէ, որ պատեհութիւն ունեցած եմ անդրադառնալու Օքսֆորտի տարիներուն, բայց ճշմարտութիւնը այն է, որ այնտեղ թրծուեցաւ հոգեւոր միտքս եւ ողջ էութիւնս դէպի կեանք վերադառնալու եւ անկոտրում հաւատքով ու գիտելիքներս բաշխելու եռանդով:

Այսօր, տակաւին միայն սկիզբն է կարծես հեռաւոր ճանապարհորդութեան, որուն տեսիլքը հաստատեցի շրջանաւարտութեանս օրը: Կամօքն Աստուծոյ, պիտի շարունակեմ ճանապարհորդութիւնս մինչեւ այն պահը, երբ զգամ սպառումը կեանքիս:

15 դեկտեմբեր 2011

ՊՈԼՍԵՑԻ ՄԵԾ ՄԱՅՐԻԿՍ

Յուշերուս մէջ խեղդուած, բայց բուռն ձեւով դեռ կը սիրեմ պոլսեցի մեծ մայրիկս, որուն գուրգուրացող ձեռքերուն մէջ ունեցայ եկեղեցին սիրելու վայելքը: Սուրբ Պատարագներու աւարտին երկիւղածութեամբ ու թաշկինակիս մէջ մաքուր սեղմած, իր մէջ խորհուրդ ամփոփած, մասը կը փութայի հասցնել մեծ մայրիկիս, որուն համբոյրը յափշտակութեամբ ստանալէ յետոյ տակաւին կ՚ըմբոշխնէի այն պահը, երբ ան սուրբ մասը կը տանէր իր շրթներուն՝ որպէս օրուայ աղօթքը: Այս արարողութեամբ ալ կը նուիրականանար կիրակին: Հայ ընտանիքին յատուկ այս աւանդութիւնը մանուկի մը հոգիին անկողոպտելի սնունդն է: Սա պահուն, երբ կը վերապրիմ անցեալի գողտրիկ այս յուշը, իմ առջեւ յաղթահասակ կը կանգնի մեծ մայրիկս, որուն ձեռքերը կ՚ուզեմ ամուր սեղմել ու զգալ անոր սրտին զարկը:

Մեծերը մեր կեանքին օրհնութիւնն են եղած:

Անոնց հոգեւոր ներկայութիւնը կը ներշնչէ բոլորս:

Այսօր, երբ շուրջս կը նայիմ, երբ տեսնեմ մեծերու աղօթանուէր ներկայութիւնը յատկապէս եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ, այն ժամանակ իմ մէջ կը զգամ պոռթկումը մանկանալու եւ զգալու մեծ մայրիկիս աջին զօրութիւնը:

Տարիներու թաւալումէն յետոյ հոգիս դեռ բուռն կարօտով կը յիշէ քեզի սիրելի մեծ մայրիկ: Այդ օրերուն «նենէ» ըսելով կը գտնէի Աստուծոյ զօրութիւնը:

Ինչքան թարմ է դեռ յիշողութեանս մէջ քեզի հետ իմ փոքրիկ ուխտագնացութիւնը դէպի եկեղեցի: Քեզի հետ իմ մոմավառութիւնը, քու աղօթքներէն ինձ հասած մրմունջները, որոնք խմորեցին իմ հոգեւոր ներաշխարհը ու լուսաւորեցին գիտակցական կեանքին մէջ հոգեւորական դառնալու սէրս ու կոչումս: Քու յիշատակիդ առջեւ թող խունկ դառնան յուշերս, որոնց վերյիշեցումովը այս երեկոյ իմ մէջ կը նորոգեն մանկութեանս տարիները, բայց աւելիով՝ կը զօրացնեն մեր մէջ Աստուծոյ ծառայելու կոչումն ու նուիրումը:

25 ապրիլ 2006

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Արևելք Լրատուական

Share